Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջի ըն­թաց­քին, յու­նա­հայ գա­ղու­թին վրայ կի­զա­կէ­տող լու­սար­ձակ­նե­րը՝ ուժ­գին ճա­ռա­գայ­թու­մով մը, բա­ւա­կան լոյս սփռե­ցին եր­կու կա­րե­ւոր ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­մա­ժո­ղով­նե­րու վրայ։
­Բա­ցա­ռիկ զու­գա­դի­պու­թեամբ՝ մեր ազ­գա­յին օ­ճախ­նե­րէն ներս հիւ­րըն­կա­լե­ցինք ­Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն, ­Ջա­ւախ­քէն եւ Եւ­րո­պա­յի ու աշ­խար­հի զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րէն մօտ 130 ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք մէկ­տե­ղո­ւած էին Ա­թէն­քի մէջ, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին, ինչ­պէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ե­րի­տա­սար­դա­կան Ա. հա­մա­ժո­վին։
Ե­րի­տա­սար­դա­կան թարմ հով մը փչեց մեր շուրջ։
­Տե­սանք դաշ­նակ­ցա­կան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թիւն մը, որ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ հա­սակ կը նե­տէ իր ապ­րած եր­կիր­նե­րու ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րի ազ­դե­ցու­թեան տակ ու այ­լա­զան բար­քե­րու եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րու են­թա­կայ կ­՚ըլ­լայ, այ­սու­հան­դերձ՝ ան մեզ բո­լորս ապ­շե­ցուց իր ա­մուր հայ­կա­կա­նու­թեան ու ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան խոր հա­մո­զում­նե­րով։ Ա­կումբ­նե­րուն եւ սրահ­նե­րուն մէջ սա­հուն կեր­պով հնչեց մեր մայ­րե­նի լե­զուն, որ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու շրթնե­րէն դայ­լայ­լող խան­դա­վառ երգ դար­ձաւ, ձօ­ներգ ու գո­վեր­գու­թիւն՝ առ ո­գին հայ­կա­կան։
­Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցա­խը եւ բո­վան­դակ հա­յու­թիւ­նը կազ­մե­ցին եր­կու հա­մախմ­բում­նե­րու ա­ռանց­քը հան­դի­սա­ցող օ­րա­կար­գե­րու եւ զբա­ղում­նե­րու ըն­դար­ձակ ու հա­մա­պար­փակ պատ­կե­րը։ ­Կա­րի­քը չկայ կրկնե­լու օ­րա­կար­գե­րու եւ շօ­շա­փո­ւած նիւ­թե­րու տա­րո­ղու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ երբ մեր օ­րա­թեր­թը, ժո­ղով­նե­րէն ա­ռաջ եւ վերջ, լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ ա­նոնց, ո­րոնք նպա­տակ ու­նէին զօ­րաց­նե­լու մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խո­րա­ցու­մը ­Հայ ­Դա­տի քա­րոզ­չա­կան ո­լորտ­նե­րուն մէջ, որ­պէս­զի ա­նոնք ընբռ­նեն ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան մի­ջոց­նե­րու կի­րարկ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­մէ­ջէն։
Ա­ռա­ւել, քննար­կում­ներն ու խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, գործ­նա­կան խմբա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը ու ա­նոնց եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը կը մի­տէին ե­րի­տա­սար­դա­կան ար­դի ըմբռ­նում­նե­րով մատ­նա­նիշ ը­նե­լու նոր սե­րուն­դի մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու սպա­սում­նե­րը՝ հա­յա­կեր­տու­մի դժո­ւար ճամ­բուն վրայ։
Եր­կու հա­մա­ժո­ղով­ներն ալ լայն ու­ղի մը փոր­ձե­ցին բա­նալ նոր սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ ղե­կա­վար դիր­քե­րու մէջ ե­րե­ւան գա­լու եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­ներ ստանձ­նե­լու հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ՝ շեշ­տե­լով, որ կը սպա­սո­ւի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը տես­նել մեր կա­ռու­ցա­յին, միու­թե­նա­կան եւ ազ­գա­յին մի­ջա­վայր­նե­րէն ներս։
Այ­սօր ար­դէն մա­րած են այս եր­կու խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րուն, ա­պա եւ ո­գե­ւո­րիչ խրախ­ճանք­նե­րուն ու հա­ւաք­նե­րուն վրայ ար­ձա­կո­ւած լոյ­սե­րը։
Մ­նաց սա­կայն այդ հա­մախմ­բում­նե­րու զօ­րա­ւոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ թէ՛ մեր գա­ղու­թէն մաս­նակ­ցող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, այլ նաեւ մեր հա­րիւ­րա­ւոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն վրայ, ո­րոնք բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ միա­սին վե­րա­նո­րո­գե­ցին ի­րենց հայ­կա­կա­նու­թեան ո­գին, ան­նա­խըն­թաց հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան խրախ­ճան­քի մթնո­լոր­տին ազ­դե­ցու­թեան տակ։
­Հի­մա ժա­մը հա­սաւ գոր­ծի լծո­ւե­լու։ Ս­պա­սու­մի ժա­մա­նակ չկայ։
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեանց եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի միա­ւոր­նե­րը պար­տին այս հա­մա­ժո­ղով­նե­րու առ­թած ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը ժամ ա­ռաջ փո­խան­ցե­լու ի­րենց սերն­դա­կից­նե­րուն, ի­րենց ըն­կեր­նե­րուն ու եղ­բայր­նե­րուն եւ մեր խոս­տում­նա­լից նոր սե­րուն­դի հա­յոր­դի­նե­րուն։
­Մեր կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կող­քին, կա­ռու­ցա­յին եւ միու­թե­նա­կան գոր­ծօն­նե­րը պէտք է մղիչ ու­ժը դառ­նան նոր սե­րուն­դին մօտ, որ­պէս­զի հա­մա­ժո­ղով­նե­րէն քա­ղած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ա­նոնք տա­րա­ծեն ու սփռեն ի­րենց մի­ջա­վայ­րին մէջ։
­Սա­կայն, ա­մէն բա­նէ վեր, պէտք է հե­տա­մուտ ըլ­լանք, որ­պէս­զի հայ­կա­կա­նու­թեան ո­գին, որ հա­մա­կեց մաս­նակ­ցող ե­րի­տա­սարդ­նե­րը այս ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին, դառ­նայ զօ­րա­ւոր հո­սանք մը, որ նոր շունչ եւ ո­գե­ւո­րու­թիւն պի­տի փո­խան­ցէ մնա­ցեալ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն վրայ։
­Հա­ւա­նա­բար ո­մանք պի­տի մտա­ծեն, թէ այս բո­լո­րը գե­ղե­ցիկ բաղ­ձանք­ներ եւ շռայլ մաղ­թանք­ներ են։ ­Կը կար­ծէք, թէ այդ­պէս է՞։ Ես, դի­տողս՝ տար­բեր կար­ծիք ու­նիմ։
Ես տար­բեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւն մը տե­սայ այս օ­րե­րու ըն­թաց­քին։ ­Տե­սայ գի­տա­կից, հա­մար­ձակ եւ ինք­նավս­տահ տղա­ներ եւ աղ­ջիկ­ներ, տե­սայ հա­յու­թեամբ եւ ­Հա­յաս­տա­նով ո­գե­ւո­րո­ւած հա­յոր­դի­ներ, տե­սայ մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գան, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու աչ­քե­րուն մէջ տե­սայ գա­ղու­թի կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րող ու­ժը։
Երբ խո­շոր լու­սար­ձակ­նե­րը կը մա­րին, այն ա­տեն պէտք է վա­ռին լոյ­սե­րը մեր ա­կումբ­նե­րուն, ո­րոնց մէջ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մե­ղո­ւա­փե­թա­կի մը նման՝ ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը ապ­րում պի­տի դարձ­նեն նախ ի­րենց մէջ, ա­պա ի­րենց շուրջ գտնո­ւող հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ։
Ե­կէ՛ք, ա­մէն կեր­պով զօ­րա­վիգ կանգ­նինք մեր աչ­քին լոյ­սը ե­ղող ե­րի­տա­սար­դու­թեան։
ԴԻՏՈՂ