ՄԱՆՆԻԿ ՊԷՕՐԷՔՃԵԱՆ-ԱՇՐԵԱՆ

Ա­յո՛, ինք մեր հետ էր, երբ Ա­րե­ւե­լեան Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ մեր փոք­րա­փիւ հա­մայնք­նե­րը 1995ին, Գա­վա­լա­յի մէջ կը նշէին Մեծ Ե­ղեռ­նի 80ա­մեա­կը։
Պատ­մա­կան օր, ազ­գա­յին հպար­տու­թեան իւ­րա­յա­տուկ պա­հեր, երբ ապ­րի­լեան յու­շա­տօ­նի եւ Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյ­թին, հել­լէն նա­խա­րար­նե­րու կող­քին ներ­կայ կը գտնո­ւէր վե­րան­կա­խա­ցեալ մեր հայ­րե­նի­քին Յու­նաս­տա­նի մօտ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր ա­ռա­ջին դես­պա­նը։
Խոր կսկի­ծով տե­ղե­կա­ցանք իր վա­ղա­ժամ մա­հո­ւան գոյ­ժը։
Գա­վա­լա­հա­յու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ան­տա­րա­կոյս՝ շրջա­նի հա­յու­թիւ­նը, եր­բեք պի­տի չմոռ­նայ իր պաշ­տօ­նին հա­մար­ժէք դի­ւա­նա­գի­տա­կան մա­կար­դա­կը, իր վե­հանձ­նու­թիւ­նը, բայց եւ իր բա­ցա­ռիկ համ­եստութիւ­նը, որ ա­ռա­ւել եւս իր ար­ժանիք­նե­րը կը բարձ­րաց­նէր։
Անձ­նա­պէս, բախ­տա­ւոր կը զգամ զինք ճանչ­նա­լու ա­ռի­թը ու­նե­ցած ըլ­լա­լով ու նաեւ թան­կա­գին յի­շա­տակ մը ու­նե­նա­լով իր­մէ, շնոր­հիւ մեր ըն­տա­նի­քին նո­ւի­րած «Ե­րիտ­թուր­քե­րը պատ­մու­թեան դա­տաս­տա­նի ա­ռաջ», իր ար­ժա­նա­ւոր հօր Ճոն Կի­րա­կո­սեա­նի գիր­քին։
Յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիստ իր ազ­նիւ հոգ­ւոյն, խո­րին վշտակ­ցու­թիւն­ներ իր հա­րա­զատ­նե­րուն։
Յի­շա­տա­կը ան­թա­ռա­մ։