ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ — «Ա­կօս»

Պա­տա­հար­նե­րը, դէպ­քե­րը մտա­ծել կու տան, թէ հա­սած ենք աշ­խար­հի կոր­ծան­ման փու­լին։ Ե­թէ այս տո­ղե­րու կար­դա­ցո­ւած պա­հուն տա­կա­ւին չէ կոր­ծա­նած, հաս­տատ ը­սեմ, որ վա­ղը կամ գո­նէ քա­նի մը վա­ղը յե­տոյ կը հաս­նինք այդ չար պա­հուն։
­Կամ՝ ո՞վ գի­տէ դե­ռեւս հա­սած ենք, բայց տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կենք քու­նի մէջ մնալ։
Թ­րամփ նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լէ ետք իր անդ­րա­նիկ օ­տա­րեր­կեայ այ­ցը կա­տա­րեց դէպի ­Սաու­տի Ա­րա­բիա։ ­Հե­ռուս­տա­պաս­տառ­նե­րու վրայ կամ թեր­թե­րու է­ջե­րուն, օ­րեր անց, տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կո­ւին այդ այ­ցե­լու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րու մա­սին վեր­լու­ծա­բան­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը։
­Պի­տի յի­շենք, որ այդ այ­ցե­լու­թեան մի­ջո­ցին Ա.Մ.Ն. նա­խա­գա­հը 360 մի­լիառ Ա.Մ.Ն. տո­լա­րի ար­ժէ­քով հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կնքեց։ Այդ գու­մա­րի ա­ւե­լի քան 110 մի­լիա­ռը կը վի­ճա­կի զէն­քի ա­ռեւ­տու­րի։ ­Սոյն հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը մին­չեւ օրս եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ կնքո­ւած մե­ծա­գոյն ա­ռեւտ­րա­կան դա­շինքն է եւ ափ­սոս, որ պէտք է մեծ մտա­վա­խու­թիւն պատ­ճա­ռէ հա­մայն աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան հա­մար։
Ա­ռանց վա­րա­նու­մի կա­րե­լի է ը­սել, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ եւ ­Սաու­տի Ա­րա­բիա հա­մաշ­խար­հա­յին խա­ղա­ղու­թեան սպառ­նա­ցող եր­կու եր­կիր­ներ են, ո­րոնց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թե­նէն միայն չա­րիք կա­րե­լի է ակն­կա­լել։
­Դէպ­քե­րը այն­պի­սի ա­րա­գու­թեամբ ի­րա­րու յա­ջոր­դած են, որ հե­տե­ւիլ եւ ի­մաս­տա­ւո­րե­լը բնաւ դիւ­րին չէ, նոյ­նիսկ տա­րա­ծաշր­ջա­նի խնդիր­նե­րուն քա­ջա­բար ծա­նօթ մաս­նա­գէտ­նե­րու հա­մար։
Եւ ե­թէ փոր­ձենք պա­տա­հած­նե­րու մէջ յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւն տես­նել, դար­ձեալ պի­տի զար­մա­նանք՝ ի տես Ա­րա­բա­կան ­Ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն կող­մէ ­Քա­թա­րի դէմ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու գոր­ծադ­րած մե­կու­սաց­ման ռազ­մա­վա­րու­թեան։
­Քա­թար եւ ­Սաու­տի Ա­րա­բիա մին­չեւ կարճ ժա­մա­նակ ա­ռաջ կը մե­ղադ­րո­ւէին միաս­նա­բար ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին մէջ ՏԱՀԵ­Շի գոր­ծօ­նը շա­հա­գոր­ծե­լու մե­ղադ­րան­քով։
­Հա­մա­տա­րած ըն­կա­լու­մի հա­մա­ձայն՝ ­Սաու­տի Ա­րա­բիա եւ ­Քա­թար ի­րենց քսա­կը լայն բա­ցած էին ոճ­րա­գործ­նե­րու այդ հրո­սա­խում­բին դէմ եւ ի­րենց օգ­նու­թիւնն ալ տեղ կը հաս­նէր սահ­մա­նա­մերձ եր­կիր ­Թուր­քիոյ մի­ջո­ցաւ։ Ու­րեմն ի՞նչ պա­տա­հե­ցաւ, որ յան­կար­ծա­կիօ­րէն այդ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը օ­դին մէջ ցնդե­ցաւ եւ հի­մա կը խօ­սինք ­Քա­թա­րը մե­կու­սաց­նե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեան մը մա­սին։
Ըստ ե­րե­ւոյ­թին՝ սա­տա­նան տար­բեր լա­րե­րու վրայ խա­ղա­լու ան­հա­ւա­տա­լի յատ­կու­թիւ­նը ու­նի եւ մենք միա­միտ­ներս ենք, որ ափ ի բե­րան կը հե­տե­ւինք բե­մադ­րո­ւած խայ­տա­ռա­կու­թեան։
­Բայց տա­կա­ւին մեզ զար­մաց­նե­լու ա­տակ բազ­մա­թիւ ե­րե­ւոյթ­ներ կան։
Ե­կէք այս ան­գամ ալ յի­շենք այդ նոյն Թ­րամ­փի երկ­րա­գուն­դի ջեր­մաս­տի­ճա­նի բարձ­րաց­ման դէմ ­Փա­րի­զի մէջ կնքո­ւած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն հրա­ժար­ման խնդրին։
­Գաղտ­նիք չէ, որ աշ­խար­հի ջեր­մաս­տի­ճա­նի բարձ­րաց­ման մէջ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րը կը հա­մա­րո­ւին զար­գա­ցած ճար­տա­րա­րո­ւես­տի տէր եր­կիր­նե­րը։ Ա­նոնց մէջ ­Չի­նաս­տան եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը ինք­նին պա­տաս­խա­նա­տու են աշ­խար­հի ա­պա­կա­նաց­ման պատ­ճառ դար­ձող գոր­ծօն­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան։
Այս նոր ճշմար­տու­թեան դի­մաց՝ Թ­րամփ կա­տա­րո­ւա­ծը կը բա­ցատ­րէր «­Փա­րի­զեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ա­մե­րի­կեան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու օգ­տին չէ» ա­մօ­թա­լի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ։
Ե­թէ աշ­խարհ պի­տի կոր­ծա­նի՝ նախ եւ ա­ռաջ ա­մօ­թի զգա­ցու­մի վեր­նա­լով պի­տի կոր­ծա­նի։
Այս­քան սխա­լը մին­չեւ ո՞ւր կրնայ տա­նիլ մարդ­կու­թիւն կո­չո­ւած կեն­դա­նի­նե­րու աշ­խար­հաս­փիւռ տե­սա­կը։