Այս շա­բա­թա­վեր­ջին յու­նա­հայ գա­ղու­թը մեծ ե­ռու­զեռ մը պի­տի ապ­րի։
Եր­կու տար­բեր պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղով­ներ պի­տի հա­մախմ­բեն հա­մայն­քի մէջ գոր­ծող ազ­գա­յին կրօ­նա­կան, ինչ­պէս նաեւ ե­րի­տա­սար­դա­կան ու­ժե­րը, ո­րոնք նոր տա­րեշր­ջան­նե­րու եւ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­նո­րոգ­ման մեկ­նար­կի սե­մին կը գտնո­ւին։
Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ, եր­կու օ­րե­րու տե­ւո­ղու­թեամբ, իր աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի կատարէ Յու­նա­հա­յոց Թե­մա­կան երեսփոխանական ժո­ղո­վը, նա­խա­գա­հու­թեամբ Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Գե­ղամ արք. Խա­չե­րեա­նի։ Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան թե­մա­կան բո­լոր շրջան­նե­րէն ե­կած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան մար­մին­նե­րը ներ­կա­յաց­նող ան­դամ­ներ պի­տի հա­մախմբուին՝ եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քա­յին լայն խորհրդակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նա­լու հա­մար, մեր գա­ղու­թը յու­զող հրա­տապ հար­ցե­րուն շուրջ:
Անց­նող տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան քննար­կում­նե­րէն եւ գնա­հա­տում­նե­րէն ան­դին, Թե­մի հո­գե­ւոր, վար­չա­կան, կրթա­կան, եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յա­պահ­պան­ման մար­զե­րէն ներս, ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու շեշ­տո­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու եւ ա­նոնց ճիշդ ու եր­կա­րա­տեւ մա­տա­կա­րա­րու­մը ա­պա­հո­վե­լու գրա­ւա­կանն է, որ օ­րա­կար­գի գլխա­ւոր եւ հրա­տապ նիւ­թը պի­տի հան­դի­սա­նայ:
Հոս պէտք է ընդգ­ծել ի­րա­պաշտ եւ ման­րազ­նին քննար­կում­ներ կա­տա­րե­լու անհրա­ժեշ­տու­թիւ­նը, որ­պէս­զի պար­զուին բաց­թո­ղում­նե­րը, ար­ժե­ւո­րո­ւին յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ի­րա­կան մար­դու­ժի հա­մե­մա­տու­թեան եւ տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թեան վրայ կա­տա­րո­ւին ա­պա­գա­յի ծրագ­րում­նե­րը, ի շահ համայնքի ազգային կեանքի վերելքին:
Գա­ղու­թի ա­պա­գան կեն­սա­գոր­ծե­լու եւ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար հրա­մա­յա­կան կը շա­րու­նա­կէ մնալ կրթա­կան բնա­գա­ւա­ռի բա­րե­կարգ­ման հար­ցը։
Նոյն­քան կա­րե­ւոր է գա­ղու­թի հո­գե­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­ռա­ւել ծաղ­կեց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հա­յու­թեան ստո­ւար թի­ւի կազ­մա­կեր­պու­մը ամ­բողջ հա­յա­կեդ­րոն­նե­րու տա­րած­քին։ Ա­նոնց մէջ ըն­թա­ցող ազ­գա­յին, ըն­կե­րա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան կեան­քը ա­ւե­լի լաւ կազ­մա­կեր­պե­լու եւ կա­նո­նա­ւո­րե­լու, զայն ա­ւե­լի զար­գաց­նե­լու եւ գոր­ծօն հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը դառձ­նե­լու հան­գա­ման­քը յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան եւ նո­րա­ձեւ լու­ծում­նե­րու պէտք է ար­ժա­նա­նայ։
Ժա­մա­նա­կը հա­սած է այ­լեւս, որ­պէս­զի կեդ­րո­նա­կան եւ թա­ղա­յին մար­մին­ներն ու խոր­հուրդ­նե­րը ար­դի եւ կեդ­րո­նա­ցեալ հա­մա­կարգ­չա­յին դրու­թեամբ (μηχανογράφηση) կազ­մա­կեր­պեն ի­րենց տո­մար­ներն ու ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի՝ նախ կա­րե­լի ըլ­լայ ստեղ­ծել եւ հա­մա­կար­գո­ւած կեր­պով պա­հել յու­նա­հայ հա­մայն­քի ազ­գա­յին­նե­րու ըն­տա­նե­կան թուայնացած տո­մար­նե­րը եւ հա­մա­պա­տաս­խան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, ա­պա ա­նոնց ճամ­բով կազ­մա­կեր­պել հա­մայն­քա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ կրթա­կան ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։
Վեր­ջա­պէս, Թե­մա­կան ժո­ղո­վը յու­նա­հայ հա­մայն­քի ու­ղին հու­նա­ւո­րե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, պէտք է շեշ­տա­կիօ­րէն ճշդէ հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ գործելու ու ազ­գա­յին մար­մին­նե­րը լայն եւ գոր­ծու­նեայ մար­դու­ժով օժ­տե­լու եւ ա­նոնց ա­ռա­քե­լու­թեան տէր կանգ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։

* * *

Նոյն օ­րե­րուն, Ֆիք­սի «Ա. Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ պի­տի գու­մա­րո­ւի Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան 71րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը, Ա­թէն­քէն եւ հիւ­սի­սա­յին Յու­նաս­տա­նէն դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։
Յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս, Հ.Յ.Դ. գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­ւանդ­նե­րով տո­գո­րո­ւած տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը, կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը յատ­կա­նիշ­նե­րով, հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րու լիա­կա­տար պաշտ­պա­նի խան­դով ու կայ­ծով, տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին ճամ­բայ բա­ցած են սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ։
Ա­ռա­ւել, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րուն կող­քին, հա­յու ինք­նու­թիւ­նը շեշ­տա­ւո­րե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, ե­րի­տա­սարդ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն մէջ ա­ւանդ դար­ձաւ մայ­րե­նի լե­զո­ւի պահ­պա­նու­մը, հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ար­ժէք­նե­րու բարձ­րա­ցու­մը, հա­յօ­րէն ապ­րե­լու ձգտու­մը, ազ­գի յատ­կա­նիշ­նե­րով հա­սուն­նա­լու ո­րո­նու­մը։
Այս նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւած ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, Միու­թեան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը պար­տի վե­րար­ժե­ւո­րել յու­նա­հայ դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դի ու­ղին՝ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հո­ղի ան­դի­մադ­րե­լի ու­ժին հա­ղորդ դառ­նա­լու, Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման քա­ղա­քա­կան, ի­րա­ւա­կան եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան նոր ու­ղի­ներ ո­րո­նե­լու, ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը վե­րագտ­նե­լու ու զայն շեշ­տա­ւո­րե­լու, եւ վեր­ջա­պէս՝ քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ար­դի մտա­ծո­ղու­թիւն զար­գաց­նե­լու հա­մար։
Այս բո­լո­րին կող­քին, մեր կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պի­տի մտա­ծեն այն բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն ու ձե­ւե­րուն մա­սին, ո­րոնք ա­նոնց ա­ւե­լի մօտ պի­տի բե­րեն այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րու զան­գո­ւած­նե­րուն, որ մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կեն հե­ռու մնալ հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րէն եւ ա­նոր ազ­դե­ցու­թե­նէն։

* * *

Եր­կու ժո­ղով­նե­րը կա­ռու­ցա­յին ի­մաս­տով ի­րար­մէ ան­ջատ, տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ գոր­ծե­լու շրջա­գի­ծը ու­նե­նա­լով, ա­նոնք ի­րար շաղ­կա­պող, ի­րար ամ­բող­ջաց­նող գոր­ծու­նէու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րու խաչ­մե­րուկ­նե­րուն վրայ հան­դի­պե­լու եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու հա­յա­պահ­պան­ման կա­րե­ւոր օ­ղակ­նե­րը կը հան­դի­սա­նան։
Այս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռանց­քը կը շա­րու­նա­կէ մնալ հայ ե­րի­տա­սար­դը՝ մեր գա­ղու­թի յա­րա­տեւ­ման ե­րաշ­խի­քը, ո­րուն ամ­բող­ջա­կան կեր­պա­րը կը կազ­մա­ւո­րո­ւի մեր ազ­գա­յին, կրթա­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան յե­նա­րան­նե­րէն ներս։
Եր­կու ժո­ղով­ներն ալ պար­տին գուր­գու­րան­քով ծռիլ հայ նոր սե­րուն­դին վրա­յ։