­Հայ դա­տի ԱՄՆ յանձ­նա­խում­բը կոչ ը­րած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­դի­մա­նա­լու Իս­րա­յէ­լի կող­մէ ա­մե­րի­կեան ար­հես­տա­գի­տու­թեամբ ստեղ­ծո­ւած «Եր­կա­թէ գմբէթ» հա­կահր­թի­ռա­յին հա­մա­կար­գի վա­ճառ­քին Ատր­պէյ­ճա­նին:
Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դեն յանձ­նա­խում­բէն` ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը ­Փետ­րո­ւար 13-ին ԱԳ նա­խա­րա­րու­թեան ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րով բիւ­րոյ յղած է նա­մակ, ուր խնդրած է ԱՄՆ-էն պաշ­տօ­նա­պէս ընդ­դի­մա­նալ «Եր­կա­թէ գմբէթ»-ի վա­ճառ­քին, քա­նի որ ա­նի­կա կը «կը վտան­գէ» ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու շա­հե­րը` յա­ռա­ջաց­նե­լով տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հա­կա­մար­տու­թեան վտան­գի ա­ւե­լա­ցում, յե­տըն­թաց կ­՛ար­ձա­նագ­րէ խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ, որ ժա­մա­նա­կա­կից սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը իյ­նայ հա­կաա­մե­րի­կեան ու­ժե­րուն ձեռ­քը»: ­Տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ա­զա­տու­թեան օ­րէն­քին հա­մա­ձայն` յանձ­նա­խում­բը խնդրած է տրա­մադ­րել ո­րե­ւէ պաշ­տօ­նա­կան փաս­տա­թուղթ, որ կ­՛առն­չո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նին «Եր­կա­թէ գմբէթ»-ի վա­ճառ­քին:
«Իլ­համ Ա­լիե­ւի ձեռ­քե­րը «Եր­կա­թէ գմբէթ»-ը ա­ռա­ջին հա­րո­ւա­ծի զէնք է, ա­տի­կա պի­տի խրա­խու­սէ զինք դի­մե­լու բռնու­թեան: Այս վա­ճառ­քին հա­մար «կա­նաչ լոյս վա­ռե­լը» պի­տի վնա­սէ այն ա­մէ­նուն, ինչ ԱՄՆ-ն­ եւ ԵԱՀԿ մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րը ը­րած են խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման եւ զէն­քի տա­րա­ծու­մը կան­խե­լու ուղ­ղու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ պի­տի յա­ռա­ջաց­նէ վտանգ, որ ժա­մա­նա­կա­կից ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը պի­տի ա­պա­կա­յու­նաց­նէ ­Կով­կա­սը եւ հա­ւա­նա­կան է, որ յայտ­նո­ւի հա­կաա­մե­րի­կեան եր­կիր­նե­րու ձեռ­քին` ­Պե­լա­ռու­սիա­յէն մին­չեւ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Քո­րիա»,- նշած է ­Հայ դա­տի ԱՄՆ յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րամ ­Համ­բա­րեան: