ՄԵՂՈՒ
Շոգեկառքը ճամբայ պիտի ելլէր երեկոյեան ժամը երեքին…
Ժամացոյցին աչք մը նետելով, տեսաւ որ ժամը տակաւին երկու էր…
«Դեռ մէկ ժամ կայ առջեւնիս» մտածեց, ու ապրանքները տեղաւորելէն ետք, ուղղուեցաւ դէպի ճամբորդներուն կազդուրման կայանը…
Սրահը թեթեւօրէն լուսաւորուած էր ու կը լսուէր մեղմ երաժշտութիւն մը: Նարինջի հիւթ մը ապսպրեց ու ապա գնաց ու նստաւ վերջին ազատ փոքրիկ սեղանիկին շուրջ…
Շատ ժամ չանցած սրահ մտաւ երկայն մազերով, մօրուքաւոր երիտասարդ մը, որ ապսպրած խմիչքը առնելէն ետք, ի զուր փնտռեց ազատ սեղանիկ մը…
Գլխի թեթեւ շարժումով մը, երիտասարդին իր սեղանիկը հրաւիրեց…
Առաջին նայուածքով կը հասկցուէր, որ ան հասարակ հիփփի մըն էր…
Դէմ դիմաց նստած, ու առաջին շփոթ վայրկեանները անցնելէ ետք, խօսակցիլ սկսան…
— Ձեր անունը ի՞նչ է, հարցուց երիտասարդին…
— Հրանտ Բարունի, ըսաւ, բայց կարծես ամչնալով…
— Ուրեմն դուք հա՞յ էք…
— Այո, պատասխանեց անորոշ ու կմկմալով…
Որոշեց ազգութիւնը գաղտնի պահել ու շարունակեց երիտասարդին հետ յունարէն լեզուով խօսակցիլ…
— Կ’ամչնա՞ք ձեր հայ ըլլալուն, սակայն ինչո՞ւ, հարցուց…
— Ձեզի ըսեմ… շատ մը պատճառներով… նախ՝ որովհետեւ թէեւ ազատ հայրենիք մը ունիմ, սակայն դժբախտաբար ժողովուրդս դեռ անկախ չէ… ազգիս մեծամասնութիւնը ցրուած է աշխարհի չորս ծագերը… աշխարհահռչակ գիտնական մը կամ արուեստագէտ մը չունինք… նաեւ չունինք…
Չդիմացաւ ու կոշտութեամբ ընդմիջեց…
— Շատ կը սխալիք պարոն, հայերդ չափազանց մեծ ժողովուրդ էք, ունիք հսկայ պատմութիւն մը, ունեցած էք փառաւոր թագաւորութիւններ, ազատագրական անթիւ ճակատամարտեր, Մամիկոնեաններ, քաջ ֆէտայիներ, Միկոյեանի, Համբարձումեանի, Սարոյեանի, Մամուլեանի, Ազնաւուրի եւ ասոնց նման հանրածանօթ անթիւ գիւտարարներ, աստղագէտներ, գրագէտներ, արուեստագէտներ… ունիք ազատ հայրենիք մը, նոյնիսկ այդ ձեր չհաւնած հայրենիքը… ունիք տաղանդաւոր նոր սերունդ մը, ունիք…
Այս բոլոր խօսակցութեան ընթացքին, երիտասարդը իրեն կը դիտէր ապշահար ու շուարած…
Վայրկեանի մը ուժը գտաւ հարցնելու…
— Սակայն դուք ինչպէ՞ս գիտէք այս բոլորը… միթէ պատմագէ՞տ էք…
— Ո՛չ տղաս, ըսաւ մեղմօրէն ժպտելով եւ հայերէն խօսելով, պարզապէս ես ալ հայ եմ…
minsar55@gmail.com