Եսայի Բաբայի Ջանփոլատեան (1859-1918)

Եսայի Բաբայի Ջանփոլատեան (1859-1918). Ազ­գօ­գուտ բա­րե­րա­րը, յա­ջող գոր­ծա­րա­րը եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չը Ն.

0
3772

­Յու­լիս 30ին կը նշենք ծնուն­դը ազ­գօ­գուտ բա­րե­րա­րի, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի եւ մե­ծա­հա­րուստ գոր­ծա­րա­րի ոչ-հան­րա­յայտ, թե­րեւս նաեւ մոռ­ցո­ւած դէմ­քի մը՝ Ե­սա­յի ­Բա­բա­յի ­Ջան­փո­լա­տեա­նի։
­Հա­մա­ցան­ցի հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս ժլատ են 159 տա­րի ա­ռաջ՝ 30 ­Յու­լի­սի այս օ­րը ծնած ար­ժա­նա­ւոր այս հա­յուն մա­սին ի­րենց հա­ղոր­դած տե­ղե­կու­թեանց մէջ։ Այ­դու­հան­դերձ՝ Wikipediaի հայ­կա­կան խմբագ­րու­թեան ա­րեւմ­տա­հայ կայ­քէ­ջէն ար­տատ­պո­ւած հե­տա­գայ տե­ղե­կան­քը ինք­նին բա­ւա­րար է, որ­պէս­զի ըն­թեր­ցո­ղը սրտա­մօտ ըն­դու­նի Ե­սա­յի ­Ջան­փո­լա­տեա­նը եւ իր յի­շո­ղու­թեան մէջ ար­ժա­նի տե­ղը տայ ա­նոր։
Այդ ա­ռու­մով կը բա­ւէ ընդգ­ծել, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն սեւ ու դա­ժան՝ Ար­հա­ւիր­քի տա­րի­նե­րուն, 1915-1917 թո­ւա­կան­նե­րուն, Ե­սա­յի ­Ջան­փո­լա­տեան ղե­կա­վար մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ փրկո­ւած գաղ­թա­կան­նե­րու հա­ւաք­ման ու պատս­պար­ման փրկա­րար գոր­ծին մէջ։
Ա­հա՛ հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կան­քը.-
Ե­սա­յի ­Ջան­փո­լա­տեան ծնած է ­Շա­րուր-­Դա­րա­լա­գեազ գա­ւա­ռի ­Փար­չի (­Պոր­շա­րուր) գիւ­ղը։ ­Հայ­րը՝ ­Բա­բա­յը ե­ղած է շրջա­նի յա­ջո­ղակ գոր­ծա­րար­նե­րէն մէ­կը, որ 1870 թո­ւա­կա­նին կրցած է ձեռք բե­րել ­Դա­րա­լա­գեա­զի ա­ղի հան­քե­րը եւ թափ տալ լայն ծա­ւա­լով ու ընդգր­կուն ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։
Ե­սա­յի 1879ին ա­ւար­տած է ­Նա­խի­ջե­ւա­նի գա­ւա­ռա­յին ու­սում­նա­րա­նը եւ նոյն թո­ւա­կա­նէն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է Ե­րե­ւան։ 1897ին, ու­սու­մը ա­ւար­տե­լով, Ե­սա­յի ­Ջան­փո­լա­տեան լծո­ւած է ա­ռեւտ­րա­կան ու հան­քա­յին աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։ Ե­րե­ւա­նի մէջ ստա­ցած է ար­ժա­նա­ւոր վա­ճա­ռա­կա­նի իր ա­ռա­ջին կո­չու­մը։
­Պատ­մա­բան ­Թա­դե­ւոս ­Յա­կո­բեան իր «Ե­րե­ւա­նի պատ­մու­թիւ­նը» բազ­մա­հա­տոր գիր­քին մէջ կը նշէ.- «Ե­սա­յի ­Ջան­փո­լա­տեա­նի տա­րե­կան ե­կա­մու­տը կազ­մել է 12.000 ռուբ­լի, իսկ ե­կա­մու­տը ու­նե­ցուած­քի ար­ժէ­քին 20%ն­ էր։ Ե­սա­յի ­Ջան­փո­լա­տեան հիմ­նա­կա­նում ա­ռեւ­տուր է ա­րել ­Պարս­կաս­տա­նի հետ։ 1900 թո­ւին, երբ պար­սից ­Շա­հը ե­կել է Ե­րե­ւան, ­Շա­հի յա­տուկ հրա­մա­նագ­րով պար­գե­ւատ­րել է ­Ջան­փո­լա­տեա­նին «Ա­ռիւծ եւ Ա­րեւ» շքան­շա­նով՝ առևտ­րա­յին բարձ­րա­կարգ գոր­ծու­նէութ­յան հա­մար»։
Իբ­րեւ քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ՝ ­Ջան­փո­լա­տեան մե­ծա­պէս նպաս­տած է Ե­րե­ւա­նի զար­գա­ցու­մին։ ­Նոյն աշ­խա­տու­թեան մէջ ­Թա­դե­ւոս ­Յա­կո­բեան կը գրէ. «­Ձիա­քար­շի շի­նա­րա­րութ­եան հար­ցը օ­րա­կար­գի մէջ է դրւում 1890ա­կան թո­ւա­կան­նե­րին։ ­Քա­ղա­քա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը մի քա­նի թեր­թե­րում ազ­դա­րա­րում է այդ ձեռ­նարկ­ման մա­սին։ 1897 թ. ­Մա­յի­սի 29ին ­Ջան­փո­լա­տեա­նը դի­մում է ­Քա­ղա­քա­յին ­Վար­չութ­եա­նը՝ յայտ­նե­լով, որ պատ­րաստ է ստանձ­նե­լու Աս­տա­ֆեան փո­ղո­ցում ձիա­քարշ անց­կաց­նե­լու գոր­ծը։ Ըստ պայ­մա­նագ­րի՝ նա պար­տա­ւորւում էր ձիա­քար­շի 1-2 գիծ անց­կաց­նել՝ մօտ 4-6 մ. եր­կա­րու­թեամբ։ Այն պէտք է ձգո­ւէր Աս­տա­ֆեա­նից մին­չեւ ­Ման­թաշ։ ­Ջան­փո­լա­տեա­նի ա­ռա­ջար­կը չըն­դու­նո­ւեց, սա­կայն ձիա­կառքն անց­կա­ցո­ւեց»։
1903ին ­Ջան­փո­լա­տեան գնած է Ե­րե­ւա­նի ա­ռա­ջին պե­տա­կան գա­ւա­ռա­կան ու­սում­նա­րա­նի շէն­քը, իսկ 1906-1907ին Է. ­Տէր-Գ­րի­գո­րեա­նի ջան­քե­րով ա­նի­կա վե­րա­կա­ռու­ցո­ւած է՝ դառ­նա­լով թատ­րո­նի ու շար­ժան­կա­րի շէնք։ «Ի­լիւ­զիոն» շար­ժան­կա­րի թատ­րո­նը, որ ե­րե­ւան­ցի­նե­րուն ա­ւե­լի յայտ­նի էր ­Ջան­փո­լա­տեա­նի թատ­րոն ա­նու­նով, բա­ցո­ւե­ցաւ 1907ի ­Փետ­րո­ւար 20ին։ ­Հոն ե­լոյթ ու­նե­ցած է ­Կո­մի­տաս՝ իր «­Գու­սան» երգ­չա­խում­բով։ ­Հիւ­րա­խաղ­նե­րով հոն կու գա­յին բազ­մա­թիւ թա­տե­րա­կան խում­բեր ­Թիֆ­լի­սէն, ­Պա­քո­ւէն, ­Ռու­սաս­տա­նէն եւ Ուք­րաի­նա­յէն։ 1913ին, Ե­րե­ւա­ն մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, հոն բե­մադ­րո­ւե­ցաւ Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեա­նի «Ա­նոյշ» օ­փե­րան՝ ե­րա­ժիշ­տին մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Այս թատ­րո­նին մէջ խա­ղա­ցած են այն­պի­սի դե­րա­սան­ներ, ինչ­պի­սիք են ­Սի­րա­նոյշ, ­Յով­հան­նէս Ա­բէ­լեան, ­Ժաս­մէն, ­Մա­րի ­Զա­պէլ, ­Յով­հան­նէս ­Զա­րի­ֆեան, Ա­րամ Վ­րոյր եւ ու­րիշ­ներ։
Ե­սա­յի ­Ջան­փո­լա­տեան ու­նե­ցած է նաեւ բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն։ Ան կա­րե­ւոր նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն կա­տա­րած է հին ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման («­Սուրբ ­Խաչ» ե­կե­ղե­ցի), հո­վա­նա­ւո­րած է դպրոց­ներ եւ հիմ­նադ­րամ­ներ, թո­շակ յատ­կա­ցու­ցած է կա­րի­քա­ւոր ա­շա­կերտ­նե­րու, ա­ջակ­ցած է «­Նոր ­Մա­մուլ» պար­բե­րա­կա­նին եւ «Կ­ռան» գրա­­կան-հա­սա­րա­կա­կան ամ­սագ­րի հրա­տա­րա­կու­թեան։
­Ջան­փո­լա­տեան աշ­խոյժ ե­ղած է նաեւ քա­ղա­քա­կան կեան­քի մէջ։ 1915-1916 թո­ւա­կան­նե­րուն, ան ընտ­րո­ւած է ­Հա­մա­հայ­կա­կան Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մա­րի պատ­գա­մա­ւոր եւ ­Սեն ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ մաս­նակ­ցած է ­Հա­մա­գու­մա­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ ­Հա­մա­գու­մա­րի հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րէն էր գաղ­թա­կան հա­յե­րու հա­մար օգ­նու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լը, ո­րուն լիար­ժէք մաս­նակ­ցած է ­Ջան­փո­լա­տեան։ ­Վե­րա­դառ­նա­լով ­Հա­յաս­տան՝ ան Էջ­միած­նի մէջ հան­դի­պած է Ե­ղեռ­նէն փրկո­ւած­նե­րու հետ եւ, իր հնա­րա­ւո­րու­թեանց սահ­մա­նին մէջ, ա­նոնց հա­մար ա­պա­հո­ված է բնա­կա­րան եւ աշ­խա­տանք։ ­Գաղ­թա­կան­նե­րու մէկ մա­սին ալ բնա­կե­ցու­ցած է իր տու­նը։
Ե­սա­յի ­Ջան­փո­լա­տեան վախ­ճա­նած է 1918 թո­ւա­կա­նին՝ 59 տա­րե­կան հա­սա­կին, բծա­ւոր տի­ֆէ վա­րա­կո­ւած։
­Ջան­փո­լա­տեան­նե­րու տոհ­մը սե­րած է ­Սալ­մաստ գա­ւա­ռի ­Դիլ­ման գիւ­ղէն։ ­Տոհ­մի հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը՝ ­Յով­հան­նէս ­Մա­նու­կեան, ֆի­զի­քա­կան մեծ ու­ժի տէր մարդ ե­ղած է, ո­րուն գերբ­նա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով ժա­մա­նա­կին հիա­ցած է խա­նը եւ զայն նշա­նա­կած է զօ­րա­պետ։ ­Խա­նը յա­ճախ կը կրկնէ ե­ղեր, որ ­Յով­հան­նէս ­Մա­նու­կեա­նի «ջա­նը փո­լատ է» (հո­գին պող­պատ է)։ ­Հե­տա­գա­յին ­Յով­հան­նէս փո­խած է իր ազ­գա­նու­նը եւ դար­ձու­ցած ­Ջան­փո­լա­տեան։ ­Խա­նը բռնի կեր­պով ­Յով­հան­նէ­սի աղջ­կան տա­րած է իր հա­րէ­մը։ 1878 թո­ւա­կա­նին` ­Ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ, ­Յով­հան­նէ­սի ըն­տա­նի­քը տե­ղա­փո­խո­ւած է Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տան եւ հաս­տա­տո­ւած ­Դա­րա­լա­գեա­զի ­Սոյ­լան գիւ­ղը։ ­Յով­հան­նէ­սի որ­դին՝ ­Մա­նու­կը ­Դա­րա­լա­գեա­զի մէջ պա­տա­հա­բար յայտ­նա­բե­րած է հան­քեր, ո­րոնք եւ դար­ձած են ­Ջան­փո­լա­տեան­նե­րու հարս­տու­թեան սկիզ­բը։