Հ.Կ.Խաչի Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղը կը կազմակերպէ եռօրեայ պտոյտ դէպի Փիլիօ, Երեքշաբթի 6 Դեկտեմբերէն մինչեւ Հինգշաբթի 8 Դեկտեմբեր 2022-ին:
Պիտի գիշերենք Փորթարիա գիւղին մէջ ու պիտի այցելենք շրջակայքի գեղեցիկ գիւղերը, ինչպէս նաեւ զանազան հետաքրքրական վայրեր:
Փուլման ինքնաշարժ ճամբայ պիտի ելլէ Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբերին հետեւեալ ժամերուն.-
Ժամը 6:45-ին Այ. Քիրիաքի եկեղեցւոյ առջեւէն (Ամֆիթէաս պողոտայ), ժամը 7:00-ին Ինթերքոնթինենթալ պանդոկին առջեւէն, ժամը 7:20-ին Գոքինիոյ «Փերիվոլաքի»էն:
Արձանագրութիւններու համար դիմել հետեւեալ ընկերուհիներուն.- Մայտա Կիւրիւնլեան 6945699989 եւ Եղիս Պէքէրէճեան 6944571413:
Վարչութիւն