­Սեպ­տեմ­բե­րի 25ին՝ ­Նիւ Եոր­քի, Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 74րդ նս­տաշր­ջա­նի աշ­խա­տանք­նե­րու ծի­րէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­ռա­կողմ հան­դի­պում ­Հա­յաս­տա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ­Զօհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի, ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի եւ ­Նի­քոս Խ­րիս­տո­տու­լի­տի­սի մի­ջեւ:
­Նա­խա­րար­ները ընդգ­ծե­ցին, թէ այս ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մը ան­գամ մը եւս լաւ ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ քննար­կե­լու հա­մար օ­րա­կար­գա­յին հար­ցե­րու լայն շրջա­գի­ծը եւ նա­խան­շե­լու ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ գոր­ծըն­կե­րու­թեան հե­տա­գայ շրջա­գի­ծե­րը: ­Կող­մե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին փո­խա­դարձ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն՝ երկ­խօ­սու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ հաս­նե­լու հա­մար պատ­մա­կան ա­մուր կա­պե­րով միա­հիւ­սո­ւած ե­րեք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ընդ­հա­նուր նպա­տակ­նե­րու եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կեան­քի կոչ­ման: Այս են­թագ­ծին մէջ նա­խա­րար­նե­րը նա­խան­շե­ցին փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող շարք մը ո­լորտ­նե­րու մէջ փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նակ­ման ծրա­գի­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման գործ­նա­կան քայ­լե­րու ձեռ­նար­կու­մը:
­Նաեւ, կող­մե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին յա­ջորդ տա­րի Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խա­տե­սո­ւած ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս ձե­ւա­չա­փով գա­գա­թի ժո­ղո­վը եւ քննե­ցին ա­նոր նա­խա­պատ­րաստ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը։
Ե­րեք եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը քննար­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին օ­րա­կար­գի հրա­տապ հար­ցեր։
Անդ­րա­դառ­նա­լով Հ.Հ.-Ե.Մ. յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն՝ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի նա­խա­րար­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց եր­կիր­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նին՝ ամ­րապն­դե­լու հա­մար Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ ­Հա­մա­պար­փակ և­ ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի եւ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջա­նա­գի­ծէն ներս: Այս առն­չու­թեամբ նա­խա­րար Մ­նա­ցա­կա­նեան նշեց, թէ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար ա­ռաջ­նա­կարգ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Ե.Մ. եր­կիր­ներ մուտ­քի ար­տօ­նա­գիր­նե­րու ա­զա­տա­կա­նաց­ման շուրջ երկ­խօ­սու­թեան մեկ­նար­կը՝ որ­պէս կա­րե­ւոր մի­ջոց մար­դոց մի­ջեւ շփում­նե­րու եւ կա­պե­րու խթան­ման հա­մար: