Ինչպէս արդէն անցեալ Հինգշաբթի օրուան մեր թիւով յայտնած էինք, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի դիմումին ընդառաջելով, Աթէնքի քաղաքապետ Քոսթաս Պաքոյեանիս որոշած էր հայկական Եռագոյնով լուսազարդել Օմոնիայի կեդրոնական հրապարակի շատրուանը։ Ուրբաթ՝ 28 Մայիսի երեկոյեան, շատրուանի եւ ջրաւազանի լուսարձակները վառեցան Հայաստանի ազգային դրօշի գոյներով, գեղեցիկ ու տպաւորիչ տեսարան մը հրամցնելով անցորդներուն։ Մեծ թիւով հայրենակիցներ այցելեցին հրապարակը եւ ընկերային ցանցերուն մէջ հրապարակեցին յատկանշական նկարներ, որոնց մէջ կ՚երեւի շատրուանի գունագեղ լուսազարդումը։ Նշենք, որ Օմոնիայի հրապարակը Աթէնքի ամէնէն բանուկ մասերէն մէկն է։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Եռագոյնով լուսազարդուեցաւ Օմոնիայի կեդրոնական հրապարակը