Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Յունաստանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի նախաձեռնութեամբ, Նէոս Գոզմոսի «Ս. Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ Ս. Վարդանանց զօրավարաց եւ 1036 վկայից ազգային տօնին առթիւ։
Ս. պատարագը մատուցանեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց, Յունաստանի հայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան։ Ս. խորանին սպասարկեցին արժ. Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան, իսկ բուրվառակիրի պաշտօնը կատարեց պրն. Գէորգ Պօղոսեան: Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին արժ. Տ. Հրայր Աւ. քհնյ. Նիկոլեան եւ եկեղեցւոյս սարկաւագներն ու դպրաց դասը:
«Քորոնա» համաճարակին ստեղծած առողջապահական լուրջ կացութեան պատճառով եւ հետեւելով պետութեան ցուցմունքներուն, արարողութիւնը կատարուեցաւ դռնբաց, բայց սահմանուած թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Նոյն պահուն մեծ թիւով հաւատացեալներ միացան առցանց սփռումին եւ հաղորդուեցան օրուան խորհուրդով:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ, ակնարկելով աւետարանական հետեւեալ համարին՝ «Մի վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել։ Բայց դուք վախցէք մանաւանդ անկէ, որ կրնայ թէ մարմինը եւ թէ հոգին կորուստի մատնել դժոխքին մէջ (Մատթէոս 10:28): Անոր իմաստին պրիսմակէն կարելի է յստակօրէն տեսնել ու հասկնալ Վարդանանց հերոսամարտին ամբողջ խորհուրդն, որ սոսկ միօրեայ ճակատամարտ մը չեղաւ, այլեւ հայոց պատմութեան յետագայ բոլոր ժամանակներուն վրայ տարածուած պատգամ՝ համազգային կեցուածքի, նախանձախնդիր հաւատքի եւ քաջարի յանձնառութեան։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին ու Տրդատ Գ. թագաւորին ջանքերով հաստատուած քրիստոնէութիւնը, Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի հայերէն այբուբէնով ստացած էր այլեւս հայկական դրոշմ եւ կազմաւորած հայու յատուկ նկարագիր, որուն պաշտպանութեան եւ պահպանման հերոսամարտն էր Վարդանանց ճակատամարտը, որ յետագային կրկնուեցաւ տարբեր ժամանակներու ու տարբեր վայրերու մէջ՝ ամէն անգամ որ հայու հաւատքն ու ազգային ինքնութիւնը վտանգուած էր։
Վարդանանց հերոսամարտի այս խորհուրդով, որ բոլոր ժամանակներու համար կը մնայ այժմէական, սերունդներ դաստիարակուեցան ու պէտք է շարունակել զանոնք դաստիարակել, որպէս ազգային ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանման համար զինավարժութիւն։
2022 տարին Սփիւռքի տարի հռչակելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը, վերյիշեցում մըն է այսօր աշխահացրիւ հայութեան ներկայ սերունդին, ազգապահպանման գոյապայքարին համար մղուած բոլոր նոր աւարայրներուն։
Ս. պատարագի վերջաւորութեան երգուեցաւ Ս. Վարդանանց տօնի նուիրուած «Նորահրաշ» շարականը։
Ետքը, Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու քահանայ հայրերը, եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիներուն կողմէ:
ԹՂԹԱԿԻՑ