Յունաստանի մէջ գործող Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական Յարանուանութիւններու կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ՝ 24 Ապրիլ 2020ի առաւօտուն, Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական պատարագ, ապա կատարուեցաւ բարեխօսական կարգ՝ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած զոհերու յիշատակին։
Պատարագիչն էր Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենալով Տ. Հրայր, Տ. Պարէտ եւ Տ. Նարեկ քահանայ հայրերը։
Պատարագին ներկայ եղան եւ բարեխօսական կարգը Սրբազան հօր կողքին կատարեցին Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Յովսէփ ծ. Վ. Պէզազեան եւ Հայ աւետարանական համայնքի հովիւ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան։ Ամբողջ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ դռնփակ եւ սփռո ւեցաւ առցանց, նկատի ունենալով Պսակաձեւ ժահրին պատճառով կիրարկուած շրջագայութեան արգիլումները։ Այսպէս, մեծ թիւով հայրենակիցներ, համացանցի միջոցով մասնակից դարձան արարողութեան եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին յիշատակի յատուկ այս օրուան։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը մեզ փոխանցեցին կտակ, որպէսզի յաջորդ սերունդները պահանջատէր մնան իրենց Դատի արդար հատուցման համար։ Ան նաեւ նշեց, թէ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարի առաջին գիծին վրայ կը գտնուին Հայ դատի յանձնախումբերու նուիրեալները, որոնք զոհողութեամբ կը հետապնդեն հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները։ Հայ դատը իր արդար իրաւունքը պիտի ստանայ եթէ վերապրող սերունդները կայուն պահեն իրենց ազգային գիտակցութիւնը եւ պատկանելիութիւնը, յառաջ մղելով հետեւողական եւ շարունակական պայքար, ի խնդիր հայոց իրաւունքներու ձեռքբերման։
Արարողութեան աւարտին երգուեցան «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ Հայաստանի ոգերգը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Եպիսկոպոսական պատարագ եւ բարեխօսական կարգ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին