Այսու կը հաղորդենք Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2022-ին, Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի տօնախմբութիւնը։
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ
Յունաստանի թեմի բարեջան Առաջնորդ
Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան
Սկիզբ Ս. Պատարագի առաւօտեան ժամը 10:30-ին։
Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի Նոր Միւռոնով Ջրօհրհնէք,
ինչպէս նաեւ Մատաղօրհնէք։
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԳՈՄՈԹԻՆԻԻ