Տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2023-ին, Գավալայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10։30-ին։
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Յունաստանի
թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան։
Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի Մատաղօրհնէք։
Այս ուրախ առիթով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը հաղորդ դառնալու սրբազան արարողութեանց եւ լսելու Առաջնորդ Սրբազան հօր պատգամը։
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԳԱՎԱԼԱՅԻ