Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, այսու կը ծանուցանենք, թէ Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2022-ին, Տիտիմոթիքոյի «Ս. Գէորգ» եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ տօնախմբութիւն։
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Յունաստանի թեմի բարեջան Առաջնորդ
Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան
Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի Գոմոթինի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։
Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի Նոր միւռոնով Ջրօրհնէք,ինչպէս նաեւ Մատաղօրհնէք։
Այս ուրախ առիթով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը հաղորդ դառնալու սրբազան արարողութեանց եւ լսելու Առաջնորդ Սրբազան հօր պատգամը։
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ