Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ մատաղօրհնութիւն Ֆիքսի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան տօնին առիթով

0
66

Ի գի­տու­թիւն մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, կը հա­ղոր­դենք թէ, ­­Կի­րա­կի 14 ­­Յու­նո­ւար 2024-ին, ­­Նէոս ­­Գոզ­մո­սի(­­Ֆիքս) Ս. ­­Յովհ. ­­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Ե­պիս­կո­պո­սա­կան հան­դի­սա­ւոր ­­Սուրբ եւ Ան­մահ ­­Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ եւ ա­ւան­դա­կան ­­Մա­տա­ղօրհ­նու­թեամբ պի­տի տօ­նո­ւի նո­րա­շէն ե­կե­ղեց­ւոյս ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան եւ հիմ­նադ­րու­թեան 41-ա­մեա­կը։

­­Պի­տի պա­տա­րա­գէ եւ իր ­­Հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցէ,
­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց ­­թե­մի բա­րեխ­նամ Ա­ռաջ­նորդ
Գերշ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Ս­կիզբ Ս. ­­Պա­տա­րա­գի՝ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-ին:

­­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի ե­կե­ղեց­ւոյս դպ­րաց ­­դա­սին կող­մէ, դպ­րա­պե­տու­թեամբ՝ ­­բարշ. ­­Պետ­րոս սրկ. ­­Պար­սա­մեա­նի, եւ խնբա­վա­րու­թեամբ ու եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, ե­րա­ժիշտ՝ ­­բարշ. ­­Կա­րօ ­­կիսրկ. ­­Պար­տաք­ճեա­նի։
­­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հո­գե­հանգս­տեան յա­տուկ պաշ­տօն, ե­կե­ղեց­ւոյս հան­գու­ցեալ ­քա­հա­նա­նե­րու, սար­կա­ւագնե­րու, դ­պիր-դպ­րու­հի­նե­րու, ծա­ռա­յող­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու յի­շա­տա­կին։

Այս առ­թիւ, պի­տի խնդրենք մեր ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րէն, փո­խան մա­տա­ղի նո­ւի­րա­հա­ւա­քի աշ­խա­տան­քը դիւ­րաց­նե­լու հա­մար, կա­պի մէջ մտնել մե­զի հետ, ներ­քեւ յի­շո­ւած հե­ռա­ձայ­նի թի­ւե­րուն.-
*պրն. ­­Նա­զա­րէթ ­­Դա­ւի­թեան՝ 2109029443 եւ 6955043003
*տիկ. Ար­շա­լոյս ­­Նա­քու-Տր­դա­տեան՝ 2109416584 եւ 6942214251
* տիկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Գա­րա­մա­նեան՝ 2109320544 եւ 6932134121

ՀՈՎԻՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ