­Շա­բաթ՝ 6 ­Յու­նո­ւար 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան ժամը 10։30ին, «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ե­պիս­կո­պո­սա­կան հան­դի­սա­ւոր Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նե­րուն ա­ռի­թով։ ­Պա­տա­րա­գիչն էր ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Խա­չե­րեան։
Ս. ­Խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ­րայր Ա. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան ու ­Գար­լօ Սրկ. Ագ­սա­րէ­լեան եւ Ե­ղիա Սրկ. ­Հա­ցի­կեան։
Իսկ Ս. ­Պա­տա­րա­գի քա­ռա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ դպրա­պետ Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ ­Տի­րու­հի Ա­շը­րեան-Գ­րի­գո­րեա­նի։
­Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան մէջ ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ բժիշկ Ար­մէն ­Տէ­րեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան նա­խորդ ա­տե­նա­պետ պրն. Ա­րա ­Ման­կո­յեան, ինչ­պէս նաեւ թե­մի Ատ­տի­կէի շրջա­նի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը՝ ­Վահ­րիճ Վրդ, ­Ղա­րա­խա­նեան եւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան, ի­րենց կող­քին ու­նե­նա­լով յա­ջոր­դա­բար ­Գո­քի­նոյ «Ս. ­Յա­կոբ» եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Թա­ղա­կա­նու­թեանց եւ ­Տիկ­նանց ­Մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։
­Պա­տա­րա­գիչ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը օ­րո­ւան իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց շա­րա­կա­նա­գիր ­Մով­սէս ­Քեր­թո­ղա­հօր կող­մէ յօ­րի­նո­ւած «­Խոր­հուրդ մեծ եւ սքան­չե­լի, որ յայսմ ա­ւուր յայտ­նե­ցաւ…» շա­րա­կա­նի ե­րեք հա­մար­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը շա­րա­կան­նե­րու մա­սին հա­կիրճ բա­ցատ­րա­կան մը տո­ւաւ՝ ը­սե­լով, թէ ա­նոնք բա­նաս­տեղ­ծա­կան գե­ղա­հիւս ստե­ղծա­գոր­ծու­թիւն­ներ ըլ­լա­լէ ան­կախ՝ կը նկա­րագ­րեն ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի, Ա­ռա­քեալ­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս Սր­բոց կա­պո­ւած դէպ­քերն ու դրո­ւագ­նե­րը, եւ ա­ռա­ւել ու մա­նա­ւանդ՝ ա­նոնք նաե՛ւ կ­՚ար­տա­յայ­տեն ­Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան տե­սու­թեանց եւ հա­ւատ­քի հաս­տա­տում­նե­րը։
Քա­րո­զիչ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ի մի­ջի այ­լոց ը­սաւ, թէ՝ Աս­տու­ծոյ Որ­դիին սքան­չե­լա­խոր­հուրդ յայտ­նու­թիւ­նը ամ­բողջ աշ­խար­հին ա­ւե­տո­ւե­ցաւ աս­տո­ւա­ծա­ռաք հրեշ­տա­կին եւ հո­վիւ­նե­րու միա­բե­րան եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։ Եւ թէ՝ Աս­տու­ծոյ Որ­դին, որ­պէս նոր Ար­քայ, ­Բեթ­ղե­հէ­մի մէջ մե­զի հա­մար եւ ա­ռա­ւել մե­զի հետ ըլ­լա­լու հա­մար ծնաւ։ Եւ վեր­ջա­պէս, Ան՝ որ երկն­քի ու երկ­րի մէջ ան­բա­ւե­լի էր, այլ խօս­քով՝ ա­ւե­լի մեծ էր քան տիե­զեր­քը, խո­նար­հու­թեան գե­րա­գոյն օ­րի­նա­կով բա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ նոյ­նիսկ խան­ձա­րու­րի մը մէջ փաթ­թո­ւե­լով։ Եւ դեռ՝ մսու­րին մէջ ծնե­լով հան­դերձ, մի՛շտ իր աս­տո­ւա­ծու­թեան մէջ մնաց եւ չբաժ­նո­ւե­ցաւ եր­բեք ­Հայր Աս­տուծ­մէ։ Եզ­րա­փա­կե­լով՝ ­Պա­տա­րա­գիչ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, կոչ ը­րաւ հա­մայն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն՝ անդ­րա­դառ­նա­լո՛ւ այն հաս­տատ ի­րո­ղու­թեան, որ Աս­տու­ծոյ Որ­դին մար­դե­ղա­ցաւ ո՛չ միայն այդ օ­րե­րու մար­դոց հա­մար, այլ՝ Աս­տու­ծոյ Որ­դին ծնաւ բո­լո՜ր դա­րե­րու մար­դոց հա­մար, այլ խօս­քով՝ Ք­րիա­տոս Ար­քան ծնաւ՝ մեզ­մէ ա­մէն մէ­կուս հա­մար, որ­պէս­զի մեր մեղ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով կոր­սո­ւած աս­տուա­ծա­յին մեր պատ­կերն ու նմա­նու­թիւ­նը վե­րագտ­նե՛նք ու վե­րա­կանգ­նի՛նք Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան մէջ, ուր ո՛չ վախ եւ ո՛չ ալ՝ յու­սա­հա­տու­թիւն կրնան գո­յու­թիւն ու­նե­նալ։
Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ս. Մկր­տու­թիւ­նը խորհրդան­շող Ջ­րօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն կնքա­հայ­րու­թիւ­նը ստանձ­նեց դպիր Էմ­մա­նո­ւէլ ­Հա­ցի­կեան։ Ա­պա՝ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ջեր­մե­ռանդ ո­գիով եւ գնա­հա­տե­լի կար­գա­պա­հու­թեամբ օրհ­նո­ւած ջու­րէն առ­նե­լով հե­տե­ւե­ցան ­Պա­տա­րա­գիչ Սր­բա­զան ­Հօր՝ դէ­պի Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դահ­լի­ճը, ուր ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ կող­մէ մա­տու­ցո­ւած փոք­րիկ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ՝ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ գե­ղե­ցիկ ա­ռի­թը ու­նե­ցան Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­լու։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ.
ՁԵԶԻ, ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ.
ՕՐՀՆԵԱԼ ԵՆ ԾՆՈՒՆԴՆ ՈՒ ՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Հ.Ք.Ն.