­Յու­լիս 13ի այս օ­րը կը լրա­նայ մա­հո­ւան 15րդ ­տա­րե­լի­ցը աշ­խար­հահռ­չակ հայ ա­րո­ւես­տա­գէտ լու­սան­կա­րի­չի մը, որ կեանքն ու մար­դի­կը խո­րա­պէ՛ս դի­տե­լու, մա­նա­ւանդ՝ մեծ ու ան­զու­գա­կան ան­հա­տա­կա­նու­թեանց նկա­րագ­րին եւ յու­զաշ­խար­հին խո­րա­գոյն ճշմար­տու­թեան պա­հե­րը որ­սա­լու եւ այդ ա­մէ­նը, մե­քե­նա­կան իր ոսպ­նեա­կով, իբ­րեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նե­լու ար­տա­կարգ տա­ղան­դը ու­նէր։
­Լու­սան­կար­չա­կան ա­րո­ւես­տը այդ աս­տի­ճան կա­տա­րե­լու­թեան հաս­ցու­ցած մեծ տա­ղանդն է ­Յով­սէփ ­Քարշ, որ աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցաւ Եու­սուֆ ­Քարշ ա­նու­նով՝ կար­ծէք յու­շե­լու հա­մար բո­լո­րին, յատ­կա­պէս թուր­քե­րուն, թէ ինչ­պի­սի՛ հա­սուն, ոս­կեայ հաս­կեր եւ խոստմ­նա­լից՝ նո­րա­բող­բոջ ծի­լեր ոտ­նա­կո­խե­ցին, փճա­ցու­ցին ու խամ­րե­ցու­ցին ի­րենց ազ­գայ­նա­մո­լու­թեամբ, մա­նա­ւա՛նդ հա­կա­հայ մո­լուց­քով, ո­րուն ա­ղա­ղա­կող վկա­յու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցաւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Մեծ Ե­ղեռ­նը, 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։
14 տա­րե­կան պա­տա­նի էր ­Քարշ 1922ին, երբ քե­մա­լա­կան­նե­րու եւ ֆրան­սա­ցի­նե­րու մեղ­սակ­ցու­թեամբ, ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թիւ­նը երկ­րորդ ան­գամ ու վերջ­նա­կա­նա­պէս դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ իր հայ­րե­նի հո­ղե­րէն տե­ղա­հան ըլ­լա­լու դա­ժան ճա­կա­տագ­րին։ ­Հե­տա­գա­յին, անդ­րա­դառ­նա­լով այդ ա­ղէ­տին, իր յու­շե­րուն մէջ ­Քարշ գրեց.- «Ես տե­սայ, թէ ինչ­պէ՛ս կո­տո­րե­ցին հա­րա­զատ­ներս: ­Քոյրս սո­վա­մահ ե­ղաւ գիւ­ղէ գիւղ տա­րագ­րո­ւե­լով»:
­Բայց տա­ղան­դա­ւոր պա­տա­նին վե­րապ­րե­ցաւ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն, որ­պէս­զի ողջ աշ­խար­հին վկա­յէ հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­ճա­րին՝ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու մար­դա­սի­րա­կան հո­գեմ­տա­ւոր մեծ ժա­ռան­գու­թեան մա­սին։
Եւ Եու­սուֆ ­Քարշ ան­մա­հա­ցաւ իբ­րեւ լու­սան­կար­չա­կան ա­րո­ւես­տի դի­ման­կար­ներ կեր­տող մեծ վար­պե­տը։
Ք­սա­նե­րորդ դա­րը ի­րենց ան­ձով ու գոր­ծով շնչա­ւո­րած եւ յա­ւերժ խորհր­դան­շող մե­ծա­նուն ան­մահ­նե­րէն շա­տեր, սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ, կը պատ­կե­րա­նան յատ­կա­պէս ­Քար­շի լու­սան­կար­նե­րով։ Ա­նոնց նկա­րագ­րի տի­րա­կան գի­ծե­րը եւ էու­թեան խո­րա­գոյն ճշմար­տու­թիւն­նե­րը ոչ ոք կրցաւ լու­սան­կա­րել այն­քան հա­րա­զա­տօ­րէն եւ այն­քան պեր­ճա­խօս ար­տա­յայ­տու­թեամբ, որ­քան հայ վար­պե­տը՝ Եու­սուֆ ­Քարշ ինք, որ իր այդ տա­ղան­դին հա­մար ալ աշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւե­ցաւ իբ­րեւ դի­մա­պատ­կե­րի լու­սան­կար­չու­թեան անկրկ­նե­լի վար­պե­տը։
­Դի­տե­ցէք իր լու­սան­կար­նե­րը, ոչ միայն գլուխ-գոր­ծո­ցը՝ Ո­ւինս­թըն Չր­չի­լը, այ­լեւ՝ Ըր­նեսթ ­Հե­մին­կո­ւէյն ու ­Համֆ­րի ­Պո­կար­թը, Ալ­պերթ Այնշ­թայնն ու ­Պեր­նարտ ­Շոն… Եւ ինչ­պէս շա­տե­րը մեզ­մէ ա­ռաջ, նոյն­պէս եւ բո­լորս՝ մեր կար­գին պի­տի խոս­տո­վա­նինք, որ տար­բեր դէմ­քի ար­տա­յայ­տու­թեամբ չենք կրնար պատ­կե­րաց­նել այդ ան­մահ­նե­րը։ ­Չենք կրնար ը­սել, թէ այդ լու­սան­կար­նե­րը կը նմա­նին Չր­չի­լի կամ Այնշ­թայ­նի, ­Հե­մին­կո­ւէ­յի կամ ­Պեր­նարտ ­Շո­յի. այլ՝ հիաց­մուն­քով կը հաս­տա­տենք, որ իւ­րա­քան­չիւրն այդ մե­ծե­րէն ճանչ­ցած ենք ճիշդ այն­պէ՛ս, ինչ­պէս որ ­Քար­շի լու­սան­կար­նե­րով ա­նոնք կը ներ­կա­յա­նան դի­տո­ղին։
Ա­յո՛, ի վե­րուստ՝ դի­տե­լու եւ տես­նե­լու, այ­լեւ խո­րա­նա­լու եւ վեր­ծա­նե­լու տա­ղան­դով օժ­տո­ւած էր 23 ­Դեկ­տեմ­բեր 1908ին ­Մեր­տի­նի մէջ ծնած ­Յով­սէփ ­Քար­շը, որ իր կար­գին, ման­կու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րուն, ցմրուր ճա­շա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւոր ու դառն բա­ժա­կը… ­Կորսն­ցուց հա­րա­զատ­ներ, կրեց տա­րա­գիր կա­րա­ւան­նե­րու ան­լուր ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը եւ, մա­զա­պուրծ փրկո­ւե­լով, հա­սաւ ­Սու­րիա։
1924ին, ծնող­քը զինք ղրկեց ­Քա­նա­տա, ­Քե­պէ­քի ­Շերպ­րուք քա­ղա­քը, լու­սան­կա­րիչ հօ­րեղ­բօ­րը՝ ­Ժորժ ­Նագ­գա­շի մօտ, որ ամ­բող­ջա­կան հո­գա­ծու­թեան ար­ժա­նա­ցուց պա­տա­նի իր հա­րա­զա­տը։ ­Յով­սէ­փի լու­սան­կար­չա­կան բնա­տուր շնորհքն ու ա­րո­ւես­տա­գէ­տի թթխմո­րը նկա­տե­լով՝ հօ­րեղ­բայ­րը 1928ին քսա­նա­մեայ ­Քար­շը ու­ղար­կեց ­Պոս­թըն, դի­մա­պատ­կե­րի ծա­նօթ լու­սան­կա­րիչ ­Ճոն ­Կա­րո­յի մօտ։ ­Քարշ ե՛ւ աշ­խա­տե­ցաւ ­Ճոն ­Կա­րո­յի աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ, ե՛ւ հե­տե­ւե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տից, յատ­կա­պէս նկար­չա­կան ա­րո­ւես­տի ուս­ման։ ­Չորս տա­րի ետք վե­րա­դար­ձաւ ­Քա­նա­տա, լու­սան­կա­չա­կան իր սե­փա­կան ա­րո­ւես­տա­նո­ցը բա­ցաւ Օն­թա­րիոյ Օթ­թաո­ւա քա­ղա­քին մէջ, որ­պէս­զի մօտ ըլ­լայ կա­ռա­վա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րուն։ ­Քա­նա­տա­կան հան­րա­ծա­նօթ դէմ­քե­րու իր լու­սան­կար­նե­րը շատ ա­րագ ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւե­ցին եւ Եու­սուֆ ­Քարշ ստո­րագ­րու­թիւ­նը հռչա­կի տի­րա­ցաւ։
­Հայ լու­սան­կա­րի­չին յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը օգ­նե­ցին, որ­պէս­զի ­Քա­նա­տա­յի օ­րո­ւան վար­չա­պե­տը՝ ­Մը­քեն­զի ­Քինկ իր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ առ­նէ ե­րի­տա­սարդ ա­րո­ւես­տա­գէ­տը եւ ­Քա­նա­տա այ­ցե­լող օ­տար ա­նուա­նի հիւ­րե­րուն պա­տո­ւէ ­Քար­շի լու­սան­կար­նե­րով։ Այդ ճամ­բով եւ այդ ա­ռու­մով՝ ­Քար­շի ճա­ռա­գայ­թու­մին աս­տե­ղա­յին պա­հը հան­դի­սա­ցաւ 30 ­Դեկ­տեմ­բեր 1941ը, երբ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով ­Քա­նա­տա գտնո­ւող ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ վար­չա­պետ Ո­ւինս­թըն Չր­չիլ, Օթ­թաո­ւա­յի մէջ, քա­նա­տա­կան խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ իր ու­նե­ցած ե­լոյ­թէն ետք, ա­կա­մայ հա­ւա­նու­թիւն տուաւ ­Քար­շի կող­մէ լու­սան­կա­րո­ւե­լու վար­չա­պետ ­Քին­կի խոր­հուր­դին։
­Կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, «Չր­չի­լին նա­խա­պէս չէին զգու­շա­ցու­ցած այդ մա­սին եւ թէեւ ա­ռա­ջին հա­կազ­դե­ցու­թեամբ նման ա­ռա­ջարկ մը այն­քան ալ սրտա­մօտ չէր Չր­չի­լին, այ­սու­հան­դերձ՝ ան չմեր­ժեց լու­սան­կա­րո­ւե­լու հրա­ւէ­րը: ­Սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, Չր­չի­լը շրթնե­րուն դրաւ իր սի­կա­րը եւ խիստ հա­յեացք մը նե­տեց 33ա­մեայ լու­սան­կա­րի­չին վրայ՝ հասկց­նե­լով, որ «պատ­րաստ եմ, նկա­րէ՛»: ­Քատ­րը յա­ջող չէր եւ ­Քարշ խնդրեց Չր­չի­լէն, որ բեր­նէն հա­նէ սի­կա­րը: Երբ Չր­չիլ մեր­ժեց խնդրան­քը, ե­րի­տա­սարդ լու­սան­կա­րի­չը մօ­տե­ցաւ ա­նոր եւ «Ես նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրեմ» ը­սե­լով՝ Չր­չի­լի բեր­նէն հա­նեց սի­կա­րը: Չր­չիլ զայ­րա­ցած դէմ­քով կը նա­յէր ­Քար­շին, երբ լու­սան­կար­չա­կան սար­քը չխկաց: «­Դուն նոյ­նիսկ գա­զա­զած ա­ռիւ­ծին կրնաս հան­դար­տեց­նել՝ լու­սան­կա­րե­լու հա­մար»,- հե­տա­գա­յում ը­սած է Չր­չիլ՝ ­Քար­շին»:
Այս լու­սան­կա­րը ե­ղաւ ­Քար­շի հռչա­կին հաս­տա­տուն պա­տո­ւան­դա­նը: Ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­նե­րու կար­ծի­քով՝ ­Քարշ յա­ջո­ղե­ցաւ Չր­չի­լը պատ­կե­րել այն­պէ՛ս, ինչ­պի­սին ան կ­þըն­կա­լո­ւէր մար­դոց գի­տակ­ցու­թեան մէջ՝ հզօր, ա­հազ­դու հե­րոս:
Ն­կա­րին շուրջ գրո­ւե­ցան բա­զում յօ­դո­ւած­ներ, ա­նի­կա եր­կու ան­գամ տպո­ւե­ցաւ «Life» ամ­սագ­րի կող­մէ: Երկ­րորդ ան­գամ նկա­րը տպո­ւե­ցաւ ամ­սագ­րի՝ ­Մա­յիս 21ի (1945ին) հա­մա­րին ա­ռա­ջին կող­քին վրայ, երբ կը նշո­ւէր Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տին ա­ւար­տը՝ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու յաղ­թա­նա­կով, ո­րուն նո­ւաճ­ման մէջ կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցած էր Չր­չիլ:
Այդ լու­սան­կա­րին տակ, ա­ռա­ջին ան­գամ, ­Քար­շի ա­նու­նը գրո­ւե­ցաւ իբ­րեւ «Օթ­թաո­ւա­յի ­Քար­շը»: Չրչի­լի նկա­րը ա՛յն ե­րեք ե­զա­կի նկար­նե­րէն էր (միւս եր­կու­քը՝ Է­լիա­նոր ­Ռուզ­վել­թի եւ ­Պեռ­նարտ ­Շո­յի լու­սան­կար­ներն են), զորս շատ կը հաւ­նէր ին­քը՝ հե­ղի­նա­կը: ­Հե­տա­գա­յին, Չր­չի­լի հան­րա­յայտ նկա­րը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ յու­շա­յին դրոշ­մա­նի­շի, ուր նշո­ւած է. «­Լու­սան­կա­րիչ՝ Եու­սուֆ ­Քարշ»:
Ա­հա թէ ինչ­պէ՛ս իր փառ­քի ու­ղին հար­թեց լու­սանկար­չա­կան ա­րո­ւես­տի հայ վար­պե­տը։ Ոչ միայն քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հի մե­ծա­մեծ­նե­րը, այ­լեւ գրա­կան ու գի­տա­կան աշ­խար­հի, շար­ժան­կա­րի ա­րո­ւես­տի եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­րո­ւես­տի աշ­խար­հի մե­ծա­նուն ան­մահ­նե­րը, բո­լորն ալ, պահ մը կանգ­նե­ցան Եու­սուֆ ­Քար­շի ոսպ­նեա­կին առ­ջեւ, որ­պէս­զի հայ վար­պե­տը կա­րե­նայ հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցել աշ­խար­հի մե­ծա­մեծ­նե­րուն նկա­րագ­րին եւ էու­թեան ա­մէ­նէն խոր ու վա­ւե­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը բռնող եւ յա­ւեր­ժաց­նող լու­սան­կար­ներ։
2000 թո­ւա­կա­նին հրա­տա­րա­կո­ւած International Who’s Whoի ճշդած քսա­նե­րորդ դա­րու 100 մե­ծա­գոյն դէմ­քե­րէն 51ին լու­սան­կա­րած է Եու­սուֆ ­Քարշ։ ­Շարլ ­Տը ­Կօլ եւ ­Նի­քի­թա Խ­րուշ­չով, ­Սա­մըր­սեթ ­Մոամ եւ ­Թո­մաս ­Մանն, ­Ճա­ւահ­րա­լալ ­Նեհ­րու եւ ­Ֆի­տել ­Քասթ­րօ, ­Ճոն ­Քե­նե­տի եւ ­Մար­թին ­Լու­թեր ­Քինկ, ­Փապ­լօ ­Փի­քա­սօ եւ ­Ճէյմս Ս­թիո­ւըրթ ու շատ-շա­տեր ան­ցեալ դա­րու մե­ծու­թիւն­նե­րէն ­Քար­շին կը պար­տին ի­րենց դէմքն ու նկա­րա­գի­րը խո­րա­պէս ար­տա­յայ­տող լուսան­կար­նե­րը։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին, իբ­րեւ լոյ­սի եւ ստո­ւե­րի իւ­րա­յա­տուկ ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ դի­ման­կար­ներ ա­րա­րող լու­սան­կա­րիչ, ­Քարշ իր մնա­յուն տե­ղը գրա­ւած է աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն թան­գա­րան­նե­րուն եւ ա­րո­ւես­տի պա­լատ­նե­րուն մէջ։
­Քա­նա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յա­ջոր­դա­բար 1967ին եւ 1990ին պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն կար­գի տիտ­ղոս­նե­րու ար­ժա­նա­ցու­ցին հայ լու­սան­կա­րի­չը, որ իր կեան­քի վե­րին տա­րի­նե­րը հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պոս­թըն, ուր եւ մա­հա­ցաւ 13 ­Յու­լիս 2002ին, վի­րա­բու­ժա­կան գոր­ծո­ղու­թեան մը հե­տե­ւած բար­դու­թեանց հե­տե­ւան­քով։
­Թա­ղո­ւե­ցաւ Օթ­թաո­ւա­յի ­Նոթ­րը ­Տամ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։
Կþանց­նին ժա­մա­նակ­նե­րը, կը փո­խո­ւին սե­րունդ­նե­րը եւ կը տժգու­նին յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը, բայց ­Քար­շի վար­պե­տու­թեամբ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ան­կորն­չե­լի գոր­ծե­րը կ­þօգ­նեն, որ­պէս­զի գա­լիք սե­րունդ­նե­րը ան­մահ­նե­րուն հետ ուղ­ղա­կի հան­դի­պե­լու, դէմ դի­մաց կանգ­նե­լու… ան­մո­ռա­նա­լի պա­հեր վա­յե­լեն՝ ա­նոնց դի­ման­կար­նե­րու մտեր­մու­թեան մէջ։
Եւ շատ ու շատ ան­մահ­ներ, ան­կաս­կա՛ծ, գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն կող­մէ պի­տի պատ­կե­րա­ցո­ւին լու­սանկար­չա­կան ա­րո­ւես­տի հայ մե­ծա­տա­ղանդ վար­պե­տին՝ Եու­սուֆ ­Քար­շի աչ­քե­րով, մար­դոց հո­գի­նե­րը պե­ղող եւ ա­նոնց խո­րա­գոյն ճշմար­տու­թեան պա­հե­րը լոյս աշ­խարհ բե­րող ­Քար­շի ա­րո­ւես­տով։
Ա­հա՛ իր ա­րո­ւես­տին յա­ջո­ղու­թեան գաղտ­նի­քը բա­ցատ­րող ­Քար­շի խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րէն շի­թեր .
— «­Կայ ա­րագ անց­նող պահ մը, երբ այն ա­մէ­նը, ինչ որ կայ մար­դու մտքին, հո­գիին եւ ո­գե­ղի­նու­թեան մէջ, կ­þար­տա­ցո­լայ ա­նոր աչ­քե­րուն, ձեռ­քե­րուն եւ կե­ցո­ւած­քին մէջ։ Ա­հա ա՛յս է այն վայր­կեա­նը, զոր կ­þար­ժէ ար­ձա­նագ­րել»։
— «­Լոն­տո­նի մէջ էր, որ սկսայ գոր­ծար­կել մին­չեւ այ­սօր շա­րու­նա­կո­ւող «դասս սոր­վե­լու» վար­ժանքս՝ գտնե­լու հա­մար հնա­րա­ւո­րինս շատ բան այն ան­ձին մա­սին, ո­րուն պի­տի լու­սան­կա­րեմ»։