«Այս տարին կարեւոր տարի է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն համար, եւ Ե.Մ. պատրաստ է ստորագրելու Հայաստանի հետ նոր «համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր»ը,- յայտարարեց «Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով» յանձնակատար Եոհանս Հան՝ Հայաստան իր այցին ընդառաջ:
«Այս տարին շատ կարեւոր է Ե.Մ.-Հայաստան յարաբերութիւններուն համար, քանի որ մենք կ՛ընդլայնենք եւ կը խորացնենք մեր համագործակցութիւնը փոխադարձ շահերու հիման վրայ: Ե.Մ. պատրաստ է ստորագրելու Հայաստանի հետ նոր «համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր»ը: Համաձայնեցուած գործընկերային առաջնահերթութիւններու հետ միասին ասիկա պիտի ձեւաւորէ մեր համագործակցութիւնը, որու ծիրին մէջ կը պատրաստուինք ներդրում կատարելու, ի շարս այլ ոլորտներու, կրթութեան եւ նորարարութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ հմտութիւններու զարգացումը առանցքային պիտի ըլլայ Հայաստանի ապագային համար: Իմ այցը նաեւ նախապատրաստութիւն պիտի ըլլայ «Արեւելեան Գործընկերութեան» յաջորդ գագաթնաժողովին համար, Հայաստանի քաղաքացիներու առօրեայ կեանքին մէջ շօշափելի օգուտներ բերելու նպատակ ունեցող «2020 թուականի 20 արդիւնքներ»ուն ուղղութեամբ մեր համատեղ յառաջընթացին մասին քննարկումներուն միջոցով»,- ըստ «Թերթ»ի՝ ըսած է Հան:
Նշենք, որ Պրիւքսէլի մէջ, 24 Նոյեմբերին կայանալիք «Արեւելեան Գործընկերութեան» գագաթնաժողովին ընդառաջ, Հոկտեմբեր 2ին Հայաստան պիտի ժամանէ «Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններ»ու հարցերով յանձնակատար Եոհանս Հան:
Եոհանս Հան
Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ստորագրելու Հայաստանի հետ նոր «համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր»