ՊԱՐԷՏ ՔՀՆՅ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

­Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քի այս տո­ղը, բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ կրկնո­ղը կամ ին­ծի յի­շեց­նո­ղը, Դպ­րե­վան­քի ա­շա­կեր­տա­կան տա­րի­նե­րու իմ հսկիչ­նե­րը չէին միայն կամ իմ դա­սըն­կեր­նե­րը։ Այլ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ՝ պա­րոն ­Սար­գիս Աշ­րեա­նը եւս։
Ա­թէնք հաս­տա­տո­ւե­լէս քիչ ժա­մա­նակ ետք, բա­րե­պա­տե­հու­թիւ­նը ու­նե­ցայ ի­րեն ծա­նօ­թա­նա­լու ա­պա ըն­տա­նե­կան բա­րե­կա­մու­թիւն հաս­տա­տե­լու։ Այդ ի­մաս­տա­լից կա­պը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ նաեւ ­Գա­վա­լա­յի մէջ։ ­Փո­խա­դարձ յար­գան­քի վրայ հիմ­նո­ւած մեր յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, ա­ռի­թը ըն­ծա­յեց ա­ւե­լի մօ­տէն ճանչ­նա­լու իր ան­ձին ու գոր­ծին։ Եւ իս­կա­պէս պա­տիւ էր, մարդ­կա­յին ան­սահ­ման ար­ժա­նիք­նե­րով օժ­տո­ւած պա­րոն ­Սար­գիս Աշ­րեա­նի հետ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։
­Հե­ռա­ձայ­նա­յին մեր խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կամ ուղ­ղա­կի զրոյց­նե­րը, ընդ­հան­րա­պէս կ’սկսէին անձ­նա­կան նիւ­թե­րով եւ ի­րենց ա­ւար­տին կը հաս­նէին հո­գե­ւո­րով կամ ազ­գա­յի­նով։ Ու ա­նոնց ըն­թաց­քին, պա­րոն ­Սար­գի­սը խոր հա­ւատ­քով քա­նիցս կը մէջ­բե­րէր «Ե­ղի­ցին կամք ­Քո» տո­ղը եւ յոյ­սը կը դնէր Աս­տու­ծոյ վրայ։
­Շատ պարզ է, որ պա­րոն բա­ռը չար­տա­սա­նո­ւիր կամ չգրո­ւիր հան­գու­ցեա­լի մը հա­մար։ ­Սար­գիս Աշ­րեա­նը սա­կայն, մարդ­կա­յին իր հա­րուստ ար­ժէք­նե­րուն, քրիս­տո­նէա­կան ա­ռա­քի­նի վար­քին ու բար­քին եւ ազ­նո­ւա­կան ո­գիին ու շու­քին շնոր­հիւ, բո­լո­րին կող­մէ այն­քան ար­ժա­նի դար­ձաւ պա­րոն տիտ­ղո­սին, որ դժո­ւար պի­տի ըլ­լար յետ մա­հու յան­կարծ զանց առ­նել իր ար­դար վաս­տա­կա­ծը։
Ե­կե­ղե­ցա­սի­րու­թիւն ու հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն։ Ա­նոր կեան­քի հիմ­նա­կան ի­մաստ­ներն ու նպա­տակ­ներն էին։ Աս­տու­ծոյ հան­դէպ հա­ւատքն ու հայ­րե­նի­քի հան­դէպ սէ­րը, իր մօտ հա­սած էին ի­րենց գա­գաթ­նա­կէ­տին։
­Սար­գիս Աշ­րեա­նը հո­գե­ւոր մարդ մըն էր ա­ռանց սքե­մի։ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ, որ կարգ ու կա­նո­նին հմուտ էր եւ սուրբ պա­տա­րա­գի մեկ­նա­բա­նու­թեան ծա­նօթ։ Ան «Եր­կիւ­ղիւ եւ հա­ւա­տով» մուտք կը գոր­ծէր ե­կե­ղե­ցի։ Եւ ա­մէ­նէն գե­ղե­ցիկն ու ո­գե­ւո­րիչ պատ­կե­րը այն էր, որ սուրբ պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, ան ծնկա­չոք կը հե­տե­ւէր սրբա­սա­ցու­թեան ու զղջման ա­ղօթ­քի բա­ժին­նե­րուն։ «Ս­կիզ­բէն էր ­Բանն եւ ­Բանն էր Աս­տո­ւած եւ Աս­տո­ւած էր ­Բանն» տո­ղը հիմքն էր իր հա­ւատ­քին, իսկ «Ե­ղի­ցին կամք ­Քո»ն՝ յե­նա­րա­նը իր կեան­քին։ Եւ ­Տէրն Աս­տո­ւած գնա­հա­տե­լով այդ բո­լո­րը, զինք վա­ղուց վար­ձատ­րած էր սքան­չե­լի կո­ղա­կի­ցով եւ շնոր­հա­լի ըն­տա­նի­քով մը, ո­րուն ծա­նօթ ենք բո­լորս։
­Սար­գիս Աշ­րեա­նը հայ­րե­նա­սէր ու ազ­գա­սէր հա­յոր­դի մըն էր։ Ազ­գա­յին կեան­քէն ներս ան ստանձ­նած էր ո­րոշ պաշ­տօն­ներ, ո­րոնց հան­դէպ ցու­ցա­բե­րած էր գի­տակ­ցու­թիւն ու նո­ւի­րում։ ­Ժա­մա­նա­կա­ւոր այդ ա­թո­ռը, ոչ մէկ ձե­ւով փո­փո­խած էր իր սկզբունք­նե­րը։ Այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը։ Իր վսեմ նկա­րագ­րին հե­տե­ւե­լով գի­տակ­ցու­թիւ­նը, ազ­նո­ւու­թիւնն ու ծա­ռա­յու­թիւ­նը, օ­րին այդ պաշ­տօն­նե­րուն հա­սա­րակ յայ­տա­րա­րը դար­ձու­ցած էր։ Այլ խօս­քով, պաշ­տօ­նը ազ­գօ­գուտ նպա­տակ­նե­րուն ծա­ռա­յե­ցու­ցած։ ­Մինչ շա­տեր, գե­րա­գոյն նպա­տակ­նե­րը կը ծա­ռա­յեց­նեն պաշ­տօն­նե­րուն կամ ա­ռա­ւե­լա­բար ի­րենց ան­ձե­րուն։
Ա­յո շատ ազ­նիւ մարդ մըն էր ան, բայց ոչ մէկ զի­ջում կը կա­տա­րէր վասն ար­դա­րու­թեան ու ճշմար­տու­թեան։ ­Գա­ղու­թա­յին ոե­ւէ մէկ հար­ցի կամ ծրագ­րի պա­րա­գա­յին, ու­նէր յստակ ու քաջ կե­ցո­ւածք։ ­Բա­ցար­ձա­կա­պէս դէմ էր աշ­խա­տան­քէն ա­ւե­լի ինք­զինք ցու­ցադ­րե­լու, կամ­քը պար­տադ­րե­լու կամ թե­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւի մը բնաւ չնե­ղաց­նե­լու ազ­գավ­նաս գոր­ծե­լա­կեր­պին։ Ազ­գա­կեր­տու­մի ու մար­դա­կեր­տու­մի մեծ ու­սու­ցիչ մըն էր ան, ա­ռանց դա­սա­րա­նի ու դա­սա­պա­հի։
«Ե­ղի­ցին կամք ­Քո»։ Եւ Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­մա­ձայն, բո­լո­րի սի­րոյն ու յար­գան­քին ար­ժա­նա­ցած պա­րոն ­Սար­գիս Աշ­րեա­նը մեկ­նե­ցաւ ե­րա­նու­թեան աշ­խարհ։ ­Հոն՝ ուր շատ քի­չեր կ’ըն­դու­նո­ւին։ Եւ հոս՝ ափ­սոս շատ քի­չեր կը մնան։
­Յի­շա­տակն ար­դա­րոյն օրհ­նու­թեամբ ե­ղի­ցի։