­Մարտ 13ին հայ ժո­ղո­վուր­դը աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը «Ա­նոյշ ­Հա­յաս­տա­նի ա­րե­ւա­համ բա­ռը» աշ­խար­հով մէկ յա­ւեր­ժա­ցու­ցած ան­զու­գա­կան Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի։
­Չա­րեն­ցի ա­րա­րած այդ մէկ հա­տիկ բառն իսկ՝ ­Հա­յաս­տա­նի «ա­րե­ւա­համ» խոր­հուրդն ու յու­զաշ­խար­հը բա­նա­ձե­ւող ու ան­մա­հաց­նող ա­նոր յայտ­նա­տե­սու­թիւնն ինք­նին բա­ւա­րար ե­ղաւ, որ­պէս­զի ­Չա­րենց ար­ժա­նա­նայ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու պաշ­տա­մուն­քին ու հպար­տու­թեա՛ն։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­չար­չար պատ­մու­թեան, նոյ­նինքն 1915ի Ար­հա­ւիր­քին ու 1918ի ­Յա­րու­թեան, այ­լեւ հա­մա­ռու­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թեան ա­գու­ցուած հայ քա­ղա­քա­կան «այ­գա­բաց»ի հան­ճա­րեղ եր­գի­չին՝ ­Չա­րեն­ցի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յոր­դա­ռատ վա­րա­րու­մին միայն սկզբնա­ւո­րու­մը ե­ղաւ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծած «­Տա­ղա­րան»ը զար­դա­րող «Ես իմ ա­նոյշ ­Հա­յաս­տա­նի» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, ուր «ա­րե­ւա­համ»ի կող­քին՝ ազ­գա­յին մեր ինք­նա­ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը խո­րաց­նող պատ­կե­րա­ւոր խո­հե­րու եւ յոյ­զե­րու ամ­բողջ աշ­խարհ մը բա­ցող իր յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րով՝ ­Չա­րենց հարս­տա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դին հո­գեմ­տա­ւոր գան­ձա­րա­նը այս­պէ՛ս.-

Ես իմ ա­նոյշ ­Հա­յաս­տա­նի ա­րե­ւա­համ բառն եմ սի­րում,
­Մեր հին սա­զի ող­բա­նո­ւագ, լա­ցա­կու­մած լարն եմ սի­րում,
Ար­նան­ման ծա­ղիկ­նե­րի ու վար­դե­րի բոյ­րը վառ­ման,
Ու նա­յի­րեան աղ­ջիկ­նե­րի հե­զաճ­կուն պա՛րն եմ սի­րում։

­Սի­րում եմ մեր եր­կին­քը մուգ, ջրե­րը ջինջ, լի­ճը լու­սէ,
Ա­րեւն ամ­րան ու ձմե­ռո­ւայ վի­շա­պա­ձայն բու­քը վսեմ,
Մ­թում կո­րած խրճիթ­նե­րի ան­հիւ­րըն­կալ պա­տե­րը սեւ,
Ու հնա­մեայ քա­ղաք­նե­րի հա­զա­րա­մեայ քա՛րն եմ սի­րում։

Ո՛ւր էլ լի­նեմ — չե՛մ մո­ռա­նայ ես ող­բա­ձայն եր­գե­րը մեր,
­Չե՜մ մո­ռա­նայ ա­ղօթք դար­ձած եր­կա­թա­գիր գրքե­րը մեր,
Ինչ­քան էլ սո՜ւր սիրտս խո­ցեն ա­րիւ­նա­քամ վէր­քե­րը մեր —
Է­լի՛ ես որբ ու ար­նա­վառ իմ ­Հա­յաս­տան-եա՛րն եմ սի­րում։

Իմ կա­րօ­տած սրտի հա­մար ո՛չ մի ու­րիշ հե­քիաթ չկայ.
­Նա­րե­կա­ցու, ­Քու­չա­կի պէս լու­սապ­սակ ճա­կատ չկայ.
Աշ­խա՜րհ ան­ցի՛ր, Ա­րա­րա­տի նման ճեր­մակ գա­գաթ չկայ.
Ինչ­պէս ան­հաս փառ­քի ճամ­բայ՝ ես իմ ­Մա­սիս սա՛րն եմ սի­րում։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ար­հա­ւիր­քին, ա­պա եւ փիւ­նի­կի պէս ա­ւե­րակ­նե­րու մո­խիր­նե­րէն յառ­նող հա­յոց ­Վե­րած­նուն­դին ար­գա­սի­քը ե­ղաւ ­Չա­րենց, որ ապ­րե­ցաւ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծեց աշ­խար­հա­սա­սան Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի եւ ռու­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թեան բարդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։
Ինչ­պէս վա­յել է հան­ճա­րեղ գրող­նե­րուն, քսա­նա­մեայ իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քով եր­կար ու բարդ ճա­նա­պարհ կտրեց հա­յոց վե­րա­նո­րոգ­ման շունչն ու թռիչ­քը՝ յե­ղա­փո­խա­կա՛ն ո­գին թե­ւա­ւո­րե­լու կո­չո­ւած ան­մահն ­Չա­րենց։
Որ­քան մեծ թռիչ­քի, այն­քան եւ ա­հա­ւոր ան­կու­մի պա­հե­րով յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ­Չա­րեն­ցի ու­ղին, որ երբ հա­սաւ «­Գիրք ­Ճա­նա­պար­հի»ն­ ա­րա­րե­լու հա­սու­նու­թեան՝ խորհր­դա­յին գա­ղա­փա­րա­մո­լու­թիւ­նը բրտօ­րէն կտրեց կեան­քի թե­լը ազ­գա­յին մեր հպար­տու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րող մեծ բա­նաս­տեղ­ծին։
Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց սի­րո­ւե­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին ամ­բող­ջու­թեան կող­մէ, ո­րով­հե­տեւ ազ­գա­յին մեր եր­թին դէմ ցցո­ւած ծան­րա­գոյն փոր­ձու­թեանց պա­հե­րուն լու­սա­ւո­րեց ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան մութ ու խա­ւար ու­ղին եւ, ըստ ա­մե­նայ­նի, ար­ժա­նա­ւո­րա­պէ՛ս հա­մազ­գա­յի՛ն ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձաւ հա­յոց հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
­Կը բա­ւէ ո­րե­ւէ օր կամ ո­րե­ւէ էջ կար­դալ ­Չա­րեն­ցէն, որ­պէս­զի մեր ապ­րած ժա­մա­նակն ու կեան­քը դի­տենք ու ըն­կա­լենք նոր լոյ­սի տակ՝ ­Չա­րեն­ցի մար­գա­րէա­կան խո­հե­րու եւ յոյ­զե­րու լու­սար­ձա­կով։
1897ի ­Մարտ 13ին ­Կարս ծնած, բայց ծնող­նե­րուն բնա­կա­վայր պարս­կա­կան ­Մա­կու քա­ղա­քը իբ­րեւ ծննդա­վայր եր­գած Ե­ղի­շէ Աբ­գա­րի ­Սո­ղո­մո­նեան, հա­զիւ պա­տա­նի դար­ձած, ոչ միայն ան­ձամբ մաս կազ­մեց Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նին օգ­նու­թեան փու­թա­ցող ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շար­ժու­մին, այ­լեւ՝ ա­րեան ու ար­ցուն­քի ճամ­բա­նե­րուն իր ապ­րած ծան­րա­խոհ պա­հե­րը վե­րա­ծեց բա­նաս­տեղ­ծու­թեան։
­Հա­զիւ քսա­նա­մեայ ե­րի­տա­սարդ՝ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի մէջ յաղ­թա­հա­սակ կանգ­նե­ցաւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն եւ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար իր պատ­գա­մը ու­նե­ցող մեծ բա­նաս­տեղ­ծը։ ­Կեան­քը եր­գի վե­րա­ծեց եւ եր­գեց այն, ինչ որ բո­լոր ջի­ղե­րով զգաց ու ապ­րե­ցաւ։ Ինք­նամ­փոփ բա­նաս­տեղ­ծի տե­սակն ու կեան­քը ան­հա­ղորդ եւ ան­յա­րիր մնա­ցին ­Չա­րեն­ցին։
Այդ­պէ՛ս էր, որ ­Չա­րեն­ցի գրա­կա­նու­թեան մէջ մնա­յուն յա­ճա­խանք ե­ղաւ «­Մա­հո­ւան ­Տե­սիլ»ը. հա­մա­նուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ նո­ւի­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­չար­չար ճա­կա­տագ­րին եւ, այ­լա­նուն քեր­թուած­նե­րու մէջ ան­գամ, յա­ճա­խա­կի կանգ ա­ռաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մա­հո­ւան տե­սիլ­քին առ­ջեւ։
­Յատ­կա­պէս «­Գիրք ­Ճա­նա­պար­հի»ն խ­տա­ցուց վեր­ջին խօս­քը հան­ճա­րեղ ­Չա­րեն­ցին, որ ­Քեր­թո­ղու­թեան «մեծ վար­պետ»ին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ կտրեց 19րդ ­դա­րու հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի դա­ժան ու մռայլ ճա­նա­պար­հը, հա­սաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րած­նուն­դին ու հան­գիստ շունչ քա­շեց՝ «պայ­ծառ գա­լիք»ի յոյ­սով ու լա­ւա­տե­սու­թեամբ…
1933ին գրո­ւած իր «­Մա­հո­ւան ­Տե­սիլ»ին մէջ, հա­մաշ­խար­հա­յին յե­ղա­փո­խու­թե­նէն հիաս­թա­փո­ւած՝ ­Չա­րենց վե­րա­ժե­ւո­րու­մը եւ նո­րո­վի յայտ­նա­գոր­ծու­մը կա­տա­րեց իր ազ­գա­յին ա­կունք­նե­րուն։
­Թէեւ ­Չա­րենց իր ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բուռն տա­րեր­քի շրջա­նին բնաւ մօտ չե­ղաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան՝ նոյ­նիսկ լու­սա­ւո­րու­թեան նա­խա­րար ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի կող­մէ յայտ­նա­գոր­ծուե­լով եւ ա­տե­նի դաշ­նակ­ցա­կան իշ­խա­նու­թեանց ամ­բող­ջա­կան գուր­գու­րան­քին ար­ժա­նա­նա­լով հան­դերձ եւ, ընդ­հա­կա­ռակն, թէեւ եր­կար ժա­մա­նակ ներ­քուստ պայ­քար մղեց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան դե­րին ու ար­ժէ­քին խոս­տո­վա­նու­թեան եւ ըն­դուն­ման դէմ, այ­դու­հան­դերձ եւ ի վեր­ջոյ՝ գլու­խը վրայ տա­լու գնով, «­Գիրք ճա­նա­պար­հի» կա­րա­պի եր­գով՝ ­Չա­րենց վե­հա­շուք լրջա­խո­հու­թեամբ ամ­րօ­րէն կանգ­նե­ցաւ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան հա­մազ­գա­յին ար­ժե­ւոր­ման ու հե­րո­սաց­ման դիր­քե­րուն վրայ։
Եւ պա­տա­հա­կան չէր, որ բան­տա­յին չար­չա­րան­քի տակ ան­գամ, ­Չա­րենց ամ­բող­ջա­կան հա­ւատ­քով ու փա­րու­մով իր «­Պատ­գամ» խո­րագ­րո­ւած ծած­կա­գիր կտա­կը գրեց եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին պատ­գա­մեց՝

«Ով հայ ժո­ղո­վուրդ, քո միակ փրկու­թիւ­նը քո հա­ւա­քա­կան ու­ժի մէջ է»։

Ա­յո՛, որ­քան մեծ ու սրտա­բուխ ե­ղաւ պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեան նկատ­մամբ ­Չա­րեն­ցի պաշ­տա­մուն­քը, նոյն­քան մեծ ու ծան­րա­խոհ դար­ձաւ խորհրդա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թե­նէն ա­նոր հիաս­թա­փու­թիւ­նը։
Իր կեան­քով ալ վճա­րեց ծան­րա­գոյն գի­նը իր շրջա­դար­ձին, երբ «եր­կաթ»ն­ ու «պե­թոն»ը ներ­բո­ղե­լու իր խան­դա­վա­ռու­թեան վեր­ջա­կէտ դրաւ ու հա­կե­ցաւ «­Գիրք ­Ճա­նա­պար­հի»ի ծան­րա­խոհ դա­սե­րուն եւ պատ­գամ­նե­րուն վրայ։
­Հա­յաս­տա­նի «ա­րե­ւա­համ բա­ռը սի­րե­լու» «­Տա­ղա­րան»ով հայ քեր­թո­ղու­թեան բար­ձուն­քը մագլ­ցած ­Չա­րենց, երբ կռնակ դար­ձուց «­Լե­նինն ու Ա­լին» գո­վեր­գե­լու իր խան­դա­վա­ռու­թեան, բան­տար­կու­թեան մէջ եւ չար­չա­րան­քի տակ ան­գամ շա­րու­նա­կեց յե­ղա­փո­խա­շունչ իր եր­գը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի հզօ­րաց­ման մէջ տես­նե­լով միակ փրկա­րար ու­ղին եւ պայ­ծառ գա­լի­քի գրա­ւա­կա­նը։ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի համն ու հո­տը, ինչ­պէս եւ ազ­գա­յին մեր ա­հա­ւոր ան­կում­նե­րուն եւ վե­րա­նո­րոգ­ման խոցն ու թռիչ­քը յա­ւեր­ժին եւ ա­նեզ­րին բա­ցաւ ­Չա­րենց՝ իր հան­ճա­րեղ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, նաեւ՝ ծով տա­ռա­պան­քէ ծնած ի­մաս­տուն պատ­գամ­նե­րով.

— «­Դո՛ւ ես միայն եւ միայն դու, ո՜վ պայ­քա­րող դու ո­գի, որ յա­ւի­տեան հուր­հու­րա­լով, ինչ­պէս խա­րոյկ մոր­մո­քի, վա­ռում ես միշտ ու բոր­բո­քում իղձ ու տեն­չանք ան­յա­գուր­դով եւ չե՛ս լի­նի դու եր­բեք մութ, որ­քան էլ մու­թը չո­քի»։
— «­Չի՛ շղթա­յո­ւի մար­դու ո­գին ո՛չ մի կա­պով ար­տա­քին, ե­թէ դա­րի, ժա­մա­նա­կի զրահ ու­նի իր հա­գին. կը բարձ­րա­նայ եւ կը կանգ­նի նա հա­ւա­տով ան­սա­սան եւ կը մնայ գա­լիք կեան­քում՝ ան­խոր­տակ ու ա­հա­գին»։
— «Ա­մէն պոէտ՝ գա­լիս՝ իր հետ մի ան­տես նետ է բե­րում, եւ նետն ա­ռած, խո­հա­կա­լած — որս է ա­նում եր­գե­րում. բայց դառ­նում է պոէտ նա մեծ ոչ թէ նե­տի՛ մե­ծու­թեամբ, այլ նշա­նի՛ ա­հագ­նու­թեամբ, որ հան­ճար­ներ է սե­րում»։

Կ’անց­նին ժա­մա­նակ­նե­րը, կու գան ու կ­’եր­թան ա­մէ­նէն ա­հեղ կայս­րու­թիւն­ներն ան­գամ, բայց ան­կորն­չե­լի կը մնան դա­րու ո­գին մարմ­նա­ւո­րող ի­րա՛ւ մե­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք այժ­մէա­կան շունչ կը հա­ղոր­դեն ի­րենց յա­ւերժ ներ­կա­յու­թեան։
­Չա­րենց այդ հսկա­նե­րէն է, հան­ճար՝ ո­րուն կեն­սա­յորդ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով ազ­գա­յին ի­րենց հո­գեմ­տա­ւոր լի­նե­լու­թիւ­նը հարս­տա­ցու­ցին հա­յոց սե­րունդ­նե­րը՝ եր­գե­լով.-

­Հա­յաս­տա­նին

­Հա­զար ու մի վէրք ես տե­սել, — է­լի՛ կը տես­նես,
­Հա­զար խալ­խի ձեռք ես տե­սել, — է­լի՛ կը տես­նես։

Աշ­նան քա­ղած ար­տի նման՝ ­Հա­զար զո­հե­րի
Չ­հա­ւա­քո­ւած բերք ես տե­սել, — է­լի՛ կը տես­նես։

Գ­լուխդ չոր քա­մուն տո­ւած պան­դուխ­տի նման,
­Հա­զար տա­րո­ւայ հէք ես տե­սել, — է­լի՛ կը տես­նես։

­Նա­րե­կա­ցի, Շ­նոր­հա­լի, ­Նա­ղաշ ­Յով­նա­թան,
Ինչ­քա՜ն հան­ճար, խելք ես տե­սել, — է­լի՛ կը տես­նես։

­Քո ­Չա­րեն­ցին լե­զու տո­ւող եր­կիր ­Հա­յաս­տան,
­Հա­զար ու մի երգ ես տե­սել, — է­լի՛ կը տես­նես։

Ինչ­պէս եր­կիրս անս­փոփ

Ինչ­պէս եր­կիրս անս­փոփ, ինչ­պէս եր­կիրս բախ­տա­զուրկ,
Ինչ­պէս եր­կիրս ա­ւե­րակ ու ար­նա­ներկ —
Մ­խում է սիրտս հի­մա որբ, մխում է սիրտս բախ­տա­զուրկ,
Մ­խում է սիրտս՝ ա­ւե­րակ ու ար­նա­ներկ…

Եւ այս եր­գե­րը իմ կար­միր, ախ, այս եր­գե­րը իմ կար­միր,
Որ եր­գում է անս­փոփ սիրտս կրա­կուն —
Ինչ­պէ՞ս պի­տի ար­դեօք հնչեն, ա՜խ, այս եր­գե­րը իմ կար­միր —
Իմ ա­ւե­րակ, իմ ո՜րբ երկ­րում…

Ինչ­պէս եր­կիրս անս­փոփ, ինչ­պէս եր­կիրս ա­ւե­րակ —
Այն­պէս էլ սիրտս — անս­փոփ, այն­պես էլ սիրտս — ա­նու­րախ,
­Վէ՜րք է դառ­նում սրտիս խոր­քում օ­րե­րի փա՛յ­լը այս հրակ —
Ախ, սի՜րտս իմ՝ բո՜րբ ու անս­փոփ,- եր­կի՜ր իմ՝ ո՜րբ ու ա­նու­րախ…