Եղիա Տէմիրճիպաշեան (1851-1908)

Եղիա Տէմիրճիպաշեան (1851-1908). Հայկեան Տաղանդին մեծարժէք խենթը, որ ինքնասպանութեամբ հեռացաւ մեր աշխարհէն Ն.

0
1685

­Հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը եւս ու­նի իր կի­սա­խե­լա­գար կամ նոյ­նիսկ խե­լա­գար քա­նի մը մե­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց շար­քին մե­ծա­տա­ղանդ խեն­թի փառքն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րող ա­մէ­նէն ցայ­տուն դէմքն է Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան։
109 տա­րի ա­ռաջ, ­Յու­լիս 19ի այս օ­րը, ինք­նաս­պա­նու­թեամբ մեր աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ ար­ձա­կագ­րի եւ բա­նաս­տեղ­ծի, ման­կա­վար­ժի եւ խմբա­գի­րի, ա­րո­ւես­տա­գէ­տի եւ փի­լի­սո­փա­յի տա­ղան­դա­շատ այս միա­ձու­լու­մը, որ Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան ա­նու­նը խորհր­դա­նիշ դար­ձուց ար­տա­կարգ գե­ղեց­կու­թեամբ ու ա­րո­ւես­տով գրո­ւած՝ սիրտ ու միտք խռո­վող խո­րա­գոյն, յա­ճախ դժո­ւար ըն­կա­լո­ւող ու հասկ­ցո­ւող ապ­րում­նե­րու, պատ­կեր­նե­րու եւ մտա­ծում­նե­րու։
­Մեծն Օ­շա­կան, իր ըն­կա­լեալ ա­նո­ղո­քու­թեամբ, Ե­ղիա Տ.ի «հե­քիաթ»ը իր ա­ռաս­պե­լա­կան զար­դե­րէն եւ ար­ժէք­նե­րէն մեր­կաց­նե­լով հան­դերձ, իր կար­գին չկրցաւ լրիւ թօ­թա­փել ա­ռինք­նող հմայ­քը Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան ­Տա­ղան­դին։ ­Թէեւ գրեց, որ «տեղ մը ը­սած եմ, թէ ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը եր­կու կէս խեն­թեր եւ մէկ վա­ւե­րա­կան յի­մար ու­նի։ Դժ­բախ­տու­թիւն է, որ այս վեր­ջին ո­րա­կու­մը ստի­պո­ւած ըլ­լամ գոր­ծա­ծել, տա­լու հա­մար ամ­բող­ջա­կան գա­ղա­փար մար­դէ մը, որ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մե­ծա­գոյն ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն շնոր­հը նկա­տո­ւող բա­ցա­ռիկ խառ­նո­ւածք մը յայտ­նա­բե­րեց ա­րո­ւես­տի։
­Ցա­ւը այն է, որ այդ խառ­նո­ւած­քը չհա­սաւ ի­րեն ո­րա­կին ար­ժա­նա­ւոր աշ­խար­հի մը մէ­ջէն ինք­զին­քը ընդ­միշտ մեր հիա­ցու­մին եւ յար­գան­քին պար­տադ­րե­լու»… այ­սու­հան­դերձ՝ Յ. Օ­շա­կան նաեւ խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ «սկիզ­բէն ի վեր հրա­պա­րա­կի պա­հան­ջը ե­ղած է հա­տըն­տիր Ե­ղիա մը։ Այս­պէս կազ­մո­ւած հա­տո­րը պի­տի հա­մախմ­բէր իր մէջ թե­րեւս ա­մէ­նէն lyrique այն քա­նի մը է­ջե­րը, ո­րոնք ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ երբ եւ ի­ցէ գրո­ւած ըլ­լան։ Այն­քան ի­րաւ բա­նաս­տեղծ մը կար այս յի­մա­րին ե­տին։ ­Դար­ձեալ հոն է, որ մե­զի պի­տի տրո­ւէր եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ կար­դա­լու ան­հա­ւա­սա­րե­լի դաշ­նա­ւո­րու­թեամբ է­ջեր, ուր կը շփո­թես ապ­րումն ու ե­րա­զը, ի­րա­կա­նու­թիւնն ու քմայ­քը, սիր­տը եւ միտ­քը, նիւթն ու հո­գին, տա­րօ­րէն հաշտ, սրտա­ռուչ խառ­նուր­դի մը մէջ, ո­րուն ըլ­լար խնա­յո­ւած տա­ժան­քը փի­լի­սո­փա­յա­կան դա­ժան հմտու­թեան, գրա­կան թե­թեւ sophismին»։
Այդ «­Հա­տըն­տիր»ին դեռ ար­ժա­նա­ցած չէ հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ այս խեն­թը։ Իսկ մեր սե­րունդ­նե­րը, ա­շա­կեր­տա­կան գրա­սե­ղան­նե­րէն ի­րենց յի­շո­ղու­թեան եւ նե­րաշ­խար­հին մէջ յա­տուկ տեղ մը վե­րա­պա­հե­լով հան­դերձ Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նին, ար­դէն գեր-նիւ­թա­պաշտ մեր կեան­քի սպա­ռիչ հեւ­քին մէջ հա­զիւ թէ շունչն ու ժա­մա­նա­կը գտնեն ըմ­բոշխ­նե­լու հմա­յա­կան տիե­զեր­քը ի­րաւ այս բա­նաս­տեղ­ծին։
Ե­ղիա Տ. ծնած էր Կ. ­Պոլ­սոյ ­Խաս­գիղ թա­ղա­մա­սը, 1851ի ­Մա­յիս 8ին։ ­Նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցաւ Օ­հան­նէս ­Պա­տո­ւե­լիի դպրո­ցին, ա­պա ժա­մա­նա­կի լա­ւա­գոյն­նե­րէն հա­մա­րո­ւող ­Խաս­գիւ­ղի ­Ներ­սէ­սեան վար­ժա­րա­նին մէջ՝ ա­շա­կեր­տե­լով ­Թով­մաս ­Թեր­զեա­նին եւ ­Մա­տա­թիա ­Գա­րա­գա­շեա­նին, ո­րոնց­մէ մխի­թա­րեան-գրա­բա­րեան հիա­նա­լի գի­տե­լիք­ներ ամ­բա­րեց։ Դպ­րո­ցա­կան տա­րի­նե­րուն կողք-կող­քի նստե­ցաւ ­Մի­նաս ­Չե­րա­զի հետ, ո­րուն ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան գա­ղա­փա­րա­կի­ցը մնաց մին­չեւ վերջ։ Մ­տե­րիմ դա­սըն­կեր ու­նե­ցաւ նաեւ ա­պա­գայ մե­ծա­նուն ման­կա­վարժ ­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեա­նը։
­Հան­րա­գի­տա­կան նոյն աղ­բիւր­նե­րուն հա­մա­ձայն, Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նի կեան­քին մէջ ա­ռա­ջին գլխա­ւոր դար­ձա­կէ­տը ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ 1866ին, երբ ան ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Խաս­գիւ­ղի նո­րա­բաց՝ ­Նու­պար փա­շա­յի հիմ­նած ­Շահ­նա­զա­րեան վար­ժա­րա­նը, որ սերն­դա­կեր­տու­մի մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Ու­սա­նե­լուն զու­գա­հեռ՝ պա­տա­նի Ե­ղիան ե­ղաւ նաեւ օգ­նա­կան ու­սու­ցիչ կրտսեր դա­սա­րան­նե­րուն մէջ։ ­Մո­լի ըն­թեր­ցա­սէր էր։
1870ին ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նը օս­մա­նեան պե­տու­թեան ­Բարձր Դ­րան տպագ­րու­թեան դի­ւա­նի (գրաքն­նու­թեան — Ն.) ան­դամ էր. կը կար­դար հոն ու­ղար­կո­ւող ամ­բողջ մա­մու­լը։ Եր­կար չդի­մա­ցաւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ։ Այ­նու­հե­տեւ ստանձ­նեց ­Հան­րօ­գուտ ­Շի­նու­թեանց նա­խա­րա­րու­թեան վար­չա­կան ժո­ղո­վի քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նը, որ­մէ նոյն­պէս շու­տով հրա­ժա­րե­ցաւ։ ­Պե­տա­կան-դի­ւա­նա­կան այս պաշ­տօն­նե­րը միշտ բաց մնա­ցին Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նի առ­ջեւ, որ նախ լա­ւա­պէս կը տի­րա­պե­տէր օս­մա­նե­րէ­նի եւ ֆրան­սե­րէ­նի, ա­պա՝ լայն ընդ­հա­նուր զար­գա­ցում ու­նէր։
1874ին սի­րա­հա­րո­ւե­ցաւ օ­րիոր­դի մը, որ սա­կայն նա­խընտ­րեց ա­մուս­նա­նալ հա­րուստ պաշ­տօ­նեա­յի մը հետ։ ­Յու­սա­հա­տու­թե­նէն՝ Ե­ղիա ա­ռա­ջին փոր­ձը կա­տա­րեց ինք­նաս­պա­նու­թեան, նե­տո­ւե­լով ծո­վը։ ­Սա­կայն ջու­րին պա­ղու­թեան չդի­մա­նա­լով՝ ցա­մաք դուրս ե­կաւ…
­Նոյն տա­րին մեկ­նե­ցաւ Ֆ­րան­սա՝ ­Մար­սէյ­լի Ա­ռեւտ­րա­կան ­Բարձ­րա­գոյն ­Վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սա­նե­լու հա­մար, բայց փո­խա­րէ­նը՝ սկսաւ հրա­տա­րա­կել «Le Littaeraire et Financier de Marseille» շա­բա­թա­թեր­թի քա­նի մը հա­մար­ներ, Ա­րեւ­մուտ­քին հա­յութ­յու­նը ներ­կա­յաց­նե­լու եւ ծա­նօ­թաց­նե­լու ձգտու­մով։ Այս շրջա­նին լծո­ւե­ցաւ նաեւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան ու­սում­նա­սիր­ման՝ դրա­պաշտ (positivist) փի­լի­սո­փա­նե­րուն, յատ­կա­պես Է­միլ ­Լիտ­րէի ուղ­ղու­թեան յա­րե­լով։ ­Նոյն­պէս մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ Ֆ­րան­սա­յի ա­կա­նա­ւոր գրող-գոր­ծիչ­նե­րու, յատ­կա­պէս ­Վիք­թոր ­Հիւ­կո­յի այ­ցե­լու­նե­րէն դառ­նա­լով։
1876ին վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս։ Ան­դա­մակ­ցե­ցաւ կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան թարգ­մա­նու­թեանց դի­ւա­նին։ ­Մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ աշ­խար­հա­բա­րի ա­զատ գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար մղո­ւող պայ­քա­րին, բայց պահ­պա­նո­ղա­կան մա­մու­լը փակ գտաւ իր առ­ջեւ։ ­Մա­մու­լի է­ջե­րուն տեղ չգտնե­լով՝ սկսաւ գրքոյկ­ներ հրա­տա­րա­կել։ Ա­ռա­ջի­նը «­Դամ­բա­րան»ն­ է (1879)։ 1880ին «­Մա­սիս» թեր­թը աշ­խա­տակ­ցե­լու հրա­ւէր ուղ­ղեց Ե­ղիա­յին։
­Հա­կա­ռակ հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թե­նէ հե­ռու մնա­լու իր ո­րո­շու­մին, նաեւ թա­ղա­կան ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Պէ­շիկ­թա­շի թա­ղա­մա­սէն, իսկ 1880ին ազ­գա­յին ե­րես­փո­խան ընտ­րո­ւե­ցաւ Ս­թե­նիա-­Նո­րա­գիւղ միա­ցեալ թա­ղե­րէն։
­Բայց ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նի ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը ան­յոյս էր։ ­Թեր­թե­րէ ստա­ցած չնչին պա­տո­ւե­գի­նով կը փոր­ձէր պահ­պա­նել իր գո­յու­թիւ­նը։
Ապ­րուս­տի վի­ճա­կը ո­րոշ չա­փով բա­րե­լա­ւո­ւե­ցաւ, երբ դա­սեր տա­լու հրա­ւէր­ներ ստա­ցաւ. տե­սուչ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Բե­րա­յի վար­ժա­րան­նե­րուն եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան դա­սա­խօս կար­գո­ւե­ցաւ ­Հայ­կա­կան Կր­թա­րա­նին մէջ։
1882ին բա­նա­խօ­սե­լու հրա­ւէր­ներ ստա­ցաւ կրթա­կան տա­րե­վեր­ջի բո­լոր հան­դէս­նե­րուն։ Ար­դէն իր ժա­մա­նա­կի բարձ­րար­ժէք մտա­ւո­րա­կա­նի համ­բա­ւին տի­րա­ցած էր։
1883ի ­Յու­նո­ւա­րէն մին­չեւ 1889 լոյս ըն­ծա­յեց «Գ­րա­կան եւ Ի­մաս­տա­սի­րա­կան ­Շար­ժում» հան­դէ­սը, ո­րուն նիւ­թե­րը ի՛նք կը գրէր, բա­ցա­ռու­թեամբ իր կա­տա­րած, թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րուն։ 1884ին, Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պի ա­ռա­ջար­կով՝ Ե­ղիա­յին յանձ­նո­ւե­ցաւ Ա­սիա­կան Ըն­կե­րու­թեան պաշ­տօ­նա­թերթ «Երկ­րա­գունտ» գրա­կան եւ գի­տա­կան հան­դէ­սը։ ­Հոս եւս լոյս ըն­ծա­յեց տար­բեր մար­զե­րու վե­րա­բե­րեալ իր մաս­նա­գի­տա­կան գրո­ւածք­նե­րը։ 1886էն 1887, քա­նի մը ա­միս, ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան խմբագ­րեց նաեւ Ա­րե­ւե­լեան Տն­տե­սա­գի­տա­կան ­Միու­թեան «Տն­տես» հան­դէ­սը, իսկ 1889ին լոյս ըն­ծա­յեց իր «­Դար» ա­նու­նով հան­դէ­սը (միայն մէկ հա­մար)։ Ե­ղիա ոչ միայն կը խմբագ­րէր, այ­լեւ քա­նի մը ան­գամ կը սրբագ­րէր նշեալ հան­դէս­նե­րու նիւ­թե­րը։ ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս «­Շար­ժում» թեր­թին ողջ աշ­խա­տան­քը իր վրայ կեդ­րո­նա­ցած էր. ոչ միայն խմբա­գիր ու հե­ղի­նակ էր, այ­լեւ մա­տա­կա­րար, բեռ­նա­կիր, ցրո­ւիչ։ Այդ շրջա­նին ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան աշ­խա­տե­ցաւ նաեւ ֆրան­սե­րէն-հա­յե­րէն բա­ռա­րա­նի մը կազ­մու­թեան վրայ, որ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ քա­նի մը ան­գամ (1886ին, 1894ին, 1896ին եւ, յետ մա­հու, 1930ին)։
1890ի ­Յու­լիս 31ին կորսն­ցուց մօ­րը եւ լրիւ մի­նակ մնաց։ ­Տա­րի­ներ ա­ռաջ ար­դէն կորսն­ցու­ցած էր հօ­րը։ ­Մին­չեւ 1893 ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան շա­րու­նա­կեց դա­սա­ւան­դել փի­լի­սո­փա­յու­թիւն, փի­լի­սո­փա­յու­թեան պատ­մու­թիւն, պատ­մու­թեան փի­լի­սո­փա­յու­թիւն, հին ու նոր գրա­կա­նու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թիւն, ման­կա­վար­ժու­թիւն, գե­ղա­գի­տու­թիւն, հո­գե­բա­նու­թիւն։
­Կեն­սա­գիր­նե­րը կ­þընդգ­ծեն, որ 1893ը ճգնա­ժա­մա­յին ե­ղաւ Ե­ղիա­յի կեան­քին մէջ։ ­Ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս դադ­րե­ցաւ գրե­լէ։ Իսկ նոյն տա­րո­ւան ­Մա­յի­սին, իր ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ինք­նաս­պա­նու­թեան երկ­րորդ ան­յա­ջող փոր­ձը կա­տա­րեց։ Այս ան­գամ զինք փրկեց մա­կոյ­կա­վար ­Պե­տոն, որ եղ­բայրն էր ծա­նօթ գրող ­Սու­րէն ­Պար­թե­ւեա­նի։ 1893ի աշ­նան ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Խաս­գիւ­ղի ի­րենց սե­փա­կան տու­նը եւ սկսաւ դար­ձեալ գրել՝ տպագ­րո­ւե­լով յատ­կա­պէս «­Ծա­ղիկ» հան­դէ­սի է­ջե­րուն։
1895ի ձմրան ­Բե­րա­յի մէջ ծա­նօ­թա­ցաւ հուն­գա­րու­հի Է­լեն ­Նի­սը­նի, որ դար­ձաւ Ե­ղիա­յի հե­տա­գայ կեան­քի ու­ղե­կի­ցը։ ­Հուն­գա­րու­հիի տան մէջ եր­կու տա­րի բնա­կե­լէ ետք, ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան մեկ­նե­ցաւ Ժ­նեւ, ա­պա՝ ­Վիեն­նա։ ­Ճամ­բոր­դու­թիւ­նը թէեւ չօգ­նեց իր ա­պա­քի­նու­մին, սա­կայն Ե­ղիա վերսկ­սաւ հան­դէս գալ մա­մու­լով։ ­Չորս տա­րո­ւան իր լռու­թիւ­նը խախ­տե­լու ե­կաւ «­Բիւ­զան­դիոն» թեր­թի է­ջե­րուն լոյս տե­սած «­Մեր ­Փոս­ֆո­րը»։
1901ին հի­ւան­դու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն սրե­ցաւ։ Ե­ղիան փո­խադ­րե­ցին Ազ­գա­յին ­Հի­ւան­դա­նոց, ուր մնաց մօտ մէկ տա­րի։ ­Զինք մե­ծա­գոյն հո­գա­տա­րու­թեամբ կը խնա­մէր Է­լեն ­Նի­սը­նը։ ­Հի­ւան­դա­նո­ցէն տուն վե­րա­դար­ձէն ետք միշտ գա­մո­ւած մնաց ան­կող­նին։ Եւ 1908ի ­Յու­լիս 19ին, Է­լեն ­Նի­սը­նի կար­ճա­տեւ բա­ցա­կա­յու­թեան ժա­մա­նակ, լա­րե­լով վեր­ջին ու­ժե­րը, Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեան ինք­նաս­պա­նու­թեամբ վերջ տո­ւաւ իր կեան­քին։
­Հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ խեն­թին մա­հո­ւան 109րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կո­չա­կան այս է­ջը կ­þար­ժէ փա­կել ­Հայ ­Լե­զո­ւին նո­ւի­րուած եւ ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նա­կան իւ­րա­յա­տուկ ո­ճով գրո­ւած հե­տե­ւեալ ներ­բո­ղա­կա­նով.
«Ո՞ր ազգն ու­նի այդ լե­զուն, ո՞ր լե­զո­ւի մէջ կա­րող է միտ­քը այն­քան ա­զատ շրջիլ, հո­գին այն­քան ա­զատ թռչիլ, որ­քան հայ լե­զո­ւի մէջ. փայ­լա­կին բե­կեալ, այլ փայ­լուն գիծն այն ար­շա­ւա­գոյն, որ լե­զուն կա­րող է պատ­կե­րաց­նել. ո՞ր լե­զուն Է՝ ոյր պար­բե­րու­թիւնք կրնան մերթ գե­տի մը չափ եր­կա­րիլ, պար­բե­րու­թիւնք՝ որք սա­կաւ գե­տե­րու նման սկիզբ ու­նին եւ վախ­ճան, որք բարձ­րե­րէն կը բղխին եւ գու­նա­գեղ բու­րում­նա­ւէտ դաշ­տաց ընդ­մէ­ջէն ա­դա­մանդ­ներ հո­լո­վե­լով կամ ժայ­ռեր գլո­րե­լով կ­þանց­նին գո­ռա­լով ու գա­լա­րե­լով, եւ ուր որ ու­րեմն ի խորս անդր օվ­կեա­նին անդն­դա­խոր կը հաս­նին»։