16 եւ 17 Սեպտեմբերին, Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Ներկայացուցաչական ժողովի ծիրէն ներս, Շաբաթ, 16 Սեպտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ եղբ. Յակոբ Եթիմեան արժանացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Արժանեաց» շքանշանին` միութենական 61 տարուան իր արտակարգ ծառայութեան եւ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարգաւաճման բերած նպաստին, Միութեան ծրագիրներուն եւ Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն իր մնայուն աջակցութեան համար: Պարգեւատրումին ներկայ եղան շրջանաւարտ Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Գէորգ Պօղոսեան եւ վարչութեան նախկին փոխատենապետ եղբ. Հայկազ Տէօքմէճեան։
Յակոբ Եթիմեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն միութեան կեանքէն ներս, եղած է տիպար եւ օրինակելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական: Փոքր տարիքէն 1962-ին անդամագրուած է Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ոտնագնդակի խումբին եւ տարիներ շարունակ մասնակցած է ոտնագնդակի մրցումներու: 1972-ին իր անձնական ճիգերով ստանձնած է փոքրերու ոտնագնդակի խումբի կազմակերպումը եւ տարիներ շարունակ մեծ դեր ունեցած է խումբի յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան մէջ: Եղած է Աթէնքի տեղւոյն վարչութեան ատենապետ, իսկ 1977-ին իր նախաձեռնութեամբ հիմը դրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի լուղորդական խումբին:
1988-ին ընտրուած է Շրջանային վարչութեան անդամ:
2014-ին կրկին կ՚ընտրուի Շրջանային վարչութեան անդամ` ստանձնելով ատենապետութիւնը եւ կը սկսի շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի թանգարանի պատրաստութեան, որուն աշխատանքը կը տեւէ մինչեւ 2018-ի թանգարանի բացումը:
2019-ին Շրջանային վարչութեան ատենապետի հանգամանքով իր մասնակցութիւնը կը բերէ միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, սակայն դժբախտաբար 8 Փետրուար 2019-ին իր ծանր անհանգստութեան պատճառով կը դադրի վարչութեան գործօն անդամ ըլլալէ: