Եր­կու­շաբ­թի, 29 Մա­յիս 2023-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­կե­րա­յին ե­րե­կոյ մը՝ «Ե­կէ՛ք հան­դի­պինք» նշա­նա­բա­նով: Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պած էր Հ.Կ.Խ.ի Ե­րի­տա­սարդ ան­դամ­նե­րու յանձ­նա­խում­բը:
Վե­րոն­շեալ յանձ­նա­խում­բը նշա­նա­կո­ւած է Հ.Կ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ եւ ա­նոր պար­տա­կա­նու­թիւն տրո­ւած է որ, ձե­ւեր մտա­ծէ եւ ա­ռա­ջին հեր­թին մի­ջո­ցա­ռում մը ձեռ­նար­կէ՝ մի­ջին եւ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քի սե­րուն­դը մօ­տեց­նե­լու հա­մար մեր միու­թեան շուրջ:
Ձեռ­նար­կը ա­ռիթ մը ե­ղաւ որ ներ­կա­նե­րը զո­ւար­ճա­նան բա­րե­կամ­նե­րով եւ մի­ջոց մը, որ զո­ւար­ճու­թեան զու­գա­հեռ՝ բա­րե­սի­րա­կան նպա­տա­կի հա­մար նո­ւի­րա­բե­րեն, քա­նի հա­սոյ­թը պի­տի տրա­մադ­րո­ւի Հայ Կա­պոյտ Խա­չի բա­րե­սի­րա­կան ծրագ­րե­րէն մէ­կուն:
Գի­շե­րո­ւայ ժա­մը 9-էն, Նէա Զ­միռ­նիի Majorelle gastrobar-ի գե­ղե­ցիկ մթնո­լոր­տին մէջ, սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բո­ւած էին բո­լոր ա­նոնք ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջե­ցին հրա­ւէ­րին եւ ե­կած էին քա­ջա­լե­րե­լու յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տան­քը:
Բա­րի գա­լուս­տի բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց ըն­կե­րու­հի Ռու­լա Պէ­քէ­րե­ճեա­ն, հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով: Ան ի մի­ջի այ­լոց ը­սաւ «կա­րե­լի չէ ե­րե­ւա­կա­յել, թէ ինչ­պէս պի­տի ըլ­լար մեր գա­ղու­թի ըն­թաց­քը ա­ռանց Հայ Կա­պոյտ Խա­չի ներդրու­մին: Իր դերը միայն բա­րե­սի­րա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ չէ, այլ նաեւ՝ միաց­նե­լու եւ միաս­նա­կան ըլ­լա­լու տես­լա­կա­նը բարձր պա­հե­լուն»: Ե­րի­տա­սարդ ըն­կե­րու­հին բա­ցատրեց ներ­կա­նե­րուն, թէ այս ձեռ­նար­կով ա­ռա­ջին փորձ մը կ’ըլ­լայ ի­րենց յանձ­նա­խում­բին ստանձ­նած պար­տա­կա­նու­թեան հա­մար եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց, որ ի­րենք կը սա­տա­րեն փոր­ձի յա­ջո­ղու­թեան: Ա­պա, բա­րի վա­յե­լում եւ զո­ւար­ճու­թիւն մաղ­թեց բո­լո­րին եւ բեմ հրա­ւի­րեց Նէ­վի Ցու­քա­լան եւ իր նո­ւա­գա­խում­բը:
Ե­րաժշ­տու­թիւն եւ երգ, գի­նի եւ մե­զէ­ներ, ու­րախ տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծե­ցին:
Ըն­կե­րու­հի Նէ­վի Ցու­քա­լան սի­րա­յօ­ժար ստանձ­նած էր ներ­կա­յաց­նել ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գի­րը: Եր­կու ե­րա­ժիշտ­նե­րու, դաշ­նա­կի եւ սաք­սո­ֆո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ եր­գեց հա­յե­րէն, յու­նա­րէն, անգ­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն սի­րուած եր­գեր եւ իր տա­ղան­դով ու գե­ղե­ցիկ կա­տա­րում­նե­րով, ջերմ մթնո­լորտ ստեղ­ծեց ու բո­լո­րին տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը բարձր պա­հեց մին­չեւ ուշ ժա­մեր:
Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւե­ցան նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ, մթնո­լոր­տէն խան­դա­վա­ռո­ւած եւ մա­նա­ւանդ՝ քա­ջա­լե­րե­լու հա­մար յանձ­նա­խում­բի ջան­քե­րը:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր ներ­կա­նե­րուն եւ նո­ւի­րա­տու­նե­րուն:
­Վարձ­քը կա­տա՛ր մեր ե­րի­տա­սարդու­հի­նե­րու յանձ­նա­խում­բին, որ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ստանձ­նեց ի­րենց յանձ­նո­ւած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը:
Յե­տայ­սու կա­րե­ւոր է, որ նման յանձ­նա­խում­բե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ու­նե­նայ շա­րու­նա­կու­թիւն, որ­պէս­զի հետզ­հե­տէ բո­լոր ե­րի­տա­սարդ ըն­կե­րու­հի­նե­րը դառ­նան գոր­ծու­նեայ եւ ի­րենց սերն­դա­կից հայ­րե­նա­կից­նե­րը բո­լո­րո­ւին Հայ Կա­պոյտ Խա­չի նպա­տակ­նե­րուն շուրջ:

Հայ Կապոյտ Խաչ