Ար­դէն սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է, աշ­խար­հի չորս կող­մը, որ քրիս­տո­նեայ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ ա­մէն տա­րի, ­Յու­նո­ւար ամ­սու 18էն 25ը նկա­տի ա­ռած են՝ կա­տա­րե­լու հա­մար ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան ա­ղօթ­քի շաբ­թո­ւան յայ­տա­գիր­նե­րը։ ­Հե­տե­ւա­բար, ­Թե­սա­ղո­նի­կէն եւս զերծ չի մնար այս­պի­սի գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թիւն­նե­րէ։ Առ այդ, ­Շա­բաթ՝ 20 ­Յու­նո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, հրա­ւէ­րո­վը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի կա­թո­լիկ հա­մայն­քին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի կա­թո­լիկ­նե­րու «Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նի Ա­նա­րատ Յ­ղու­թիւն» ե­կե­ղե­ցիէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան հա­մար յա­տուկ ա­րա­րո­ղա­կան կարգ եւ ա­ղօթք, գլխա­ւո­րու­թեամբ շրջա­նին մէջ բո­լոր քրիս­տո­նեայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին։
­Սոյն ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քը ներ­կա­յա­ցուց ար­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ Ազգ. ­Վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի տիկ. ­Վե­րա Պ­լէ­ճեան, ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ներ­կայ եւ ան­ցեա­լի ան­դամ­ներ՝ պրն. ­Վահ­րամ ­Պէք­թա­շեան, պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան (ա­տե­նա­պետ) եւ պրն. ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան։ Ա­ւե­լի քան մէկ ժա­մո­ւան ըն­թաց­քին, բո­լոր հա­մայնք­նե­րու հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը կա­տա­րե­ցին զա­նա­զան տե­սա­կի ա­րա­րո­ղա­կան կարգ, ա­ղօթք­ներ, Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցում, մաղ­թանք­ներ, ե­ւայլն…։
Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, ­Հայր ­Սուր­բը իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ՝ հա­յե­րէ­նով ըն­թեր­ցե­լով «­Լուր ձայ­նից մե­րոց…» ե­րե­կո­յեան ա­ղօթ­քը։
­Ձեռ­նար­կը ող­ջու­նե­լի ե­րե­ւոյթ է՝ փորձ կը կա­տա­րէ ա­ւե­լի սեր­տաց­նե­լու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը քա­ղա­քին մէջ գոր­ծող բո­լոր քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մի­ջեւ։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, նոյն վայ­րի սրա­հէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։
Ա­ւար­տին, ա­նոնք զի­րար ող­ջու­նե­ցին եւ բա­րե­մաղ­թանք­ներ կա­տա­րե­լով բաժ­նո­ւե­ցան ի­րար­մէ։