Ի գի­տու­թիւն հա­ւա­տա­ցեալ մեր ժո­ղո­վուր­դին, այ­սու կը յայտ­նենք, թէ հա­մա­ճա­րա­կի նախզ­գու­շա­կան սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու հետզ­տե­տէ մեղ­մաց­ման պե­տա­կան սպա­սար­կու­թեանց ո­րո­շում­նե­րուն հե­տե­ւե­լով, ­Թե­միս բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս Ս. ­Պա­տա­րա­գի դռնբաց ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան պի­տի վերսկ­սին 17 ­Մա­յիս 2020ին:
10 ­Մա­յիս 2020ին կ­.ա. ժա­մը 10-12, ­Թե­միս ե­կե­ղե­ցի­նե­րը
բաց պի­տի ըլ­լան միայն ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՊԱՇՏԱԿԱՆ
ԱՂՕԹՔԻ ԵՒ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ:
­Ժահ­րի վա­րակ­ման եւ տա­րած­ման ա­հա­զան­գա­յին բարձր աս­տի­ճա­նի վտան­գը առ­կայ է եւ նախզ­գու­շա­կան պար­տա­ւո­րիչ պայ­ման­նե­րը չեն վե­րա­ցած:
­Պե­տա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն ալ, ո­րոնց կար­գին ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեանց ըն­թաց­քին ե­կե­ղե­ցիէն ներս ներ­կա­յու­թեան պա­րա­գա­յին, պար­տա­ւո­րե­ցու­ցիչ նախզ­գու­շա­կան մի­ջո­ցա­ռում­ներ սահ­մա­նած են, ո­րոնք պէտք է որ ան­պայ­ման եւ ա­ռանց զան­ցա­ռու­թեան գոր­ծադ­րո­ւին, հա­սա­րա­կաց ա­ռող­ջու­թեան անվ­տան­գու­թեան հա­մար:
Ց­նոր տնօ­րի­նում կը շա­րու­նա­կո­ւին՝

  • ­Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րո­ւիլ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, ծխա­տէր հո­գե­ւոր հո­վի­ւին հետ ննջե­ցեա­լի հա­րա­զատ ըն­տա­նի­քի սա­կա­ւա­թիւ ան­դամ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան:
  • ­Հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թեանց պա­րա­գա­յին, ե­կե­ղե­ցիէն ներս ննջե­ցեա­լի հա­րա­զատ ըն­տա­նի­քի սա­կա­ւա­թիւ ան­դամ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը:
  • Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու սրահ­նե­րը ցա­ւակ­ցու­թեան, հո­գե­սուր­ճի կամ այլ հա­ւաք­նե­րու հա­մար փակ մնալ:
    ­Ժահ­րի վա­րակ­ման վտան­գին եւ տա­րած­ման ա­հա­զան­գա­յին բարձր աս­տի­ճա­նի առ­կա­յու­թեան ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, յատ­կա­պէս յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քի ան­ձե­րու դիւ­րա­խոց պա­րա­գան նկա­տի առ­նե­լով, մեր սի­րե­լի եւ թան­կա­գին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, մեծ հայ­րե­րուն եւ մեծ մայ­րե­րուն ա­ռող­ջու­թեան վրայ գուր­գու­րա­լով, կը թե­լադ­րենք, որ ե­թէ ա­նոնք ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ըլ­լա­լու կամ մոմ վա­ռե­լով ա­ղօթք ը­նե­լու փա­փա­քը եւ հո­գե­ւոր պա­հանջ­քը ու­նին, թող այդ փա­փա­քը ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կա­տա­րեն:
    ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ