Յունաստանէն ներս «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառած ահազանգային իրավիճակի առօրեայ զարգացումներուն լոյսին տակ, հետեւելով՝ պետական սպասարկութեանց հետզհետէ խստացող կանխազգուշացման հրահանգներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն անվնասութեան հոգատար ըլլալու պատասխանատուութեամբ, այսու կը յայտարարենք հետեւեալ որոշումները:
Շարունակել հետեւիլ պետական սպասարկութեանց կանխազգուշացման հրահանգներուն, տունը մնալ եւ անտեղի շրջագայութենէ դադրիլ՝ ժահրէն վարակուելու հաւանական վտանգներէ հեռու մնալով:
Յունաստանի Հայոց Թեմի ծխական բոլոր եկեղեցիները փակ կը մնան։
Հետեւաբար, եկեղեցական բոլոր տեսակի արարողութիւնները, ի մասնաւորի՝ Կիրակի օրերու Ս. Պատարագի եւ մեծ Պահոց Արեւագալի եւ Հսկումի արարողութիւնները ցնոր տնօրինութիւն կը դադրին:
Յուղարկաւորութեան եւ հոգեհանգստեան արարողութիւնները պիտի կատարուին գերեզմանատան մէջ, ծխատէր հոգեւոր հովիւին հետ ննջեցեալի ընտանիքի անդամներու ներկայութեան:
Մինչ այդ, մեր ընտանեկան յարկերէն ներս կը շարունակենք աղօթել Ամենախնամ Աստուծոյ, որ փութապէս եւ ի սպառ հեռացնէ մեզմէ եւ համայն աշխարհի մարդկութեան վրայէն «Քորոնա» ժահրի մահասփիւռ պատուհասը:
Յունաստանի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողով