Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի՝ պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ներում ստանալով օդանաւով տեղափոխուած է Թել Աւիւ, իր էջին վրայ անդրադարձած է Արցախի տագնապին նկատմամբ իր դիրքորոշման, Ատրպէյճանի իսկական պատկերին, ինչպէս նաեւ՝ բանտին մէջ իր կրած չարչարանքներուն:
«Կ՛ամչնամ խոստովանելու, որ Ատրպէյճանի բանտ մտնելէս առաջ կը հաւատայի, թէ Ղարաբաղեան տագնապը, որ շատ վիճելի հարց է, պիտի լուծուի Ատրպէյճանի ազգային սահմանները յարգելու միջոցով: Ի՜նչ յիմար էի ես: Ատրպէյճան տակաւին 1988 թուականին ահաբեկչութիւն կատարած է հայերուն նկատմամբ` Պաքուի, Սումկայիթի եւ Ղարաբաղի մէջ:
«Ինծի վերաբերող մեղադրական եզրակացութեան մէջ, զոր ստորագրած էր Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազը, բառացիօրէն գրուած էր հետեւեալը.- «Մեղադրեալ Լափշինը բռնագրաւեալ Ղարաբաղի շրջանը անուանած է «Արցախ»:
«Գիշեր-ցերեկ հանդուրժողականութեան մասին խօսող Ատրպէյճանը Ղարաբաղի հայկական անուանման` «Արցախ»ի գործածութիւնը կը նկատէ անօրինական: Այսինքն՝ հայոց լեզուն օրէնքէ դուրս է: Այս կը նշանակէ, որ հայերը պէտք չէ խօսին հայոց լեզուով, պէտք չէ ունենան իրենց կրօնը, քանի որ, ըստ հետախոյզ Թալիպովի, «հայերու ցեղասպանութիւնը մտացածին է, եթէ թուրքերը զանոնք մորթած ըլլային, մենք աւելի քիչ խնդիրներ կ՛ունենայինք»:
«Կեպելս ջղային կը ծխէր…
«Հայե՛ր, դուք կը դիմանաք: Այդ մարդիկ կը փափաքին ձեզ մեռած տեսնել եւ վերջակէտ: Եւ եթէ դուք բանակցութիւններուն կամ Հայաստանի կեցուածքներու թուլացման հետեւանքով կորսնցնէք Ղարաբաղը, գիտցէ՛ք, որ անոնք պիտի գան եւ ձեզ պիտի մորթեն այնպէս, ինչպէս վարուած են թուրքերը 100 տարի առաջ: Անոնց գազանացումը անցած է բոլոր սահմանները»,- գրած է Լափշին:
Լափշին իր գրառումը աւարտած է հեշթեկով` «Ազերոմարազմ»:
Այլ գրառումով մը՝ Լափշին նաեւ հերքած է այն լուրերը, որոնց համաձայն՝ ներում ստանալէ ետք ինք անմիջապէս նամակ գրած է Իլհամ Ալիեւին` յայտնելով.- «Այժմ ես ստացած եմ անվիճելի ապացոյցներ այն մասին, որ Ղարաբաղը կայ եւ պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի հողը: Յոյսով եմ, որ Ղարաբաղի հարցը կը լուծուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքով»: Ան զարմանքով կարդացած է այս նամակին մասին եւ նշած, որ անիկա ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրականութեան, այլ բացայայտ կեղծիք է, որովհետեւ ինք հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ պառկած չէր կրնար նման նամակ գրել ու զղջալ:
Ալեքսանտր Լափշին նաեւ հերքած է այն լուրերը, ըստ որոնց՝ բանտին մէջ փորձած է ինքնասպան ըլլալ: Պլոկըրը յայտնած է, թէ բանտին մէջ, ուր կը պահուէր, իր վրայ յարձակած են բանտարկեալներ: Ան դիտել տուած է, որ խորքին մէջ իրեն ներում շնորհելու Ալիեւի քայլը` իրեն նկատմամբ գործուած անօրինականութիւններէն ետք, Պաքուի կողմէ երկրի հեղինակութեան բարձրացման միտող քայլ էր:
«Ես անձնասպանութեան փորձ չեմ կատարած: Պաքուի բանտ դրուելուս առաջին օրերէն իսկ այլ բանտարկեալներէ սպառնալիքներ ստացած եմ: Հակառակ անոր, որ անոնք զիս մեկուսացուած կը պահէին, կարելի չէր խուսափիլ միւսներուն հետ ճամբան հանդիպելէ:
«Զիս հարցաքննած են Ռուսիոյ անվտանգութեան եւ Հայաստանի հետախուզական ծառայութիւններուն հետ` հակա-ատրպէյճանական թշնամական համագործակցութեան հարցով: Ատիկա բացարձակ անհեթեթութիւն էր, սակայն ճիշդ այդ կը հետաքրքրէր զիրենք»,- ըսած է պլոկըրը:
Ան պատմած է, որ օրեր առաջ անոր բանտախուցը տեղափոխած են այլ անձ մը: «Երկու օր ետք ես արթնցայ Պաքուի հիւանդանոցի բժշկական շտապ օգնութեան սենեակին մէջ` վնասուած պարանոցով, պարանոցիս վրայ խեղդելու հետքերով, կոտրուած ատամներով: Այդ միջադէպէն անմիջապէս ետք ինծի ներում շնորհուեցաւ»,- նշած է Լափշին:
Պլոկըրը գրած է, որ հիւանդ է ու կը բուժուի: Ատրպէյճանական բանտին մէջ զայն այնքան ծեծած են, կոկորդը սեղմած, որ չէ կրցած ջուր կամ կերակուր կուլ տալ:
«Բնականաբար, երբ քեզ կը խեղդեն, կը ծեծեն` ջարդելով ատամներդ, կողոսկրներդ, ատիկա մէկ օրէն չ՛անցնիր: Իմ առողջական վիճակս կը նկատուի միջին ծանրութեան: Բայց մերժեցի հիւանդանոց երթալ, եւ ճիշդ ըրի, քիչ-քիչ արդէն առանձինս ջուր կը խմեմ եւ կ՛ուտեմ»:
Ան նաեւ աւելցուցած է.- «Ինչպէ՞ս գիտնայի, թէ այս պատմութիւնը մինչեւ ո՛ւր պիտի հասնի: Կայ կարծիք, որ կարելի չէ ներել Ատրպէյճանին` զիս չսպաննելուն համար, ուստի պէտք է խոհեմ կերպով շարժիլ` միջազգային կառոյցներու միջոցով: Կը հաւատամ միջազգային իրաւունքի փորձագէտներուն, կը հաւաքեմ փաստաթուղթեր: Հետագայ իրադարձութիւններուն մասին կը տեղեկացնեմ»,- եզրափակած է Արցախ այցելելուն համար ատրպէյճանական «սեւ ցանկ»ին վրայ յայտնուած եւ բազում տագնապներէ անցած Լափշին:
«Եթէ կորսնցնէք Արցախը, գիտցէ՛ք, որ անոնք ձեզ կը մորթեն»
«Եթէ Հայաստանի կեցուածքներուն թուլացման հետեւանքով կորսնցնէք Արցախը, գիտցէ՛ք, որ անոնք ձեզ կը մորթեն»,- գրած է Լափշին