Հա­յաս­տա­նի մէջ կը կա­ռու­ցո­ւի ե­զի­տի­նե­րու աշ­խար­հի ա­մե­նա­մեծ տա­ճա­րը,- կը հա­ղոր­դէ France-Presse լրա­տո­ւա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը` նշե­լով, թէ այս կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը յոյս ու­նի, որ տա­ճա­րը ու­ժի խորհր­դա­նիշ պի­տի դառ­նայ` պահ­պա­նե­լու իր ե­զա­կի հա­ւատ­քը:
Ըստ «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին՝ եօ­թը գմբէթ­նե­րով ճեր­մակ տա­ճա­րը, կրա­նի­տէ ու մար­մա­րէ, կը կա­ռու­ցո­ւի մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նէն 35 քմ. ­հե­ռու գտնո­ւող` ե­զի­տի­նե­րով բնա­կե­ցո­ւած Ակ­նա­լիճ փոք­րիկ գիւ­ղին մէջ: 25 մեթր բարձ­րու­թիւն ու­նե­ցող տա­ճա­րին մէջ պի­տի ըլ­լայ մեծ ա­ղօ­թաս­րահ, կրօ­նա­կան դպրոց եւ թան­գա­րան: Եօ­թը գմբէթ­նե­րը կը խորհր­դան­շեն ե­զի­տի­նե­րու հա­ւատ­քին եօ­թը սուր­բե­րը. ա­նոնք կը հա­ւա­տան մէկ Աս­տու­ծոյ, որ ստեղ­ծած է աշ­խար­հը, եւ եօ­թը սուր­բե­րու:
­Տա­ճա­րի կա­ռու­ցու­մը կը տնտե­սա­ւո­րէ ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ բնա­կող ե­զի­տի գոր­ծա­րար ­Միր­զա Ս­լո­յեան, որ ծնած է ­Հա­յաս­տան:
Աշ­խար­հի մէ­կու­կէս մի­լիոն ե­զի­տի­նե­րու ա­մե­նա­մեծ հա­մայն­քը Ի­րա­քի մէջ կը գտնո­ւի, բայց հոն ա­նոնք եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կ­՛են­թար­կո­ւին ճնշում­նե­րու եւ բռնու­թիւն­նե­րու: ­Դեռ ­Սա­տամ ­Հու­սէյ­նի տի­րա­պե­տու­թեան օ­րօք, հա­զա­րա­ւոր ե­զի­տի­ներ փախ­չած են Ի­րա­քէն: Իսկ 2014ի ամ­րան «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» ջի­հա­տիստ­նե­րը՝ գրա­ւե­լով Ի­րա­քի հիւ­սի­սը գտնո­ւող ե­զի­տի­նե­րու կեդ­րոն ­Սին­ջա­րը, բազ­մա­թիւ մար­դիկ սպան­նե­ցին եւ են­թար­կե­ցին խոշ­տան­գում­նե­րու: Մ.Ա.Կ.ը այդ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը բնո­րո­շած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: «­Մենք ա­հա­ւոր կո­րուստ­ներ ու­նե­ցանք ­Սին­ջա­րի մէջ եւ շատ ընկ­ճո­ւած էինք, բայց այս տա­ճա­րը մե­զի վե­րած­նուն­դի յոյս կու տայ»,- France-Presseին ը­սած է ­Հա­յաս­տա­նի ե­զի­տի­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ շէյխ ­Հա­սան ­Հա­սա­նեան: «Ե­թէ մենք կրնանք այս­պի­սի հրա­շա­լի տա­ճար կա­ռու­ցել, կը նշա­նա­կէ` ե­զի­տի­նե­րը դի­մա­ցած են, ա­նոնք չեն յանձ­նո­ւած»,- շեշ­տած է ան:
France-Presse կը նշէ, որ ե­զի­տի­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէն մէկն են, ա­նոնք հա­մար­կո­ւած են հայ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ, կրօ­նա­կան ա­զա­տու­թիւն­ներ, ի­րենց լե­զո­ւով տպագ­րո­ւող թերթ եւ դա­սա­գիր­քեր ու­նին: ­Սա­կայն աղ­քա­տու­թեան մեծ չա­փե­րը ու գոր­ծազր­կու­թիւ­նը ա­նոնց եւս կը ստի­պեն աշ­խա­տանք փնտռե­լու հա­մար ար­տա­գաղ­թե­լու Եւ­րո­պա, ­Ռու­սիա կամ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ: «Ես յոյս ու­նիմ, որ նոր տա­ճա­րը ա­ռիթ պի­տի դառ­նայ Եւ­րո­պա­յի մէջ ապ­րող ե­րե­խա­նե­րուս Ակ­նա­լիճ վե­րա­դար­ձի հա­մար, յի­շեց­նե­լու ա­նոնց, որ ի­րենք ե­զի­տի են»,- ը­սած է Ակ­նա­լիճ բնա­կող ­Մի­շա ­Դաւր­շեան: ­Շեշխ ­Հա­սան ­Հա­սա­նեան նշած է, որ ե­զի­տի­նե­րը պե­տա­կա­նու­թիւն չու­նին եւ ե­թէ դադ­րին պաշտ­պա­նե­լէ ի­րենց ա­ւան­դոյթ­նե­րը, ա­պա ու­ծա­ցու­մը, ինք­նու­թեան կո­րուս­տը ան­խու­սա­փե­լի պի­տի ըլ­լայ: Ան յոյս յայտ­նած է, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­ռու­ցո­ւող տա­ճա­րը աշ­խար­հի բո­լոր ե­զի­տի­նե­րու ուխ­տագ­նա­ցու­թեան վայր պի­տի դառ­նայ: