Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին վե­րա­բե­րեալ Ե­գիպ­տո­սի խորհր­դա­րա­նին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հա­յան­պաստ դիր­քո­րո­շում ու­նի:- Այս մա­սին, յայտ­նած է Ե­գիպ­տո­սի մէջ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու Ար­մէն ­Մազ­լու­մեան` անդ­րա­դառ­նա­լով Ե­գիպ­տո­սի խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը բարձ­րաց­նե­լուն: «­Շու­տով Ապ­րիլ է, եւ կրկին պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կը բարձ­րաց­նեն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը: ­Նա­խորդ տա­րի զգա­լի թի­ւով պատ­գա­մա­ւոր­ներ ստո­րագ­րած էին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւը օ­րա­կարգ մտցնե­լու եւ քննար­կե­լու հա­մար, սա­կայն ան­կէ ետք գոր­ծը ա­ռաջ չան­ցաւ: Այս օ­րե­րուն խորհր­դա­րա­նի եր­կու կա­րե­ւոր` պաշտ­պա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խումբ­նե­րը յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րին, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցո­ւի` ա­տի­կա չկա­պե­լով ­Թուր­քիոյ հետ ու­նե­ցած խնդիր­նե­րուն հետ, այլ դի­տար­կե­լով զուտ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու ծի­րէն ներս։ Իբ­րեւ օ­րի­նակ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ­Հո­լան­տա­յի եւ ­Գեր­մա­նիոյ կա­տա­րած քայ­լե­րը»,- ը­սած է Ար­մէն ­Մազ­լու­մեան: Ան նշած է, որ խորհրդա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ՝ ու­նի հա­յան­պաստ կե­ցո­ւածք:
­Հայ ­Դա­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը դժո­ւա­րա­ցած է պա­տաս­խա­նե­լու այն հար­ցին, թէ ի՛նչ զար­գա­ցում­նե­րու պէտք է սպա­սել յա­ռա­ջի­կա­յին, եւ թէ որ­քա՛ն հա­ւա­նա­կան է, որ հար­ցը այս ան­գամ պի­տի մտնէ օ­րա­կարգ։ ­Մազ­լու­մեան միայն նկա­տած է, որ առ­կայ քա­ղա­քա­կան դաշ­տը բա­րենպաստ է: ­Վեր­ջին շրջա­նին Ե­գիպ­տո­սի եւ ­Թուր­քիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վատ­թա­րա­ցած են: ­Պատ­ճա­ռը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ­Թուր­քիոյ վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն է, Ե­գիպ­տո­սի դէմ ու­նե­ցած կե­ցո­ւած­քը: ­Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այն­քան սրած են, որ ­Թուր­քիոյ դես­պա­նը Ե­գիպ­տո­սէն վտա­րո­ւած է: