Ճակատագրի դառն ու հեգնական խաղերու շարքին ամէնէն ծանր հարուածներէն մէկը աննկուն յեղափոխականին՝ մահուան հետ ամէնօրեայ ճակատումներէն անյաղթ դուրս եկած գաղափարի մարտիկին պարտութիւնն է հիւանդութեամբ հարւածող մահուան առջեւ…
1897ի այս օրը, Յունիս 1ին, Աղեքսանդրիոյ (Եգիպտոս) մէջ, ուր թոքախտէ բուժուելու համար ղրկուած էր Պոլիսէն, բոցավառ իր աչքերը առյաւէտ փակեց 29ամեայ հայ երիտասարդ մը, որ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման յուշամատեանին մէջ անմահացած է Եգիպտացի անունով։
Գասպար Իփէկեանի վկայութեամբ՝ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կերտողներուն մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի» Արտաշէս Դեւեան (Միսակեան, Մինասեան), որուն կենսագրութեան վերաբերեալ, սակայն, նոյնինքն ազգանունէն եւ յեղափոխական ծածկանունէն սկսեալ, անցնելով մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջանի մանրամասներէն, ընդհանուր շփոթ գոյութիւն ունի մեր պատմագրութեան մէջ։
Մինչ «Դրօշակ» օրին, Յունիս 1897ի իր համարին առաջին էջով, մահուան գոյժը փոխանցող հեռագրին ու լուսանկարին կցուած ծաւալուն մահագրութեան մէջ, «Միսակեան» ազգանունով կը ներկայացնէ հայ յեղափոխական շարժման աննկուն այս դրօշակիրին, հետագայ աղբիւրները, հիմնուելով Սիմոն Վրացեանի խմբագրած «Յուշապատում»ին (հրատարակուած 1950ին, Պոսթըն) վրայ, կը հաստատեն, որ «բուն անունը Արտաշէս Մինասեան էր»։
Այսուհանդերձ՝ ե՛ւ կենսագիրները, ե՛ւ յուշամատեանները համակարծիք են ու միաձայնութեամբ կը շեշտեն, որ քսանամեայ Արտաշէսը վճռորոշ դեր ունեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքի դաշնակցական կուռ կազմակերպութեան ստեղծման եւ ուժեղացման մէջ։ Պոլսոյ եւ յատկապէս Սամաթիոյ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութիւնը մարտունակ կազմակերպութեամբ օժտելու, ինքնապաշտպանութեան անխուսափելի կռուին համար Պոլսոյ հայութիւնը զէնքով ու ռումբերով ապահովելու եւ զինավարժութեամբ պատրաստելու գործին մէջ, անփոխարինելի եղաւ ներդրումը նաեւ «Յովէփ», «Հայկ», «Մուսթաֆա» յեղափոխական ծածկանուններով գործած Եգիպտացիի։
Ծնած է Տրապիզոն, 1868ին։ Արհեստով ոսկերիչ էր, շէն ու կենսուրախ երիտասարդ մը, որ Տրապիզոնի իր շրջապատին ծանօթ էր «Դեւ Եաւրուսի Արտաշ» անունով։
1892ին, երբ Դաշնակցութեան հինադիր սերունդի յառաջապահ գործիչներէն Յովհաննէս Եուսուֆեան ուսուցչական պաշտօնով Տրապիզոն կը գտնուէր եւ հայ երիտասարդութիւնը կը տոգորէր հայ ազգային¬ազատագրական շարժման նուիրուելու գաղափարներով, 24ամեայ Արտաշէսը ամբողջական փարումով միացաւ նորաստեղծ Դաշնակցութեան եւ, հետեւելով գաղափարական իր կնքահօր՝ Եուսուֆեանի քայլերուն, իր կարգին տեղափոխուեցաւ Պոլիս ու հաստատուեցաւ Սամաթիա։
Պոլսոյ մէջ Եուսուֆեանի առաջացուցած դաշնակցական կուռ կազմակերպութեան մէջ, Բաբկէն Սիւնիի կողքին, Սուրէնի եւ Խաչիկ Գնունիի հետ, Արտաշէս եղաւ հիմնադիր կերտիչներէն մէկը արիւնարբու սուլթանին՝ Ապտիւլ Համիտի հայաջինջ քաղաքականութեան դէմ մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու մարտունակութեամբ թրծուած Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ կազմակերպութեան։ Մանաւանդ զէնքերու եւ ռումբերու գնման ու տեղափոխման ծայր աստիճան վտանգաւոր գործին մէջ, թուրք ոստիկաններու, լրտեսներու եւ հայանուն մատնիչներու ամէնօրեայ հետապնդումներուն հակառակ, Եգիպտացի յաջողեցաւ թէ՛ անձամբ, թէ՛ իր առաջացուցած գործակիցներու խումբերով, ապահով թագստացներ փոխադրել եւ փողոցային ընդհարումներու ընդունակ զինապահեստով օժտել Պոլսոյ յեղափոխական կազմակերպութիւնը։
Օսմանեան իշխանութեանց սպասարկուները բնաւ չկրցան զէնքի գնման կամ տեղափոխման նպատակով Պոլսոյ փողոցներուն մէջ գիշերներ լուսցնող Եգիպտացիին բռնել «յանցանք»ի վրայ. նոյնիսկ եղաւ պահ, երբ կասկածներու հիման վրայ բանտարկեցին զինք, բայց ո՛չ ծեծի տակ կրցան խոստովանութիւն կորզել իրմէ, ոչ ալ վկաներ գտնել…
Այդպէ՛ս, մարտական իր ձեռնհասութեամբ, Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի սիւներէն մէկը դարձաւ Եգիպտացի։
Բայց միայն մարտական իր ընդունակութիւնները չէին, որ առանձնայատուկ դեր սահմանեցին հայ յեղափոխականի աննկուն կամքը մարմնաւորող այս երախտաւորին։ Եգիպտացի օժտուած էր կազմակերպիչի եւ քարոզիչի բացառիկ տաղանդով։ «Դրօշակ»ի վերոնշեալ մահագրութեան մէջ մանրամասն կը նկարագրուի Պոլսոյ հայոց Ազգային Հիւանդանոցի պարտէզին մէջ հոծ բազմութեամբ կայացած Ազգային Սահմանադրութեան հռչակման 35ամեակի տօնակատարութիւնը, երբ յաւուր պատշաճի ելոյթներու կարգը խախտելով՝ յանկարծակի խօսք կþառնէ շատերուն անծանօթ երիտասարդ մը, թրքական բռնատիրութեան դէմ անհաշտ կռուի եւ հայկական գաւառներու պաշտպանութեան կոչ կþուղղէ բոցաշունչ ճառով մը եւ հաւաքը կը վերածուի հաւաքական ըմբոստացման բուռն հանդիսութեան մը՝ յանգելով Հիւանդանոցի ճակատէն թրքական դրօշը վար առնելու քայլին։
Երիտասարդական իր այդ յախուռն քայլին եւ Կ. Կոմիտէի անդամի իր հանգամանքը լրտեսներու եւ մատնիչներու լուսարձակին տակ դնող անխոհեմութեան համար, Եգիպտացի կարգապահական պատիժ ստացաւ իր ընկերներուն կողմէ։ Որոշ ժամանակ հեռու պահուեցաւ ցուցական կարեւոր նախաձեռնութիւններէ, բայց շարունակեց իր պատասխանատու գործունէութիւնը զինման եւ զինավարժութեան մարզին մէջ։ 1895ի համիտեան կոտորածներուն ի պատասխան՝ յղացաւ եւ ծրագրեց Սուլթանի ահաբեկման ծրագիր մը։ Նոյնինքն Ռամատանի տօնին օրը, Համիտի տեղափոխութեան փողոցները ուսումնասիրած քարտէսի մը հիման վրայ, անձամբ ռումբերով յարձակում իրականացնելու առաջարկ ներկայացուց Կ. Կոմիտէի իր ընկերներուն։ Մարմինը մերժեց առաջարկը՝ ահաբեկչութեան հաւանական ձախողութիւնը հիմք ունենալով, որովհետեւ աննախատեսելի էին Համիտի երթեւեկի ժամերն ու քարտէսը… Բայց ինչպէս որ Եգիպտացիի բոլոր կենսագիրներն ալ հետագային դիտել տուած են, 1895ի Ռամատանին Սուլթան Համիտ իրապէս անցած էր Եգիպտացիի ստուգած եւ նախատեսած փողոցներէն… Ահաբեկումը ձախողելու պատճառ պիտի չունենար։
Ահա՛ այսօրինակ յեղափոխական յանդգնութեամբ եւ աննկուն կամքով ի բնէ օժտուած հայ երիտասարդին չկրցաւ շիտկէ շիտակ հարուածել մահը։ Վտանգաւոր բոլոր ճամբաներէն անվախ քալած եւ անպարտելի մնացած Եգիպտացիին մարմնական առողջութեան ուղղուեցաւ ճակատագրի հարուածը։ Թոքախտը բոյն դրաւ անոր մէջ եւ արագօրէն հիւծումի մատնեց կեանքով ողողուն Արտաշէս Մինասեանի մարմինը։
Բանք Օթոմանի գրաւման գործողութեան նախապատրաստական շրջանին, ընկերներուն պնդումով Եգիպտացի վերադարձաւ իր ծննդավայրը՝ Տրապիզոն, հանգստանալու եւ կազդուրուելու համար։ Բայց անմիջապէս որ լսեց Պանքի գրաւման որոշումին մասին, փութաց Պոլիս եւ թէեւ յարձակող խումբէն հեռու պահուեցաւ, բայց աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Սամաթիոյ մէջ թուրք ոստիկանութեան վրայ ռումբերով յարձակումներուն։ Անպարտելի դուրս եկաւ այդ ընդհարումներէն ալ։
Սակայն թոքախտը աւեր կը գործէր եւ ընկերները զինք ղրկեցին Եգիպտոս՝ Աղեքսանդրիա, թէ՛ տեղի կազդուրիչ պայմաններէն օգտուելու, թէ՛ կազմակերպական աշխատանք ծաւալելու հայ ազգային¬ազատագրական շարժման կարեւոր աջակցութիւն բերող հայաշատ այդ գաղութիւն մէջ։
Հազիւ քանի մը ամիս մնաց Աղեքսանդրիա։
Յունիս 1ին, 120 տարի առաջ, հայ կեանքէն ընդմիշտ հեռացաւ համակ կրակ ու բոց, հայ յեղափոխականի ու դաշնակցական մարտիկի աննկուն կամքին բացառիկ մարմնաւորումներէն մէկը հանդիսացած 29ամեայ Արտաշէս Մինասեան։
Եւ երբ հայոց սերունդները ջերմեռանդութեամբ կþերգեն «Ստամպոլը պիտի լինի արեան ծով»՝ անպայման իրենց հոգիին աչքերով կը պատկերացնեն նաեւ առնական դէմքն ու մարտունակութիւնը անմահն Եգիպտացիի։
Ս. Վրացեանի բառերով՝
«Գործնական խելքի, սուր դիտողութեան, անսասան կամքի ու յանդգնութեան, արտակարգ պաղարիւնութեան եւ ճարպիկութեան տէր, ազնիւ նկարագրով, անձնուէր ու յանդուգն երիտասարդ էր Եգիպտացին։ Անկեղծ ու հաւատարիմ ընկեր եւ անդաւաճան գործակից։ Սահման չճանաչող ատելութեամբ լեցուած դէպի թուրք բռնապետութիւնը։ Ամէն վայրկեան պատրաստ՝ յեղափոխական գործի համար զոհելու իր անձը։ Յանդուգն ծրագիրներ յղացող եւ անվախ գործադրող։ Ամենավտանգաւոր ձեռնարկների մէջ նետուող, երբեք չյուսահատուող եւ ամէն դժուարութիւնից ճարպիկութեամբ դուրս եկող»։
Այսպէ՛ս Եգիպտացի մարմնաւորեց Գաղափարի Մարտիկը, որ իր ոճով կը խորհրդանշէ վարակիչ օրինակը դաշնակցական «Անկեղծ Զինուոր»ի եւ «Անվեհեր Քաջ»ի։