ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»

Իս­րա­յէ­լա­ցի ա­կա­նա­ւոր գիտ­նա­կան Եաիր Աու­րոն, 2017ի ­Դեկ­տեմ­բեր 21ին, պաշ­տօ­նա­պէս դի­մած է Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան` պա­հան­ջե­լով բո­լոր ներ­քին փաս­տա­թուղ­թե­րը այն հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րուն եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ, զորս Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թիւ­նը ստանձ­նած է ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը չճանչ­նա­լու հար­ցով:
Աու­րո­նի փաս­տա­բան Էյ­թա ­Մաք ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն ու­ղար­կած խնդրան­քով կը նշէ, որ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով պաշ­տօ­նա­կան Իս­րա­յէ­լի ժխտու­մը կա­պո­ւած է ­Թուր­քիոյ հետ դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ ռազ­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, իսկ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հետ»:
Փ­րոֆ. Աու­րո­նի խնդրան­քին մէջ, Իս­րա­յէ­լի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ա­զա­տու­թեան օ­րէն­քին հա­մա­ձայն կը բա­ցատ­րո­ւի, որ «­Թուր­քիան Իս­րա­յէ­լէն գնած է մի­լիառ տո­լար­նե­րու ու­սում­նա­կան եւ ռազ­մա­կան հա­մա­կար­գեր: ­Զէն­քի գծով գոր­ծարք­նե­րը կը նե­րա­ռեն ինք­նա­թիռ­նե­րու եւ հրա­սայ­լե­րու, ռա­տիօ-տե­ղա­կա­յան­քի (ռա­տար) եւ ազ­դա­րա­րո­ղա­կան հա­մա­կար­գե­րու, հրթիռ­նե­րու եւ զի­նամ­թեր­քի ար­դիա­կա­նա­ցում»: Ատր­պէյ­ճան Իս­րա­յէ­լէն գնած է մօտ 5 մի­լիառ տո­լար ար­ժող ժա­մա­նա­կա­կից զէն­քեր եւս:
2011ին, Ք­նե­սէ­թի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ քննար­կում­նե­րու ժա­մա­նակ, ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար ­Տա­նի Ա­յա­լոն եւ Ք­նե­սէ­թի կրթու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­լեքս ­Միլ­լըր հաս­տատ կեր­պով բա­ցա­ռած են Իս­րա­յէ­լի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը` իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի մէջ Իս­րա­յէ­լի «գլխա­ւոր» ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կի­ցին` Ատր­պէյ­ճա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն չվնա­սե­լու նպա­տա­կով»:
Փ­րոֆ. Աու­րո­նի նա­մա­կին մէջ նաեւ մէջ­բե­րում­ներ կա­տա­րո­ւած են «­Մեր տու­նը Իս­րա­յէլն է» (Yisrael Beiteinu) ա­ջա­կող­մեան կու­սակ­ցու­թեան քա­նի մը ղե­կա­վար­նե­րէ՝ նշե­լով, որ ա­նոնք պի­տի չձգեն, որ Ք­նե­սէ­թը ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: «­Մեր տու­նը Իս­րա­յէլն է» կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը Իս­րա­յէ­լի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ա­ւիկ­տոր ­Լի­պըր­մանն է: Ի նպաստ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­րո­զիչ եւ Իս­րա­յէլ-Ատր­պէյ­ճան մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան խօս­նակ Ա­րիէ ­Կուտ հաս­տա­տած է, որ «­Լի­պըր­մա­նը ատր­պէյ­ճա­նեան-իս­րա­յէ­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ճար­տա­րա­պետ­նե­րէն է»:
RTV հե­ռա­տե­սի­լի ըն­կե­րու­թեան տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ՝ ­Լի­պըր­ման յայ­տա­րա­րած է, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը «տե­սա­կա­նօ­րէն պատ­մա­կան վի­ճա­յա­րոյց հարց էր, եւ ա­նոր ճա­նաչ­ման բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ան­պայ­մա­նօ­րէն չ­՝առնչո­ւիր ­Թուր­քիոյ հետ, այլ ա­ռա­ջին հեր­թին` Ատր­պէյ­ճա­նի հետ (Իս­րա­յէ­լի) ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն»:
Փ­րոֆ. Աու­րոն կը շեշ­տէ, որ այս փաս­տարկ­նե­րը շատ նման են ա­նոնց, ո­րոնք կը ժխտեն հրէա­կան ­Հո­լո­քոս­թը:
Փ­րոֆ. Աու­րոն իր նա­մա­կին մէջ, իբ­րեւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ Իս­րա­յէ­լի սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րի­նակ, կը տե­ղե­կաց­նէ, որ 2016ի ­Փետ­րո­ւար 26ին, «613 ծառ տնկո­ւե­ցաւ ­Խա­յիմ ­Վէյց­մա­նի (Իս­րա­յէ­լի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ) ան­տա­ռին մէջ` «­Խո­ջա­լո­ւի ցե­ղաս­պա­նու­թեան 24ա­մեա­կին» ա­ռի­թով, 613 զո­հե­րու յի­շա­տա­կին, ո­րուն ներ­կայ էր (Ք­նե­սէ­թի ան­դամ) Ա­ւիկ­տոր ­Լի­պըր­մա­նը: ­Միայն Ատր­պէյ­ճա­նը եւ ­Թուր­քիան կը նշեն այս «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»ը: ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն պաշ­տօ­նա­կան Իս­րա­յէ­լը դար­ձած է են­թադ­րեալ ­Խո­ջա­լո­ւի ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­հան­ջի ուղ­ղա­կի եւ ա­նուղ­ղա­կի սա­տա­րո­ղը: ­Խո­ջա­լո­ւի ճա­կա­տա­մար­տը տե­ղի ու­նե­ցած է 1992 ­Փետ­րո­ւա­րին, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի շուրջ Ատրպէյ­ճա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ դա­ժան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ: ­Կան քա­նի մը վար­կած­ներ, թէ ի՛նչ տե­ղի ու­նե­ցած է հոն, նե­րա­ռեալ զո­հե­րու թի­ւը, սա­կայն մէկ հար­ցով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը միա­կար­ծիք է` ո՛չ մէկ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, իր ընդ­հա­նուր սահ­մա­նու­մով, տե­ղի չէ ու­նե­ցած հոն»:
Փ­րոֆ. Աու­րոն կ­՝եզ­րա­փա­կէ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան ուղ­ղո­ւած իր խնդրան­քը՝ նշե­լով, որ «կաս­կած չկայ, թէ Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թիւ­նը ո՛չ միայն «ա­ռեւ­տուր» կ­՝ը­նէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցով, այլ ա­նոր վե­րա­բե­րեալ իր վրայ ի­րա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ վեր­ցու­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ հետ հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րով:
­Հե­տե­ւա­բար, փաս­տա­բան ­Մաք յա­տուկ կը պա­հան­ջէ, որ Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը գաղտ­նա­զեր­ծէ հե­տե­ւեալ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը.
1) «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցով ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ ու­նե­ցած ո­րե­ւէ հա­մա­ձայ­նու­թեան, փո­խըմբռն­ման եւ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թեան փաս­տա­թուղ­թե­րը»:
2) «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցով ո­րե­ւէ նա­մա­կագ­րու­թիւն ­Թուր­քիոյ կամ Ատրպէյ­ճա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ»:
3) «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցով ­Թուր­քիոյ կամ Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հան­դի­պում­նե­րու կամ շփում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն»:
4) «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րեալ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ո­րո­շում­նե­րուն եւ դիր­քո­րո­շում­նե­րուն առնչո­ւող փաս­տա­թուղ­թեր` ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բո­ղոք­նե­րու լոյ­սին տակ»։
­Դեռ յայտ­նի չէ, թէ ար­դեօք Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րէ՞ փրոֆ. Աու­րո­նի օ­րի­նա­կան պա­հան­ջը: ­Թէ՛ ա­մե­րի­կեան, թէ՛ բրի­տա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ներ­քին տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան բա­ցա­յայտ­ման պա­հանջ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նմա­նօ­րի­նակ օ­րէնք­ներ ու­նին, ար­ձա­գան­գած էին ի­րենց քա­ղա­քա­ցի­նե­րու նման պա­հանջ­նե­րուն` հրա­պա­րա­կա­յին դարձ­նե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ գաղտ­նի փաս­տա­թուղ­թե­րը:
­Հասկնա­լի է, ե­թէ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը գաղտ­նիու­թեան պատ­ճա­ռով ա­նըն­թեռ­նե­լի դարձ­նէ գաղտ­նա­զեր­ծո­ւած փաս­տա­թուղ­թե­րու ո­րոշ հա­տո­ւած­ներ` տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը տրա­մադ­րող ան­ձե­րուն ինք­նու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու կամ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան նկա­տա­ռում­նե­րով: