Իպ­րա­հիմ Եայ­լա­լը թունդ ազ­գայ­նա­կան ­Թուրք մըն է, որ 1994ին կը միա­նայ երկ­րի բա­նա­կի յա­տուկ ջո­կատ­նե­րուն՝ պայ­քա­րե­լու հա­մար ՓՔՔի քիւրտ ան­ջա­տո­ղա­կան­նե­րուն դէմ: Ընդ­հա­րում­նե­րու ըն­թաց­քին գե­րի կ­՚իյ­նայ ­քիւր­տե­րուն ձեռ­քը: Երբ իր ծնող­նե­րը թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կը դի­մեն, որ­պէս­զի ա­զա­տեն զինք, կը բա­խին վեր­ջին­նե­րուս դժկա­մու­թեան եւ այդ առ­թիւ ապ­շան­քով կ­՚ի­մա­նան նաեւ ի­րենց յու­նա­կան ծա­գու­մին մա­սին:
Ե­րի­տա­սար­դը երբ բախ­տը կ­՚ու­նե­նայ վե­րագտ­նե­լու իր ա­զա­տու­թիւ­նը, իր բուն ծա­գու­մին տե­ղե­կա­նա­լով՝ կ­՚ո­րո­շէ պա­պե­նա­կան ար­մատ­նե­րու հե­տա­զօ­տու­թեան գոր­ծին լծո­ւիլ ու կը յայտ­նա­բե­րէ, որ իր մեծ հայ­րը ­Պաֆ­րա քա­ղա­քէն ­յոյն մըն էր, ­Քոնս­թան­թին ա­նու­նով: Ուս­տի, Իպ­րա­հիմ 2013ին ­Յու­նաս­տան կ­՚եր­թայ ու կը ստա­նայ յու­նա­կան ա­նուն մը, կը դառ­նայ Եա­նիս ­Վա­սի­լիս Եայ­լա­լը:
Միա­ժա­մա­նակ կը սկսի քրքրել պատ­մու­թեան է­ջե­րը, կը հիմ­նէ կայ­քէջ մը, ուր կա­նո­նա­ւո­րա­բար նիւ­թեր կը հրա­պա­րա­կէ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին հա­զա­րա­ւոր յոյ­նե­րու կո­տո­րած­նե­րուն մա­սին: Ան հետզ­հե­տէ կը դառ­նայ բան­բե­րը ­Թուր­քիոյ թա­քուն ­Յոյ­նե­րուն, ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի մը, որ կ­՚ու­զէ ի­մա­նալ իր ար­մատ­նե­րուն մա­սին ճշմար­տու­թիւ­նը՝ թրքա­կան պե­տու­թեան սու­տե­րուն դի­մաց: «Ին­ծի նման շա­տեր կան ­Թուր­քիոյ մէջ, բայց մեծ մա­սը կը խու­սա­փի խօ­սե­լէ իր ար­մատ­նե­րուն մա­սին, ո­րով­հե­տեւ կը վախ­նայ։ Կ­՚ու­զեմ ա­նոնց քա­ջու­թիւն ներշն­չել։ ­Չեմ ու­զեր մար­դիկ խրա­խու­սել ազ­գայ­նա­պաշտ դառ­նա­լու, բայց պէ՛տք է ստանձ­նեն ի­րենց ծա­գու­մը», կ­՚ը­սէ Եա­նիս: «Թր­քա­կան պե­տա­կան կա­ռոյ­ցը կը գոր­ծէ միա­կա­նու­թեան տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ կրնայ գո­յա­տե­ւել միայն ֆա­շա­կան, յար­ձա­կո­ղա­կան եւ գո­ռոզ կա­ռա­վար­մամբ։ Ե­թէ քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը այս եր­կի­րը ղե­կա­վա­րէին ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գով՝ ի­րենց ո­ճիր­նե­րը ի յայտ պի­տի գա­յին։ Ար­դա­րեւ, ներ­կա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մտայ­նու­թիւ­նը ո­չին­չով տար­բեր է ան­ցեա­լի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րէն», կը շա­րու­նա­կէ ան: Եա­նիս ­Վա­սի­լի­սի այս ու նման ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նա­բար չեն վրի­պած Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գին աչ­քէն: Ան Ապ­րիլ 22ին ձեր­բա­կա­լո­ւած է քրտա­կան ­Շըր­նաք քա­ղա­քին մէջ, ուր կ­՚ապ­րէր 2012էն ի վեր: Եա­նիս իր ձեր­բա­կալ­ման օ­րը հրա­պա­րա­կած էր պոն­տոս­ցի յոյ­նե­րու ջար­դե­րուն նո­ւի­րո­ւած նոր յօ­դո­ւած մը: Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը զինք կ­՚ամ­բաս­տա­նեն «­Նա­խա­գա­հը նա­խա­տել»ու, «քա­ղա­քա­ցիա­կան անհ­նա­զան­դու­թիւն հրահ­րել»ու «ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ի նպաստ քա­րոզ­չու­թիւն ծա­ւա­լել»ու մե­ղադ­րանք­նե­րով: Եա­նի­սի դա­տա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին նիս­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Սեպ­տեմ­բեր 26-ին: