19 Սեպտեմբերի այս օր կը լրանայ ծննդեան 148ամեակը հայ գրականութեան մեծատաղանդ արժէքներէն Երուանդ Օտեանի, որ հայկական երգիծանքը բացաւ նոր հորիզոններու՝ այնքան սիրուած ու փնտռուած գրական այս սեռին անվիճելի հիմնադիրին, հանճարեղ Յակոբ Պարոնեանի իւրօրինակ, այլեւ արժանաւոր յաջորդը դառնալով։
Օտեան չունեցաւ Պարոնեանի շեշտակի անհատականութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը, իր հաւատացած գաղափարներուն համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու, հալածուելու եւ անօթի մնալու գնով անոնց կառչած մնալու հետեւողականութիւնը։
Բայց Օտեան ունեցաւ կեանքն ու մարդիկը աւելի լայն ընդգրկումով ճանչնալու, երգիծանքը գեղարուեստական բարձրորակ մշակումի արժանացնելու եւ ազգային-հասարակական ամէն կարգի թերութիւններն ու յոռի բարքերը անխնայ ձաղկելու բնատուր տաղանդը։
Երուանդ Օտեանի կերտած «Ընկեր Փանջունի»ի կերպարը առանձինն բաւարար է, որպէսզի հայկական երգիծագրութեան այս մեծատաղանդ վարպետը իր արժանի տեղը գրաւէ հայ ժողովուրդի վաւերական մեծերու եւ անմահներու համաստեղութեան մէջ։
Հայ նահապետական Օտեան տոհմի շառաւիղ էր Երուանդ։ Եղբօրորդին էր արեւմտահայ Զարթօնքի Սերունդի ականաւոր դրօշակիրներէն Գրիգոր Օտեանի։ Ծնած էր Պոլսոյ արուարձաններէն Ենի-Քէոյի մէջ, Վոսփորի ափին։ Հայրը Օսմանեան Կայսրութեան պետական պաշտօնատար էր եւ հիւպատոսական պաշտօնով յաճախ կը տեղափոխուէր երկրէ երկիր` իր հետ տանելով նաեւ ընտանիքը։
Այդ պատճառով ալ, մանուկ տարիքէն, Երուանդ Օտեան ապրած է Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Յունաստանի, Ռումանիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ։ Նաեւ` անհանդարտ մանուկ մը ըլլալով, չէ յաճախած դպրոց եւ տան մէջ ստացած է իր ուսումը, մասնաւոր դաստիարակներու եւ դասատուներու շունչին տակ։ Ազգային-հասարակական իր կազմաւորման վրայ մեծ եղած է ազդեցութիւնը հօրեղբօր` Գրիգոր Օտեանի, որուն մօտ ալ քանի մը տարի ապրած է Փարիզի մէջ։ Պայմաններու բերմամբ սորված է տարբեր լեզուներ եւ, թրքերէնի կողքին, տիրապետած է նաեւ ֆրանսերէնի ու գերմաներէնի։
Կազմաւորուելով Գրիգոր Օտեանի մտերիմներու շրջապատին մէջ՝ Երուանդ Օտեան մօտէն ծանօթացած է Մինաս Չերազի, Նահապետ Ռուսինեանի, Թովմաս Թերզեանի եւ Ռեթէոս Պէրպէրեանի տարողութեամբ ազգային գործիչներու հետ։
Թէեւ 1880ականներու վերջերուն, երբ ընտանիքը վերադարձած է Պոլիս, կարճ ժամանակով յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան, բայց ընդհանրապէս ինքնաշխատութեամբ Երուանդ Օտեան ապահոված է իր բազմակողմանի զարգացումը։ Պէրպէրեան վարժարանի աշակերտ եղած շրջանին խմբագրած է «Վառարան» անունով աշակերտական խմորատիպ երգիծաթերթը, որ շուտով արգիլուած է վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ, իսկ Երուանդ Օտեան ձեռնարկած է «Անհաշտ» անունով սեփական երգիծաթերթի հրատարակութեան։
Մինչեւ 1896 թուականի օսմանեան մայրաքաղաքի հակահայ խժդժութիւնները, Երուանդ Օտեան մնաց Պոլիս եւ աշխատակցեցաւ տարբեր թերթերու` «Բիւզանդիոն»ի, «Հայրենիք»ի եւ այլոց։ Այդ շրջանի իր կարեւորագոյն գործը հանդիսացաւ «Վաշխառուն» վիպակը, որ կը ձաղկէ դրամապաշտ վաշխառուի մը շահատակութիւնները` իրմէ տարիքով շատ փոքր աղջկայ մը հետ առանց սիրոյ ամուսնութեան հետեւող ողբերգութեանց լոյսին տակ։
1896ի աշնան, ատենի պոլսահայ գրողներու եւ մտաւորականներու մեծ մասին պէս Համիտեան հալածանքէն խոյս տալով՝ Երուանդ Օտեան իր կարգին հեռացաւ Պոլիսէն եւ ամբողջ 12 տարի շրջեցաւ երկրէ երկիր` Փարիզէն մինչեւ Եգիպտոս եւ Հնդկաստան, ապրուստի մնայուն միջոց ունենալով մամուլին աշխատակցութիւնը թերթօններով եւ երգիծական տոմսերով, բայց նաեւ տարբեր ասպարէզներու մէջ իր բախտը փորձելով (Հնդկաստանի մէջ գոհարեղէնի վաճառականութիւն ալ ըրաւ)…
Թափառական հայու այդ կեանքը յաւելեալ պատճառ մը եղաւ, որպէսզի Երուանդ Օտեան չամուսնանայ եւ ընտանիք չկազմէ. մինչեւ վերջ ալ ամուրի մնաց։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Օտեան վերադարձաւ Պոլիս եւ մինչեւ 1915ի հայ մտաւորականութեան աքսորը աշխոյժ ներկայութիւն եղաւ հայ մամուլի էջերուն։ Տարբերութիւն չդրաւ թերթերուն միջեւ եւ միաժամանակ աշխատակցեցաւ գաղափարական տարբեր կողմնորոշումներու տէր թերթերու` «Բիւզանդիոն»էն մինչեւ «Ժամանակ» եւ «Ազատամարտ»։
Այս շրջանին գրուեցաւ «Ընկեր Փանջունի»ի եռահատոր շարքը, որ ծաղրանկարի վերածեց «հայ ընկերվարական յեղափոխական»ի այն կերպարը, որ հայ իրականութենէն կտրուած ու գաղափարական-բարոյական սրբութիւններէ զուրկ՝ այլանդակ արարած մըն է։ «Ընկեր Փանջունի»ն քաղաքական երգիծանքի գլուխ-գործոցը դարձաւ հայ գրականութեան մէջ։
Երուանդ Օտեան իր կարգին ձերբակալուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին եւ աքսորուեցաւ։ Բայց հրաշքով փրկուեցաւ հայ մտաւորականութեան եղերական ճակատագրէն, որովհետեւ գերմաներէնի իր իմացութեան շնորհիւ գրակալ դարձաւ գերմանական բանակին եւ անոր պաշտպանութեան արժանացաւ։
Զինադադարէն ետք Օտեան վերադարձաւ Պոլիս եւ նոր թափով լծուեցաւ ժամանակի հայ մամուլին իր աշխատակցութեանց։ Բայց երբ քեմալական իշխանութիւնը եւս սկսաւ զգալի դարձնել իր հակահայ ճնշումներն ու հալածանքները, Օտեան 1922ին վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, շրջան մը ապրեցաւ Պէյրութ` Լիբանան, ապա անցաւ Գահիրէ` Եգիպտոս, ուր խմբագրեց «Արեւ»ը, մինչեւ 1926ի իր մահը։
Երուանդ Օտեան շատ բեղուն գրիչ մը եղաւ։ Աւելի քան 35 վէպեր, վիպակներ ու պատմուածքներ գրեց, որոնց մեծ մասը այսօր մոռցուած է, բայց 10ի հասնող վէպեր, վիպակներ ու թատերախաղեր մինչեւ այսօր կ’արժանանան հայ ընթերցողի գնահատանքին` անմահացնելով անունն ու տաղանդը անոնց հեղինակին։
Այդպիսին են «Առաքելութիւն ի Ծապլվար»ը («Ընկեր Փանջունի»ն), հայոց յեղափոխական շարժման պաշտպանութեան դիրքերէն գրուած «Մատնիչ»ը, Պոլսոյ հայ կեանքի ընկերային արատները մերկացնող ու հեգնող «Թաղականին Կնիկը» եւ «Միջնորդ Տէր Պապան» վէպերը, «Չարչըլը Արթին Աղան» եւ «Զավալլըն» թատերախաղերը, ինչպէս նաեւ 12ամեայ իր թափառաշրջիկ կեանքէն վերցուած «Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս» յուշագրութիւնը։
Առօրեայ հեւքով գրեց Երուանդ Օտեան եւ թերթօնային եղաւ իր գրականութիւնը, բայց բազմատաղանդ գրողի իր բնատուր արժանիքներով` ան կրցաւ մեծ ներդրում ունենալ ոչ միայն հայ երգիծագրութեան գեղարուեստական մշակումին, այլեւ արեւմտահայ աշխարհաբարի յղկումին ու զարգացման, ինչպէս նաեւ հայ գրականութեան իրապաշտ դպրոցի հարստացման մէջ։
Հայ քաղաքական երգիծանքի մեծարժէք վարպետին անմահ պատգամներէն մէկը կրնայ նկատուիլ Օրմանեան Պատրիարքի նուիրուած Օտեանի երգիծական ակնարկին հետեւեալ ախտորոշումը.
— «Առասպելներուն իրականութեան հետ ունեցած կապը բաւական փխրուն կ՚ըլլայ. ատոնք կը ծնին աղաւաղուած ճշմարտութիւններէն շատ անգամ ու քանի ժամանակը թաւալի՝ նոյնքան դժուար կ՚ըլլայ դէպի ճշմարտութիւն ետ դարձը, մանաւանդ երբ արձանով մըն ալ նուիրականացած ըլլայ այդ առասպելը»։
Երուանդ Օտեան (1869-1926)
Երուանդ Օտեան (1869-1926). Քաղաքական երգիծանքի վարպետը, որ հորիզոն բացաւ հայ գրականութեան առջեւ Ն.