ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
«Եւ դուք, երիտասարդներ,
միշտ եւ ամէն տեղ՝
վսեմ գաղափարների պաշտպաններ,
միացէ՛ք ժողովրդի հետ»
(Հ.Յ.Դ. Մանիֆեստ, 1890)
Մայիս 10-12 երկարող շաբաթավերջի ընթացքին, յունահայ գաղութը պիտի հիւրընկալէ երիտասարդական երկու կարեւոր խորհրդաժողովներ՝ Աթէնքի մէջ։
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երիտասարդական Համագումարներուն նոյն օրերու ընթացքին ծաւալումը պիտի համախմբէ Հայաստանի, Եւրոպայի եւ այլ ցամաքամասներէ երիտասարդութեան կարեւոր թիւ մը՝ նոյն յարկին տակ։
Հ.Յ.Դ Բիւրոյի կողքին գործող Երիտասարդական Գրասենեակի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, երկու խորհրդաժողովները կոչուած են մեր կազմակերպ երիտասարդութեան զանգուածներուն տալու աշխատանքի նոր թափ եւ խանդավառութիւն։ Յատկանշական է Հ.Յ.Դ Բիւրոյի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան զոյգ ներկայութիւնը խորհրդաժողովներուն, որ ցոյց կու տայ սոյն նախաձեռնութեանց կարեւորութեան տարողութիւնը։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող մեր երկու երիտասարդական կառոյցները պիտի զբաղին յատուկ օրակարգերով, որոնք կը յատկանշեն իրենց գոյութեան եւ առաքելութեան իմաստը՝ հայ ժողովուրդի ազգային, քաղաքական, ընկերային, մարմնակրթական, հայակերտման եւ հայրենաշինութեան ծրագիրներու ծաւալումին մէջ։
Երկու խորհրդաժողովներու ընթացքին, մեր երիտասարդներու քննարկումներու առանցքը պիտի հանդիսանայ Հայաստանը, այլ նաեւ սփիւռքը։ Առաւել՝ օրակարգի վրայ պիտի ըլլան հայութեան երկու միաւորներու մէջ հայ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը, ազգային առաջադրանքները, հայու ինքնութեան պահպանման գրաւականը, Հայ Դատի հետապնդումը, Արցախի հիմնահարցին լուծման կարեւորութիւնը, հայ մամուլը, ընկերային ցանցերը, արդի ընկերութիւնները զբաղեցնող հարցերը. բոլորն ալ՝ երիտասարդութեան պրիսմակէն դիտուած, երիտասարդութեան մտածելակերպին եւ ընբռնումներուն յարիր, այլ նաեւ՝ նոր շունչով եւ նոր տեսակի որոնումներու ու հարցերը նոր տեսանկիւններէ ընկալելու չափով։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան ծանրակշիռ Մանիֆեստի կոչը երիտասարդութեան, իր մէջ կը պարփակէր մարդկութեան ազատամիտ գաղափարներու եւ յառաջդիմութեան էական այն մարմնացումը, որու վրայ հիմնուեցաւ թէ՛ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը եւ անոր պսակումը Մայիսեան անկախութեամբ, այլ նաե՛ւ սփիւռքի երկար ուղիին վրայ, հայու ինքնութեան պահպանումը ու դէպի վերանկախացում սեւեռումը։
Աւելին՝ Արցախեան հերոսապատումը պատմական մեր երթի նորագոյն սխրագործութիւնը հանդիսացաւ, որ պատեց իւրաքանչիւր դաշնակցական երիտասարդի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական հայորդիի ազգային եւ գաղափարախօսական էութիւնը, անով սնանելու եւ անկախութեան ու ազատութեան ձգտումը զօրացնելու ներգործութեամբ։
Պատահական չէ, որ այս երկու երիտասարդական համախմբումները տեղի կ՚ունենան հայ ժողովուրդի բախտորոշ թուականներու նշումին առթիւ, Արցախի մէջ Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձի օրերուն, որոնք հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր եւ յուզական աշխարհին մէջ զուգահեռաբար հպարտութեան ալիքներ կը լեցնեն՝ 1918ի Մայիսեան հերոսապատումներու դիւցազներգութեանց կողքին։
Պէտք է հպարտ զգալ Հ.Յ.Դ երիտասարդութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ իրենց ազգային թրծումները արտայայտող երիտասարդ հայորդիներով։
Անառարկելի է երկու երիտասարդական գործօններու դերակատարութիւնը հայ ազգի նորագոյն երթին մէջ։ Անոնցմէ ծնած են ազգային գործիչներ, գաղափարական անշեղ տղաքներ, հայեցի գիտակցութեամբ երիտասարդ մշակներ, Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց մէջ ապրեցնող պատանիներ, որոնք բարձրանալու իրենց գերագոյն ճիգին մէջ, նոյնիսկ կեանքի ու արեան գնով, միասին բարձրացուցած են երիտասարդ զանգուածները՝ Հայ Դատի եւ ազգային առաջադրանքներու հետապնդումին համար։
Այսօր, Հայաստանի պարպումին եւ սփիւռքի հայաթափման կործանիչ իրականութեան դիմաց, աւելի քան երբեք, մենք կարիքը ունինք երիտասարդութեան մը՝ որ ո՛չ միայն մեր պահանջատիրական դրսեւորումներուն առաջամարտիկը պիտի ըլլայ, այլեւ Հայաստանի եւ Արցախի ազգային ու ընկերային բարգաւաճման ի խնդիր իր ներդրումը պիտի նուիրաբերէ։
Ամէն տեսակի ուժական եւ պահանջատիրական արտայայտութեանց եւ ծրագիրներու ծաւալման կողքին, այսօրուան կազմակերպ երիտասարդը նախ պէտք է իր շուրջ ներգրաւէ անմասն մնացած հայ երիտասարդներու լայն խաւ մը, ապա՝ առաջնորդող ուժը հանդիսանալով, ան իր ամբողջ կարողականութիւնը պէտք է ուղղէ դէպի հայրենիքի հզօրացում եւ բարգաւաճում։
Պէտք չէ վարանինք մեր երիտասարդներուն առջեւ բանալու մեր այսօրուան ազատ եւ անկախ հայրենիքի յուսադրիչ ապագան ու անոր մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու գրաւականը, ապա նաեւ անոր տնտեսութեան եւ ընկերային բարգաւաճման սատարելու համար՝ զօրաշարժի ենթարկելու մեր երիտասարդներու գիտական կարողութիւնները։
Կարիքը ունինք մեր հայրենիքը օժտելու գիտական, արհեստագիտական եւ քաղաքական հասունութեամբ նոր ուժերով, որոնք յառաջ պիտի գան նոր սերունդի ազգային զարգացումով՝ յատկապէս կազմակերպ միջավայրներուն մէջ, որ կոչուած են ըլլալու Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը՝ իրենց հայաստանեան եւ սփիւռքեան տարողութեամբ ու կարողականութեամբ։
Ահա թէ ինչու ա՛յս եւ ապագայ խորհրդաժողովներու աւարտին, ամէն մէկ երիտասարդ պէտք է մեկնի լիցքաւորուած՝ իր հայրենիքին ծառայութիւն մատուցանելու յանձնառութեան ներգործող ազդեցութեան տակ։
Պէտք է հետամուտ ըլլալ, որպէսզի այդ ներուժը ան փոխանցէ իր սերնդակիցներուն եւ ազգային մտահոգութիւններով սնած իր տարեկիցներուն։
Պէտք է ամէն կերպով կասեցնել մեր ազգային ինքնութեան հիմերը կործանող արտագաղթը եւ զայն փոխարինել դէպի հայրենիք երիտասարդական հոսանքի մը ուռճացումով, որպէս երաշխիքը մեր համազգային ու համամարդկային նուաճումներուն։
Դաշնակցական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդը պիտի շաղախուի Հայաստանի ու Արցախի երիտասարդութեան հետ, պիտի ընկալէ հայրենի աշխարհի նոր սերունդներու սպասումները, պիտի ներշնչուի անոնցմէ ու պիտի ներշնչէ զանոնք։
Հ.Յ.Դ. Առաջին Մանիֆեստի կոչին անսալով՝ մեր երիտասարդութիւնը պէտք է միանայ ժողովուրդին։
Ա՛յս է գրաւականը՝ ամբողջական հայութեամբ տեսնելու համար մեր հայրենիքի ամբողջութիւնը։