Հ. Գթ. Խաչի Քսանթիի «Արաքս» մասնաճիւղը, Ուրբաթ՝ 3 Փետրուարի երեկոյեան, ազգապատկան սրահէն ներս կազմակերպեց ձեռնարկ-երիզի ցուցադրութիւն մը։
Երիզի պարունակութիւնը մեծ մասով հարցազրոյց մըն էր՝ լրագրողի եւ Հրանդ Տինքի միջեւ, բայց կը պարունակէր նաեւ անոր կեանքէն շատ մը մասեր, Տինքի մտահոգութիւնները եւ ապրելաձեւը Թուրքիոյ մէջ։ Ներկայ էին շրջանիս հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ գաղութիս անդամները։ Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկ. Շնորհիկ Պալաթլեան։ Ան ըսաւ, թէ շարք մը երիզներու ցուցադրութիւնը կը սկսի մեր ակումբէն ներս եւ այս երեկոն նուիրուած է Հրանդ Տինքի յիշատակին, 10 տարիներ իր սպանութենէն ետք։
Ապա՝ վարչութեան անդամ ընկ. Մարինէ Վասիլեան կարդաց Հրանդ Տինքի կենսագրականը եւ խնդրեց մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգել իր յիշատակը։
Այս շատ լաւ պատրաստուած երիզը ոգեւորեց ու գոհունակութիւն պատճառեց բոլոր ներկաներուն։ Յաջորդեց հիւրասիրութիւն։
Զ. Ա.