Եր­կու­շաբ­թի՝ 8 ­Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տուն, Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի (Պ.Բ.) հիւ­սի­սա­յին ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յո­ւած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է դժբախտ պա­տա­հար մը:
Ար­դա­րեւ, ըստ նախ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րու՝ ար­կա­ծի մը հե­տե­ւան­քով զօ­րա­մա­սին յա­րա­կից ջրամ­բա­րին մէջ ջրա­հեղձ ե­ղած են Պ.Բ. զի­նո­ւոր­ներ ­Ռու­բէն Մ­նա­ցա­կա­նի ­Բար­սե­ղեան (1998ի ծնունդ), ­Ռա­ֆա­յէլ Ար­թու­րի ­Բի­շա­րեան (1997ի ծնունդ) եւ ­Ռու­բէն ­Յով­հան­նէ­սի Մ­նա­ցա­կա­նեան (1998ի ծնունդ): Ո­րո­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն շնոր­հիւ յայտ­նա­բե­րուած են ­Ռու­բէն ­Բար­սե­ղեա­նի եւ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Բի­շա­րեա­նի մար­մին­նե­րը: ­Ռու­բէն Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի ճա­կա­տա­գի­րը պար­զե­լու հա­մար, ո­րո­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին: