ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ — «­Հայ­րե­նիք»

Ե­րե­ւա­նի ­Կո­մի­տաս պո­ղո­տա­յէն դէ­պի Օ­փե­րա գա­ցող հան­րա­կառ­քին մէջ նստած էր Ա­նին: ­Մա­յի­սեան ի­րիկ­նա­մուտ էր. գա­րու­նը՝ դրան սե­մին: ­Հան­րա­կառ­քը այդ­քան լե­ցուն չէր ա­մէն ան­գա­մո­ւան պէս, եւ ան կրցած էր գրա­ւել նստա­րան մը: ­Կան­գառ­նե­րը կը յա­ջոր­դէին ի­րա­րու ա­րա­գօ­րէն: «Եր­թե­ւե­կու­թիւ­նը թե­թեւ է: ­Լաւ որ ա­ւե­լի կա­նուխ չե­լայ ճամ­բայ»,- մտա­ծեց Ա­նին:
Ա­մե­րի­կեան ­Հա­մալ­սա­րա­նի կան­գառն էր: ­Տա­րի­քոտ կին մը բարձ­րա­ցաւ հան­րա­կառք եւ նստաւ Ա­նիին դի­մա­ցի նստա­րա­նին վրայ:
Ա­նին նմա­նու­թեան գի­ծեր տե­սաւ այդ կնոջ եւ իր մեծ մօր մի­ջեւ: ­Կար­ծեց, որ իր ­Մեծ ­Մայ­րը կը տես­նէ:
«­Մա­զե­րը ճիշդ նէ­նէիս մա­զե­րուն կը նմա­նին, հա­պա աչ­քե՜­րը… կ­՚ը­սես ամ­բող­ջու­թեամբ ինքն է՝ մեծ մայրս»: Իր գծած զու­գա­հեռ­նե­րուն իս­կա­կան պատ­ճառ­ներ փնտռե­լով՝ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան թա­փը կտրեց:
­Պահ մը յի­շեց ո­ղոր­մած մեծ մայ­րը եւ ի­րեն թո­ւաց, թէ ա­նոր խնդու­քին ձայ­նը կը լսէ հան­րա­կառ­քի աղ­մու­կին մէջ: ­Բայց այդ պարզ էր ար­դէն: Իր մեծ մօր ձայ­նը շատ տպա­ւո­րած էր զինք եւ յա­ճախ կը հնչէր իր ա­կան­ջին մէջ:
«Կր­նայ ըլ­լալ, որ մե­զի ազ­գա­կան կու գայ»,- ը­սաւ միտ­քին մէջ, եւ նոյն ակն­թար­թին իսկ սկսաւ այլ վեր­լու­ծու­թիւն մը կա­տա­րել: Ա­յո՚ , ան հա­սաւ մին­չեւ Ե­ղեռն…
Իսկ այդ հիւ­սո­ւած­քէն, հար­ցադ­րում­նե­րու տա­րա­փէն, Ա­նիին միտ­քին մէջ ծնաւ հե­տապն­դող եւ հա­լա­ծիչ հար­ցու­մը. «Ին­չո՞ւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ: Ա՜խ, ե­թէ միայն տե­ղի ու­նե­ցած չըլ­լար…»:
Սրտ­ցա­ւէն ակն­թարթ մը ետք, Ա­նիին ստեղ­ծա­գործ ու­ղե­ղը սկսաւ նկա­րել փո­խա­րի­նող ի­րա­կա­նու­թեան մը պատ­կե­րը:
«­Հա­յաս­տա­նը միա­ցեալ է եւ մայ­րա­քա­ղա­քը ­Վանն է, քա­նի որ մայ­րա­քա­ղա­քը երկ­րի մը սիր­տը պէտք է գտնո­ւի­՝ա­նոր կեդ­րո­նը, չէ՞» հար­ցու­մը տո­ւաւ ինքն ի­րեն եւ զգաց, որ այդ հար­ցա­կան մտա­ծու­մը դէմ­քին ալ հար­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն մը կու տար եւ ժպտաց:
«Այ­՚ո, ­Վանն է մայ­րա­քա­ղա­քը»,- վճռեց եւ շա­րու­նա­կեց իր ի­մա­ցա­կան նկար­չա­կան աշ­խա­տան­քը.- «Ես հի­մա, թե­րեւս, հոն ըլ­լա­յի»,- երկմ­տաց,-«կամ, ը­սենք, ­Պո­լիս»,- ը­սաւ մտո­վի, երկ­րորդ ան­գամ մտա­ծե­լէ ետք: «Ար­դեօ՞ք քա­նի մի­լիոն կ­՚ըլ­լա­յինք»: ­Խոր­հե­ցաւ պահ մը հա­շո­ւել: ­Բայց շու­տով հրա­ժա­րե­ցաւ այդ մտքէն: ­Թո­ւա­բա­նու­թեան մէջ փայ­լուն, միշտ ալ խու­սա­փած էր այդ հա­շի­ւը ը­նե­լէ, նոյ­նիսկ ընդվ­զած, ո­րով­հե­տեւ հա­մո­զո­ւած էր, որ ան­հե­թե­թու­թիւն է մար­դը թի­ւի վե­րա­ծե­լը: Ան­ցաւ ա­ռաջ: ­Փոր­ձեց ա­նուն­ներ տալ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ գա­ցած մէ­կու­կէս մի­լիո­նէն իւ­րա­քան­չիւ­րին…: Եւ ա­հա այդ պա­հուն, կար­ծես թէ ա­ռա­ջին ան­գամ կը զգար, կ­՚ըմբռ­նէր ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով մեր կո­րուստ­նե­րուն ի­մաս­տը եւ ար­ժէ­քը: «­Մեր նա­հա­տակ գրա­գէտ­նե­րը նա­հա­տակ պի­տի չկո­չո­ւէին, այլ մեր տա­ղան­դա­ւոր լու­սա­հո­գի գրա­գէտ­նե­րը պի­տի ըլ­լա­յին»,-մտա­ծեց ափ­սո­սան­քով:
Ա­նին յի­շեց Անդ­րա­նիկ ­Ծա­ռու­կեա­նի «­Սէ­րը Ե­ղեռ­նին մէջ» գիր­քը, որ ըն­թեր­ցած էր տա­րի­ներ ա­ռաջ:
­Վե­րապ­րե­ցաւ այդ գիր­քին պատ­մու­թիւ­նը եւ կսկի­ծէն ու ափ­սո­սան­քէն ա­ւե­լի զգաց ընդվ­զում: ­Ձեռ­քը բռունց­քի վե­րա­ծեց՝ ա­ռանց զգա­լու, երբ ա­կան­ջին մէջ ա­նընդ­հատ կը հնչէր ­Սիա­ման­թո­յի ձայ­նը. «Ով մարդ­կա­յին ար­դա­րու­թիւն, թող ես թքնե՚մ քու ճա­կա­տիդ»:
­Հա­սած էր Օ­փե­րա: ­Կանգ­նե­ցաւ տե­ղէն: Այդ հա­րա­զատ, բայց ան­ծա­նօթ կնոջ ժպտաց նրբօ­րէն, եւ վճա­րե­լով վա­րոր­դին հա­րիւր դրամ՝ ի­ջաւ հան­րա­կառ­քէն: Զ­գաց, որ տրա­մադ­րու­թիւ­նը լաւ չէ: ­Նե­ղա­ցաւ իր մտա­ծում­նե­րէն: Այդ ուր­կէ՜ ո՞ւր նման մտա­ծում­ներ պա­շա­րած էին զինք, ե­րե­ւա­նեան պայ­ծառ օ­րո­ւան մէջ:
«Ի՚նչ ալ ը­նեմ, ի՚նչ ալ ըլ­լայ, ա՚յս է ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, փա­խուստ չկայ այս մտա­ծում­նե­րէն»՝ դժգո­հան­քով ակ­նար­կեց ինքն ի­րեն: ­Յե­տոյ՝ «Այս բո­լոր մար­դի­կը կը մտա­ծե՞ն ին­ծի պէս: ­Թե­րեւս ա­մէն մարդ իւ­րո­վի ձե­ւով կ­՚ըմբռ­նէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը»,- եզ­րա­կա­ցուց ան՝ գիւտ մը ը­նո­ղի պէս:
­Մա­քուր հա­յե­րէ­նով մտա­ծում­նե­րը կը յա­ջոր­դէին ի­րա­րու: ­Քա­լե­լով դէ­պի իր ժա­մադ­րա­վայ­րը՝ ներ­քին վճիտ ձայ­նով վճռեց, եւ այս ան­գամ ա­ւե­լի հաս­տա­տուն կը զգար իր վճի­ռը.- «­Պէտք է սկսիմ հա­յե­րէ­նով «չէ­թել» (Chat): ­Գո­նէ ա՚յս ձե­ւով ան­մա­հա­ցու­ցած կ­՚ըլ­լամ մեր նա­հա­տակ գրա­գէտ­նե­րը եւ ի­րենց ժա­ռան­գու­թիւ­նը՝ հա­յե­րէ­նը»: