Կիրակի՝ 26 Մարտին, Հ. Գթ. Խաչի Ալեքսանդրուպոլսոյ «Երեւան» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան կազմակերպութեամբ, «Տարօնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, նուիրուած՝ Կանանց Օրուան:
Ձեռնարկը իւրօրինակ ձեւով ծաղկեցրին հիւսիսային շրջաններում յայտնի հայ երգ ու պարի կատարողներ Արմէն Աղինեան, Վանիկ Սարգսեան, Սրապ Վարդանեան եւ Գէորգ Գէորգեան:
Բացման խօսքն առաւ ատենապետուհի ընկերուհի Մարիամ Փետեւոտեան բարի գալուստ մաղթելով բոլորին, յայտնելով իր երախտիքը ներկայ գտնուող շուրջ 80 հայրենակիցներին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց կանանց եւ աղջիկների տօնը՝ մաղթելով ամենայն բարիք: Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց երաժիշտ-կատարողներին, որոնք սիրայօժար յանձն առան գեղեցկացնել ձեռնարկը:
Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր կնոջ նուիրուեցաւ մէկական ծաղիկ եւ հաւաքուած ժողովուրդը վայելեց Միութեան կողմից պատրաստուած հիւրասիրութիւնը:
Յայտագիրը գեղեցկացրեցին նաեւ մասնաճիւղի ընկերուհի Աշխէն Սեթոյեանի գրուած բանաստեղծութիւններով՝ նուիրուած մայրերին, որոնք կարդաց ընկերուհի Գայեանէ Դաւթեան:
Ուրախ մթնոլորտով շարունակուեց եւ աւարտուեցաւ ձեռնարկը՝ միութիւնը արժանացնելով ամենաբարձր գնահատանքին:
ԹՂԹԱԿԻՑ