27 ­Յու­նո­ւա­րին սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է հայ­կա­կան բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման 25ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած հան­դի­սա­ւոր ձեռ­նարկ՝ ներ­կա­յու­թեամբ պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու, նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րու, հայ­րե­նա­դարձ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու, սփիւռ­քա­հայ ներ­կայ զի­նո­ւոր­նե­րու:
Ս­փիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ բո­լո­րը շնոր­հա­ւո­րած է հա­յոց բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման 25ա­մեա­կին առ­թիւ եւ ընդգ­ծած, որ հայ­կա­կան բա­նա­կը հա­մայն հա­յու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­ղակ­նե­րէն մէկն է: «­Պար­տադ­րո­ւած ­Ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ հա­յոց սպա­րա­պե­տը մեծ ջան­քե­րով փոր­ձեց հա­ւա­քել կա­մա­ւոր­նե­րին, ա՛յն մարդ­կանց, ով­քեր գի­տակ­ցո­ւած գնում էին զո­հո­ւե­լու յա­նուն հայ­րե­նի­քի: ­Փառք ու պա­տիւ բո­լոր նրանց, ով­քեր ըն­կան այդ պա­տե­րազ­մում: Ըն­կան, որ­պէս­զի մենք 25 տա­րի շա­րու­նակ կեր­տենք մեր ան­կախ պե­տու­թիւն­նե­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը»,- ը­սած է նա­խա­րար ­Յա­կո­բեան:
­Ներ­կա­նե­րը մէկ վայր­կեան լռու­թեամբ յար­գած են Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մին զո­հո­ւած­նե­րուն յի­շա­տա­կը, այ­նու­հե­տեւ՝ Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան «Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մե­տալ»ով (շքան­շան) պար­գե­ւատ­րած է բո­լոր հայ­րե­նա­դարձ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը: Հայ­րե­նա­սի­րու­թեան բարձր ո­գի դրսե­ւո­րե­լու եւ Ար­ցա­խին ի­րենց մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հա­մար պար­գե­ւատ­րո­ւած են հայ­րե­նա­դարձ ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ Անդ­րա­նիկ ­Պօ­ղո­սեան, ­Սի­մոն ­Գալ­ֆա­յեան, ­Հար­միկ ­Յով­սէ­փեան եւ ու­րիշ­ներ: ­Նոյն շքան­շա­նին ար­ժա­նա­ցած է նաեւ ա­զա­տա­մար­տիկ, Ար­ցա­խի նո­ւի­րո­ւած շարք մը նշա­նա­ւոր եր­գե­րու հե­ղի­նակ ­Գու­սան ­Հայ­կա­զուն (­Գա­գիկ Ս­տե­փա­նի ­Նա­զա­րեան):
Այ­նու­հե­տեւ ներ­կա­նե­րը դի­տած են հա­յոց բա­նա­կին նո­ւի­րո­ւած տե­սա­հո­լո­վակ­ներ եւ շնոր­հա­ւո­րա­կան տե­սաու­ղերձ­ներ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րէ: