­Բար­նա­սո­սի սրա­հը հա­րա­զատ է յու­նա­հա­յու­թեան այն­պէս, ինչ­պէս Ա­թէն­քի մի քա­նի այլ սրահ­ներ: Ապ­րիլ 19ի ե­րե­կո­յեան ժա­մադ­րա­վայրն էր կրկին շքեղ սրա­հը, ուր ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը պի­տի հան­դի­պէին «­Կիւր­ճիէֆ նո­ւա­գա­խումբ»ի ան­դամ­նե­րուն, հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին ե­րաժշ­տու­թեան նո­ւի­րուած նո­ւա­գա­հան­դէ­սին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար:
­Ձեռ­նար­կը կը վա­յե­լէր Հ.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, ու կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէի քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բին ու Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Ֆիք­սի «Դ­րօ» խում­բին ­Վար­չու­թեան կող­մէ:
Ս­րա­հը լե­ցո­ւած էր ար­դէն հայ, բայց նաեւ յոյն բազ­մա­թիւ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րով, երբ ըն­կե­րու­հի ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան իր շնոր­հա­լի ներ­կա­յու­թեամբ ձեռ­նար­կի բա­ցու­մը կա­տա­րեց յու­նա­րէ­նով:
Ընդգ­ծեց մեր ժո­ղո­վուր­դին ան­շէջ յի­շո­ղու­թիւ­նը եւ, անդ­րա­դառ­նա­լով 1915ի ար­հա­ւիր­քին, շեշ­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դին ապ­րե­լու վճռա­կա­մու­թիւ­նը. ար­դէն,- ը­սաւ,- այս ձեռ­նար­կը ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102րդ ­տա­րե­լի­ցի ե­լոյթ­նե­րու շար­քին կը պատ­կա­նի. անհ­րա­ժեշտ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը տո­ւաւ ­Կիւր­ճիէֆ նուա­գա­խում­բի մա­սին՝ յայտ­նե­լով ներ­կա­նե­րուն, թէ ա­նի­կա հիմ­նո­ւած է 2008ին ­Լե­ւոն Էս­քե­նեա­նի կող­մէ, որ նպա­տա­կադ­րած էր յայտ­նա­բե­րել եւ ի­րա­գոր­ծել ­Գէորգ ­Կիւր­ճիէ­ֆի ժո­ղովր­դա­յին յօ­րի­նում­նե­րը. տե­ղե­կա­ցուց ունկն­դիր­նե­րը, թէ ­Կիւր­ճիէֆ նո­ւա­գա­խում­բը ար­ժա­նա­ցած է մի­ջազ­գա­յին եւս մրցա­նակ­նե­րու եւ թէ կը ձօ­նէ ե­րե­կոն ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տին. ըն­կե­րու­հին՝ ­Վար­դա­պե­տի կեն­սագ­րա­կան հանգ­րո­ւան­նե­րը յի­շեց­նե­լով ներ­կա­նե­րուն՝ ը­սաւ, թէ ինչ­պէ՛ս ­Կո­մի­տաս՝ խո­րա­պէս ազ­դո­ւած հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու դա­ժան ճա­կա­տագ­րէն ու մեր ժո­ղո­վուր­դի ապ­րած ող­բեր­գու­թե­նէն՝ չէր կա­րո­ղա­ցած պա­հել հոգ­ւոյն եւ մտքին պայ­ծա­ռու­թիւ­նը եւ մա­հա­ցած էր ­Փա­րի­զի հո­գե­բու­ժա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ. վեր­ջա­պէս, հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­լէ ետք պա­րոն ­Լե­ւոն Էս­քե­նեա­նի մա­սին՝ նկա­րագ­րեց ա­րո­ւես­տա­գէ­տի խո­րա­թա­փանց սէ­րը ժո­ղովր­դա­յին նո­ւա­գա­րան­նե­րուն նկատ­մամբ ու բեմ հրա­ւի­րեց զինք:
Այդ պա­հուն, մի առ մի յայտ­նո­ւե­ցան վա­րա­գոյ­րի խոր­քէն նո­ւա­գա­խում­բի ան­դամ­նե­րը՝ ի­րենց ա­ւան­դա­կան գոր­ծիք­նե­րով:
­Նո­ւա­գա­խում­բի ղե­կա­վար ու հիմ­նա­դիր պա­րոն ­Լե­ւոն Էս­քե­նեան, խօս­նա­կի դեր ստանձ­նե­լով, հա­յե­րէն ու անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն՝ նո­ւա­գա­խում­բի ստեղծ­ման եւ ա­նոր կտրած ճա­նա­պար­հի մա­սին, բա­րի վա­յե­լում մաղ­թե­լով լսա­րա­նին:
­Պահն էր սու­զո­ւե­լու մեր տոհ­միկ ե­րաժշ­տու­թեան ով­կիա­նո­սին մէջ՝ յի­շե­լով, վեր­յի­շե­լով ու գնա­հա­տե­լով հսկայ հարս­տու­թիւն մը, ո­րուն ժա­ռան­գորդ­նե­րը միայն հա­յե­րը չեն, այլ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը՝ ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տի շնոր­հիւ:
­Ներ­կա­յա­ցում մըն էր մե­նա­կա­տար­նե­րու, ո­րոնք բա­ցա­յայտ ար­հես­տա­վար­ժու­թեամբ, ա­ռանց դա­դա­րի եւ մէկ ժա­մէ ա­ւե­լի տե­ւո­ղու­թիւն ու­նե­ցող նո­ւա­գա­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին, յա­ջո­ղու­թեամբ կա­րո­ղա­ցան փո­խան­ցել ունկն­դիր­նե­րուն հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն քա­ղո­ւած ար­ժէ­քա­ւոր մար­գա­րիտ­ներ, ո­րոնց լրիւ ար­ժե­ւո­րու­մը միայն ե­րաժշ­տա­գէտ մը պի­տի կա­րե­նար ը­նել հան­գա­մա­նօ­րէն: ­Բո­լոր տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշտ­նե­րը ա­րո­ւես­տա­գի­տա­կան գե­րա­զանց նմոյշ­ներ հրամ­ցու­ցին ներ­կա­նե­րուն՝ ի­րենց ա­ւան­դա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րու ճամ­բով:
­Յայտ­նի են մեր ե­րաժշ­տու­թեան իւ­րա­յա­տուկ ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րը, որ ան­մի­ջա­պէս ճա­նա­չե­լի կը դարձ­նեն ո­րե­ւէ հայ­կա­կան մե­ղե­դի կամ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն. այս ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան հոս­քի պատ­ճա­ռաւ, գրե­թէ բա­րե­պաշտ ու եր­կիւ­ղած լռու­թեան մը մատ­նո­ւած էին ունկն­դիր­նե­րը, ո­րոնք ա­ռանց ո­րե­ւէ դի­մադ­րու­թեան յանձ­նո­ւե­լով հոս­քին՝ կա­րո­ղա­ցան ըն­կա­լել հայ­կա­կան ե­րաժշտու­թեան թա­քուն գաղտ­նիք­նե­րը:
­Յի­շա­տա­կե­լի ե­րե­կոյ մը, հայ եւ ընդ­հան­րա­պէս ե­րաժշ­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան մը հա­մար, որ ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ ոչ միայն սրտով, այ­լեւ մտքով նաեւ ըմ­բոշխ­նե­լու հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ար­մատ­նե­րէն ծլած բա­ցա­ռիկ ծաղ­կե­փունջ մը:

­Ներ­կայ մը

«The Gurdjief Ensemble»

Եր­կու­շաբ­թի՝ 18 Ապ­րի­լին, կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 3ին, տե­ղի ու­նե­ցան «The Gurdjieff Ensemble» հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին գոր­ծիք­նե­րու 11ան­դամ նո­ւա­գա­խում­բին կեն­դա­նի հա­մեր­գը եւ ­Լե­ւոն Էս­քէ­նեա­նի հար­ցազ­րոյ­ցը՝ EPT ռա­տիո­կա­յա­նի եր­րորդ յայ­տագ­րէն։
Ե­լոյ­թը յա­ջող ան­ցաւ եւ ու­նե­ցաւ բա­ւա­կան շատ ունկնդ­րող­ներ՝ հայ եւ մա­նա­ւանդ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ։ Եր­կու ժամ տե­ւող հա­մեր­գի ըն­թաց­քին լսո­ւե­ցան ­Կո­մի­տա­սի ե­րաժշ­տու­թեան գոր­ծեր։
­Հինգ­շաբ­թի՝ 20 Ապ­րի­լին ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։30ին, ­Նէա Զ­միռ­նիի «­Ղա­լաք­սիաս» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ «The Gurdjief Ensemble» հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին գոր­ծիք­նե­րու 11ան­դամ նո­ւա­գա­խում­բի վեր­ջին հա­մեր­գը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Լե­ւոն Էս­քէ­նեա­նի։
­Ձեռ­նար­կը կը վա­յե­լէր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը Հ.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէի քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բին եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Ֆիք­սի «Դ­րօ» խում­բի վար­չու­թեան կող­մէ։
Ե­լոյ­թին բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Ժան­նա ­Յով­սէ­փեան՝ ներ­կա­յաց­նե­լով Ապ­րիլ 24ի պատ­գա­մը, ինչ­պէս նաեւ՝ նո­ւա­գա­խում­բի ղե­կա­վարն ու ան­դամ­նե­րը։ ­Կարճ տո­ղե­րու մէջ ան ներ­կա­յա­ցուց նաեւ ­Կո­մի­տա­սի կեանքն ու գոր­ծե­րը։ ­Յա­ջոր­դա­բար նո­ւա­գա­խում­բը ան­գամ մը եւս ըլ­լա­լով յա­ջող կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց իր պատ­րաս­տած յայ­տա­գի­րը, որ լայն ձե­ւով ըն­կա­լո­ւե­ցաւ ներ­կայ հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ։