Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին, ­Կի­րա­կի՝ 30 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ե­րաժշ­տա­կան ­Պա­լա­տէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէ քա­ղա­քի ­Սիմ­ֆո­նիկ ­Նո­ւա­գա­խում­բի ­Նոր ­Տա­րո­ւան ե­րաժշ­տա­կան կա­լան՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րա­ժիշտ ­Խա­րիս Ի­լիա­տի­սի, ներ­կա­յու­թեամբ պե­տա­կան բարձր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ բազ­մա­հա­րիւր մշա­կու­թա­սէր­նե­րու։
Ե­րաժշ­տա­կան բարձր ո­րակ ու­նե­ցող ձեռ­նար­կին միակ սոփ­րա­նօ մե­ներ­գողն էր, ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հայ գա­ղու­թէն տիկ. ­Սի­րա­նոյշ ­Չա­լը­քեան, որ գե­ղեց­կօ­րէն եւ իր մեղ­մաթր­թիռ ձայ­նով ներ­կա­յա­ցուց հան­րու­թեան «­Վիեն­նա­յի բոյ­րը» ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծը, որ ծա­փող­ջոյն­նե­րով գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցաւ հան­րու­թեան կող­մէ։
­Յայտ­նենք, որ նա­խա­պէս, «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը յայտ­նած էր գա­ղու­թի բո­լոր ծխա­յին­նե­րուն՝ սոյն մշա­կու­թա­յին կա­րե­ւոր ու բարձ­րո­րակ ձեռ­նար­կին վե­րա­բե­րեալ, ո­րուն հա­մա­ձայն յոյն մշա­կու­թա­սէր­նե­րու կող­քին ներ­կայ ե­ղան նաեւ հայ մշա­կու­թա­սէր­ներ։
Այս ա­ռի­թով, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ գա­ղու­թը կը շնոր­հա­ւո­րէ տիկ. ­Չա­լը­քեա­նը, որ մշտա­կան պա­տիւ կը բե­րէ ընդ­հան­րա­պէս յու­նա­հայ գա­ղու­թին ու մաս­նա­ւո­րա­բար ­Թե­սա­ղո­նի­կէի գա­ղու­թին եւ կը մաղ­թենք ա­նոր յա­րա­տեւ վե­րելք, յա­ջո­ղու­թիւն եւ նոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րով մեծ նո­ւա­ճում­ներ՝ ե­րաժշ­տա­կան աս­պա­րէ­զէն ներս։