Որ­քան թա­ւա­լի ժա­մա­նա­կը, այն­քան կը շեշ­տո­ւի այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը ­Չա­րեն­ցի։
Ա­մէ­նուր այդ­պի­սի՛ն են ի­րաւ մե­ծու­թիւն­նե­րը։
Ի­րենց ժա­մա­նա­կին՝ դա­րո՛ւ ո­գին կը մարմ­նա­ւո­րեն, բայց նաեւ ու մա­նա­ւանդ այդ պատ­ճա­ռով՝ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րէն վեր կը բարձ­րա­նան ու յա­ւեր­ժու­թիւ­նը կը նո­ւա­ճեն։
Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց իր ժա­մա­նա­կի հայ ի­րա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կան եր­գի­չը ե­ղաւ եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին, իբ­րեւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն վրայ յա­ծող լու­սա­ւո­րիչ աստղ, յա­ւեր­ժու­թիւ­նը նո­ւա­ճեց։
­Կը բա­ւէ ո­րե­ւէ օր կամ օ­րո­ւան ո­րե­ւէ ժա­մուն կար­դալ ­Չա­րեն­ցը, որ­պէս­զի մեր ապ­րած ժա­մա­նակն ու կեան­քը դի­տենք ու ըն­կա­լենք նոր լոյ­սի տակ՝ ­Չա­րեն­ցի անս­պառ խո­հե­րու եւ յոյ­զե­րու լու­սար­ձա­կով։
­Հայ քեր­թո­ղու­թեան յե­ղա­փո­խա­շունչ հան­ճա­րին թե­լադ­րա­կա­նու­թեամբ։
­Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն, 120 տա­րի ա­ռաջ ­Մարտ 13ի այս օ­րը ­Կարս ծնած, բայց ծնող­նե­րուն բնա­կա­վայր պարս­կա­կան ­Մա­կու քա­ղա­քը իբ­րեւ ծննդա­վայր եր­գած Ե­ղի­շէ Աբ­գա­րի ­Սո­ղո­մո­նեա­նը, հա­զիւ պա­տա­նի դար­ձած, ար­դէն գի­տա­կից էր ի վե­րուստ ի­րենց շնոր­հո­ւած հան­ճա­րին։
­Նաեւ իր ապ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը՝ աշ­խար­հա­ւեր Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տով, հայ ժո­ղո­վուր­դը զգետ­նող ­Մեծ ե­ղեռ­նով եւ նոր դա­րաշր­ջա­նի յոյ­սը ա­ւե­տող ­Ռու­սա­կան ­Մեծ ­Յե­ղա­փո­խու­թեամբ ե­ղաւ այն­պի­սին, որ քսա­նա­մեայ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի մէջ յաղ­թա­հա­սակ կանգ­նե­ցաւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն իր պատ­գա­մը ու­նե­ցող մեծ բա­նաս­տեղ­ծը։
­Կեան­քը եր­գի վե­րա­ծեց եւ եր­գեց այն, ինչ որ բո­լոր ջի­ղե­րով զգաց ու ապ­րե­ցաւ։
Ինք­նամ­փոփ բա­նաս­տեղ­ծի տե­սակն ու կեան­քը ան­հա­ղորդ եւ ան­յա­րիր մնա­ցին ­Չա­րեն­ցի հա­մար։
­Սէրն ու գե­ղե­ցի­կը եր­գեց այն­պէ՛ս, ինչ­պէս որ կեան­քի մէջ զգաց ու ապ­րե­ցաւ։ Եւ որ­քան բուռն ու ան­կաշ­կանդ ե­ղաւ սի­րա­յին իր կեան­քը, այն­քան յու­զա­կան եւ վա­րա­կիչ դար­ձաւ սի­րոյ իր եր­գը։
Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ցեալն ու ներ­կան, «­Մա­հո­ւան ­Տե­սիլ»ն­ ու «Է­պի­քա­կան ­Լու­սա­բաց»ը ըն­կա­լեց եւ եր­գեց բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն եւ հա­նուր մարդ­կու­թեան ու­րոյն պատ­գամ փո­խան­ցող իր ամ­բողջ տա­րո­ղու­թեամբ ու ա­հագ­նու­թեամբ։
­Խոր­շան­քով դի­տեց եւ կա­տա­ղօ­րէն մեր­ժեց գա­ւա­ռայ­նու­թեան ու գա­ւա­ռամ­տու­թեան ա­մէն ե­րանգ ու փոր­ձու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կա­նին եւ հայ­րե­նա­կա­նին մէջ յայտ­նա­գոր­ծեց դա­րե­րէն ե­կող ու դա­րե­րուն գա­ցող մարդ­կա­յին մեծ ժա­ռան­գու­թիւ­նը։
­Տար­բեր նե­րաշ­խարհ եւ ի­մա­ցա­կան խռովք չէր կրնար ու­նե­նալ ­Չա­րեն­ցի հան­ճա­րով օժ­տո­ւած յե­ղա­փո­խա­շունչ քեր­թո­ղը, որ իր ա­րա­րած ա­մէն տո­ղին եւ եր­գին մէջ ներ­քին հուր դրաւ՝ նոր հո­րի­զոն բա­նա­լու սան­ձա­զերծ եր­կուն­քով։
Ա­ւե­լի քան սպա­սե­լի էր, հե­տե­ւա­բար, որ ­Չա­րենց ան­սանձ կիր­քով ու թա­փով փա­րէր «Ամ­բոխ­նե­րը ­Խե­լա­գա­րո­ւած» շղթա­յա­զեր­ծած պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեան։ Որ­քան իր եր­գով հա­ւա­տաց նոր աշ­խար­հի մը կեր­տու­մին, նոյն­քան հա­մո­զու­մով փա­րե­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան կեն­դա­նի պայ­քա­րին իր շուն­չը միա­խառ­նե­լու քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան։
Այդ­պէ՛ս, խո­րա­սոյզ հա­մո­զում­նե­րու եւ վա­րար յու­զա­կա­նու­թեան մեծ եր­գի­չը ե­ղաւ ­Չա­րենց, որ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ան­կա­շառ ա­ւե­տա­բե­րը դար­ձաւ վե­րած­նեալ «­Պայ­ծառ ­Գա­լիք»ին։
Եւ որ­քան մեծ ու սրտա­բուխ էր պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեան հան­դէպ ­Չա­րեն­ցի տա­ծած պաշ­տա­մուն­քը, նոյն­քան մեծ ու ան­հա­կակշ­ռե­լի դար­ձաւ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թե­նէն ա­նոր ապ­րած հիաս­թա­փու­թիւ­նը։
Իր կեան­քով ալ ­Չա­րենց վճա­րեց ծան­րա­գոյն գի­նը հո­գեմ­տա­ւոր իր շրջա­դար­ձին, երբ «եր­կաթ»ն­ ու «պե­թոն»ը ներ­բո­ղե­լու իր խան­դա­վա­ռու­թեան վեր­ջա­կէտ դրաւ ու հա­կե­ցաւ «­Գիրք ­Ճա­նա­պար­հի»ի ծան­րա­խոհ դա­սե­րուն եւ պատ­գամ­նե­րուն վրայ։
­Հա­յաս­տա­նի «ա­րե­ւա­համ բա­ռը սի­րե­լու» ­Տա­ղա­րա­նով հայ քեր­թո­ղու­թեան բար­ձուն­քը մագլ­ցած ­Չա­րեն­ցը, երբ կռնակ դար­ձուց «­Լե­նինն ու Ա­լին» գո­վեր­գե­լու իր խան­դա­վա­ռու­թեան, բան­տար­կու­թեան մէջ եւ չար­չա­րան­քի տակ ան­գամ շա­րու­նա­կեց յե­ղա­փո­խա­շունչ իր եր­գը՝ «Ով հայ ժո­ղո­վուրդ քո միակ փրկու­թիւ­նը քո հա­ւա­քա­կան ու­ժի մէջ է» պատ­գա­մով բաժ­նո­ւե­լով մեր աշ­խար­հէն։
Կ’անց­նին ժա­մա­նակ­նե­րը, կու գան ու կ’եր­թան ա­մէ­նէն ա­հեղ կայս­րու­թիւն­ներն ան­գամ, բայց ան­կորն­չե­լի կը մնան դա­րու ո­գին մարմ­նա­ւո­րող ի­րա՛ւ մե­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք նաեւ այժ­մէա­կան շունչ կը հա­ղոր­դեն ի­րենց յա­ւերժ ներ­կա­յու­թեան։
­Չա­րենց այդ հսկա­նե­րէն է՝
­Հայ քեր­թո­ղու­թեան յե­ղա­փո­խա­շունչ հան­ճարն է։
­Հա­յոց Ար­հա­ւիր­քին ու ­Վե­րած­նուն­դին, այ­լեւ՝ աշ­խար­հա­սա­սան պա­տե­րազ­մի եւ յե­ղա­փո­խու­թեան բարդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ծնունդն է ­Չա­րենց։
Եւ ինչ­պէս վա­յել է հան­ճա­րեղ գրող­նե­րուն, քսա­նա­մեայ իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քով՝ եր­կար ու բարդ ճա­նա­պարհ կտրեց հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան ո­գին մարմ­նա­ւո­րող ան­մահն ­Չա­րեն­ցը։ Եւ որ­քան մեծ թռիչ­քի, այն­քան ա­հա­ւոր ան­կու­մի պա­հե­րով յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ­Չա­րեն­ցի ճա­նա­պար­հը, որ երբ հա­սաւ «­Գիրք ­Ճա­նա­պար­հի»ն­ ա­րա­րե­լու հա­սու­նու­թեան՝ խորհր­դա­յին չա­րի­քի կայս­րու­թիւ­նը բրտօ­րէն կտրեց կեան­քի թե­լը ազ­գա­յին մեր հպար­տու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րող մեծ բա­նաս­տեղ­ծին։
­Հայ ի­րա­կա­նու­թե­նէն վա­ղա­ժամ խլե­ցին-տա­րին «Ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի ա­րե­ւա­համ բա­ռը» աշ­խար­հով մէկ յա­ւեր­ժա­ցու­ցած ան­զու­գա­կան եր­գի­չը։
­Միայն իր ա­րա­րած այդ մէկ հա­տիկ բա­ռին՝ ­Հա­յաս­տա­նի «ա­րե­ւա­համ» խոր­հուրդն ու յու­զաշ­խար­հը բա­նա­ձե­ւող ու ան­մա­հաց­նող իր պայ­ծա­ռա­տե­սու­թեան հա­մար իսկ, ­Չա­րենց ան­տա­րա­կոյս ար­ժա­նի է հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ե­րախ­տա­գի­տու­թեան, այ­լեւ՝ հպար­տու­թեա՛ն։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի հան­ճա­րեղ եր­գի­չին՝ ­Չա­րեն­ցի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յոր­դա­ռատ հոս­քին միայն սկզբնա­ւո­րու­մը ե­ղաւ ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­քի իր «­Տա­ղա­րան»ը զար­դա­րող «Ես իմ ա­նոյշ ­Հա­յաս­տա­նի»ին, ուր «ա­րե­ւա­համ»ի կող­քին՝ ազ­գա­յին մեր ինք­նա­ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը խո­րաց­նող պատ­կե­րա­ւոր խո­հե­րու եւ յոյ­զե­րու ամ­բողջ աշ­խարհ մը բա­ցող յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րով՝ ­Չա­րենց հարս­տա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դին հո­գեմ­տա­ւոր գան­ձա­րա­նը.

Ես իմ ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի ա­րե­ւա­համ բառն եմ սի­րում,
­Մեր հին սա­զի ող­բա­նո­ւագ, լա­ցա­կու­մած լարն եմ սի­րում,
Ար­նան­ման ծա­ղիկ­նե­րի ու վար­դե­րի բոյ­րը վառ­ման,
Ու նաի­րեան աղ­ջիկ­նե­րի հե­զաճ­կուն պա՛րն եմ սի­րում։

­Սի­րում եմ մեր եր­կին­քը մուգ, ջրե­րը ջինջ, լի­ճը լու­սէ,
Ա­րեւն ամ­րան ու ձմե­ռո­ւայ վի­շա­պա­ձայն բու­քը վսեմ,
Մ­թում կո­րած խրճիթ­նե­րի ան­հիւ­րըն­կալ պա­տե­րը սեւ,
Ու հնա­մեայ քա­ղաք­նե­րի հա­զա­րա­մեայ քա՛րն եմ սի­րում։

Ո՛ւր էլ լի­նեմ — չե՛մ մո­ռա­նայ ես ող­բա­ձայն եր­գե­րը մեր,
­Չե՜մ մո­ռա­նայ ա­ղօթք դար­ձած եր­կա­թա­գիր գրքե­րը մեր,
Ինչ­քան էլ սո՜ւր սիրտս խո­ցեն ա­րիւ­նա­քամ վէր­քե­րը մեր —
Է­լի՛ ես որբ ու ար­նա­վառ իմ ­Հա­յաս­տան — եա՛րն եմ սի­րում։

Իմ կա­րօ­տած սրտի հա­մար ո՛չ մի ու­րիշ հե­քիաթ չկայ,
­Նա­րե­կա­ցու, ­Քու­չա­կի պէս լու­սապ­սակ ճա­կատ չկայ,
Աշ­խա՜րհ ան­ցի՛ր, Ա­րա­րա­տի նման ճեր­մակ գա­գաթ չկայ,
Ինչ­պէս ան­հաս փառ­քի ճամ­բայ՝ ես իմ ­Մա­սիս սա՛րն եմ սի­րում։

­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի համն ու հո­տը, ինչ­պէս եւ ազ­գա­յին մեր ա­հա­ւոր ան­կում­նե­րուն եւ վե­րա­նո­րոգ­ման խոցն ու թռիչ­քը յա­ւեր­ժին եւ ա­նեզ­րին բա­ցաւ ­Չա­րենց՝ իր հան­ճա­րեղ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, նաեւ՝ ծով տա­ռա­պան­քէ ծնած ի­մաս­տուն պատ­գամ­նե­րով.
— «­Դո՛ւ ես միայն եւ միայն դու, ո՜վ պայ­քա­րող դու ո­գի, որ յա­ւի­տեան հուր­հու­րա­լով, ինչ­պէս խա­րոյկ մոր­մո­քի, վա­ռում ես միշտ ու բոր­բո­քում իղձ ու տեն­չանք ան­յա­գուր­դով եւ չե՛ս լի­նի դու եր­բեք մութ, որ­քան էլ մու­թը չո­քի»։
— «­Չի՛ շղթա­յո­ւի մար­դու ո­գին ո՛չ մի կա­պով ար­տա­քին, ե­թէ դա­րի, ժա­մա­նա­կի զրահ ու­նի իր հա­գին. կը բարձ­րա­նայ եւ կը կանգ­նի նա հա­ւա­տով ան­սա­սան եւ կը մնայ գա­լիք կեան­քում՝ ան­խոր­տակ ու ա­հա­գին»։
— «Ա­մէն պոէտ՝ գա­լիս՝ իր հետ մի ան­տես նետ է բե­րում, եւ նետն ա­ռած, խո­հա­կա­լած — որս է ա­նում եր­գե­րում. բայց դառ­նում է պոէտ նա մեծ ոչ թէ նե­տի՛ մե­ծու­թեամբ, այլ նշա­նի՛ ա­հագ­նու­թեամբ, որ հան­ճար­ներ է սե­րում»։