Մարտ 8ի այս օրը կ՛ոգեկոչենք մահուան 63րդ տարելիցը մեր ժողովուրդի անմահանուն հերոսներէն ԴՐՕի, որ արժանաւորապէս կը մարմնաւորէ հայոց նորագոյն պատմութեան «մրրկածին» մարտականը եւ դաշնակցական յանդգնութեան խոյանքը։
Իր կենդանութեան իսկ, ԴՐՕ առասպելական հերոս մը դարձաւ հայ ժողովուրդին համար։ Իսկ մահէն ասդին, որքան ժամանակը թաւալի, այնքան աւելի կը պայծառանայ հերոսական դէմքը Հայու քաղաքական Յանդգնութիւնն ու մարտական Խիզախութիւնը անկրկնելիօրէն մարմնաւորած «մրրկածին» դաշնակցականին ու առաջամարտիկին։
Իր Անձն ու Գործը, իբրեւ սերունդներու ներշնչման աղբիւր եւ Հայոց Գալիքին համար ուսանելի ուղեցոյց, տակաւ կը կտրեն ու կ՛անցնին ժամանակի եւ պայմաններու սահմանները՝ արմատաւորելով մեր ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ – յանուն Հայու Ազատութեան եւ Հայաստանի Անկախութեան — գերագոյն անձնազոհութեան եւ աննկուն մարտունակութեան սրբազան դաւանանքը։
Պատահական չէ, որ Արցախեան Ազատամարտի շղթայազերծման ու Հայաստանի վերանկախացման պայքարի առաջին իսկ պահերէն, ԴՐՕ անունը ամբողջ 70 տարի խծբծել փորձած խորհրդային կարգերէն ազատագրուելու իր ծառացումին մէջ, հայրենի հայութիւնը սրտի երգի վերածեց «Դաշնակ ԴՐՕ»ն.
Հայոց երկնքով անցէք հաւքեր իմ սիրուն,
Քաջ հայդուկից բարեւ տարէք դէպի տուն,
Ծեր արծուի պէս մոլոր օտար ափերում
Ծնող հողին կարօտ մտաւ յաւերժ քուն։
Արի դու քաջ Դրօ, բազկիդ ուժը բեր,
Հեծիր քո ճերմակ ձին, քշիր սարն ի վեր,
Ձայնիր քո քաջերին՝ քնած թէ արթուն,
Փրկիր քո հայրենիք չքնաղ Սուրմալուն։
…
Դաշնակցականին վայել աննկուն կամքով,
Պայքարել ես, ապրել ազգի կարօտով.
Կարս ու Անի, Սուրմալու, Պիթլիս յիշելով՝
Փակուել են աչքերդ յաւիտեան քնով…
Արի դու քաջ Դրօ, բազկիդ ուժը բեր…
ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆի իր ուրոյն աւանդը կերտած Ազգային Հերոս է ԴՐՕ, որ իր անունին կապեց արութեան այնպիսի՜ պատմակշիռ գործեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անջնջելի դրոշմը դրած է հայոց նորագոյն պատմութեան վրայ։
31 Մայիս 1884ին Իգդիր ծնած Դրաստամատ Կանայեան վերապրեցաւ մահուան դէմ մղուած բոլոր ճակատումներէն։ Ռազմի դաշտերու վրայ անցան անոր գիտակից կեանքի տարիները։ Յեղափոխական մարտիկի եւ ռազմական գործիչի մը համար երկար կեանք ունեցաւ ԴՐՕ։ Մինչեւ 72 տարեկան ապրեցաւ եւ մինչեւ վերջին շունչ, հայ ազգային-ազատագրական պայքարի ճանապարհին, շարունակ պատնէշի վրայ կանգուն մնաց ու յառաջապահ դեր կատարեց։
Միայն թւումի կարգով տրուած՝ ահա՛ գլխաւոր նշանաձօղերը ԴՐՕի կտրած փոթորկալի կեանքի ճանապարհին.
— 11 Մայիս 1905ին, ատենի հայ-թաթարական ընդհարումները սադրած Պաքուի նահանգապետ իշխան Նակաշիձէի դէմ Դաշնակցութեան որոշած մահապատիժը գործադրելով՝ 21 տարեկան հասակին ԴՐՕ անօրինակ յանդգնութեամբ եւ խիզախութեամբ ահաբեկեց Անդրկովկասի հայութեան ջարդարարը։ Այդպէ՛ս սկսաւ հայ ժողովուրդի թշնամիները անպատիժ չձգելու արդարահատոյց ԴՐՕի երկար ուղին։
— 1908ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան բերած համեմատական
ազատութիւններէն օգտուելով՝ Դաշնակցութիւնը որոշեց թուրք-ռուսական սահմանագլուխին վրայ դէպի Երկիր զէնքի փոխադրութեան գլխաւոր կէտ մը հաստատել։ Պայազէտը ընտրուեցաւ իբրեւ յարմարագոյն կեդրոն եւ, Ռոստոմի յանձնարարութեամբ, ԴՐՕ հաստատուեցաւ Պայազէտ, իբրեւ Սուրէն Էֆենտի անունով վաճառական մը, կազմակերպելու եւ ղեկավարելու համար զինման ընդհանուր գործը։
— Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ ԴՐՕ փութաց Թիֆլիս եւ ստանձնեց Հայ Կամաւորական 2րդ Ջոկատի հրամանատարութիւնը։
— 1918ի Մայիսեան բախտորոշ ճակատամարտներուն, ԴՐՕ գլխաւորեց Բաշ-Ապարանի հերոսամարտը։
— Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման պետականակերտ գործին մէջ, յատկապէս Հայկական Բանակի կազմութեան եւ հզօրացման ուղղութեամբ, ԴՐՕ հիմնարար ներդրում ունեցաւ։
— 1918ի Դեկտեմբերին ԴՐՕ գլխաւորեց հայկական զօրքերը՝ հայ-վրացական պատերազմի ժամանակ։
— Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան մէջ, Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեան ժամանակ, ԴՐՕ ստանձնեց ռազմական նախարարի պատասխանատուութիւնը։
— 1920 թուի Դեկտեմբեր 2էն ետք, կարճ ժամանակով՝ մինչեւ Պոլշեւիկեան Յեղկոմի Երեւան ժամանումը, խորհրդային կառավարութեան ռազմական ներկայացուցիչ Սելինի հետ, ԴՐՕ ղեկավարեց Հայաստանը։
— Յունուար 1921ին, երբ Յեղկոմի կողմէ Հայկական Բանակի սպայակոյտը հետիոտն աքսորուեցաւ հիւսիսային Կովկաս, ԴՐՕ իր կարգին աքսորուեցաւ Մոսկուա, ուր տնային կալանքի տակ պահուեցաւ 5 տարի, մինչեւ որ արտօնութիւն ստացաւ ընդմիշտ հեռանալու Խ. Միութենէն։ Հաստատուեցաւ Ռումանիա, ուրկէ անցաւ Մ. Նահանգներ՝ 1930ականներուն։
— 1933ի Հ.Յ.Դ. 12րդ Ընդհանուր Ժողովին ԴՐՕ ընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ։ Նոյն պաշտօնին վրայ վերընտրուեցաւ հետագայ Հ.Յ.Դ. յաջորդական Ընդհանուր Ժողովներուն։
— Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, յանուն տարագիր հայութեան եւ Դաշնակցութեան յանձնարարութեամբ՝ ԴՐՕ ծայր աստիճան դժուարին բանակցութիւններ վարեց Նացիական Գերմանիոյ իշխանութեանց հետ, փորձելով Հիթլերին համոզել, որ հայերը արիացի են, որպէսզի կարելի ըլլար Հայկական Խ.Ս.Հ. հայութիւնը պաշտպանել թրքական զօրքերու հայասպան ներխուժումէն՝ նացիական հաւանական յաղթանակի պարագային։ Նաեւ՝ Եւրոպայի հայութիւնը փրկելու գործին մէջ ԴՐՕ ստանձնեց անուրանալիօրէն մեծ դեր։ Իր եւ նոյն նպատակով կազմուած դաշնակցական գործիչներու յատուկ մարմնին հետեւողական ջանքերով՝ հնարաւոր դարձաւ Նացի Գերմանիոյ վերաբերմունքը բարեփոխել հայութեան նկատմամբ։ Միեւնոյն ժամանակաշրջանին եւ Աշխարհամարտի աւարտէն յետոյ, ԴՐՕ նախախնամական դեր կատարեց խորհրդային բանակէն գերեվարուած բազմահազար հայ զինուորականները ստոյգ մահէ փրկելու պատմական գործին մէջ։
— Իր կեանքի եւ գործունէութեան վերջին տասնամեակը ԴՐՕ անցուց ընդհանրապէս Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Ի վերջոյ հաստատուեցաւ Լիբանան եւ հինգ տարի վաղեմի իր ընկերոջ՝ Սիմոն Վրացեանի հետ ապրեցաւ նոյն յարկին տակ։ Դէպի Հայրենիք Ներգաղթը, խորհրդային այլասերած քաղաքականութեան հետեւանքով, ընդհանուր հիասթափութեան մատնած էր տարագիր հայութիւնը։ Հետեւած էր Հայ Դատի չարաշահումը խորհրդայիններուն կողմէ՝ Կարսն ու Արտահանը նախ պահանջելու, ապա մտահան ընելու ստալինեան խաղերով։ Տարագիր հայութեան ընդհանուր յուսաբեկման այդ ծանր շրջանին, ԴՐՕ իր կարապի երգը դարձուց նորահաս սերունդներու մէջ ազգային ինքնավստահութիւնը վերականգնելու պատմական ներդրումը, որուն համար մեր սերունդները ամբողջական պաշտամունք տածեցին Մեծ Հերոսին նկատմամբ։
ԴՐՕ հիւանդ էր սուր յօդացաւերով, որոնք խաբուսիկ ախտանշաններն էին արագօրէն տարածուող քաղցկեղի։ 1955ի վերջերուն, բուժման նպատակով, ԴՐՕ այցելեց Միացեալ Նահանգներ։ Բայց մահը վրայ հասաւ եւ տապալեց Հայու քաղաքական Յանդգնութեան եւ մարտական Խիզախութեան հաստաբուն կաղնին։
ԴՐՕ առյաւէտ փակեց աչքերը 8 Մարտ 1956ին եւ թաղուեցաւ Պոսթըն։
Բայց իր կտակն էր յաւերժական հանգիստը գտնել հայրենի հողի ծոցին, ինչ որ իրականացաւ 2000 թուականին, երբ Մեծ Հայուն աճիւնները պաշտօնական յատուկ հանդիսաւորութեամբ տարուեցան անկախ Հայաստան եւ Մայիս 28ի օրերուն ամփոփուեցան իր այնքան պաշտած Ապարանի (նախկին Բաշ-Ապարան) մէջ։
ԴՐՕ առասպելատիպ հերոսին յիշատակը ոգեկոչելով՝ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք խորհրդային դարաշրջանի քարոզչական խեղաթիւրումները մաքրաջրելու ծառայող շահեկան վկայութիւն մը.
«Դրոյի, նրա Լեգէոնի եւ ադրբեջանական Դիվիզիայի մասին» խորագրին տակ, Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնաթերթ «Հայ Զինուոր»ի 26 Յունիս 2014ի կայքէջով, պատմագիտութեան թեկնածու ԱՐՏՅՈՒՇ ՍԱՆՈՍԵԱՆ վերարտադրած է խորհրդահայ գրող Նոր-Այրի պատմած հետագայ յուշը ԴՐՕ զօրավարի մասին.
«Ահա թէ ի՛նչ պատմեց Նոր-Այրը.
«Երկրորդ Աշխարհամարտի ժամանակ ծառայում էի Հիւսիսային Կովկասում՝ ազգային խառը անձնակազմ ունեցող Դիվիզիայի կազմում…
«Մի օր վաղ առաւօտեան մեր Դիվիզիան տագնապով հանեցին ոտքի եւ սկսեցին նախապատրաստել մարտի։ Հրամանատարները բացատրեցին, որ այս անգամ մեր Դիվիզիայի հակառակորդը գերմանացիների կողմից կռուող Դրոյի հայկական Լեգէոնն է, որը, ինչպէս յայտնի է, շատ ամուր ընկոյզ է…
«Բոլորս սարսափի մէջ էինք…
«Պատերազմի սկզբին ոչ ոք, ինչպէս եւ Դրոն, չէր կասկածում գերմանական բանակի յաղթանակին։ Դրոն հայ ռազմագերիներից ստեղծել էր մի Լեգէոն եւ գերմանացիների հետ միասին շարժւում էր Կովկաս ու ձգտում որքան հնարաւոր է շուտ մտնել Անդրկովկաս՝ Հայաստանն ու հայութեանը Թուրքիայի սպասուելիք կործանիչ արշաւանքից պաշտպանելու համար…
«Կարմիր Բանակի կովկասեան ռազմաճակատի հրամանատարութիւնը Կովկասի նախալեռներում Դրոյի Լեգէոնի դէմ էր հանել ադրբեջանական մէկ Դիվիզիա։ Դա, իհարկէ, արուել էր գիտակցաբար։ Նկատի էին ունեցել, որ հայ լեգէոնականների դէմ առանձնայատուկ ջանադրութեամբ կը կռուէին ադրբեջանցիները (կովկասեան թուրքերը), որոնք գործի կը դնէին իրենց ցեղին յատուկ ատելութիւնը հայերի նկատմամբ, որ այնքան բացայայտ դրսեւորուել էր դեռևս 1917-1920 թուականներին…
«Ի՜նչ խօսք, Դրոյի հայ լեգէոնականները նոյնպէս գիտէին, թէ ո՛ւմ դէմ են կռւում… Չնայած ադրբեջանցիների թուական գերակշռութեանը, ճակատամարտն աւարտուել էր Դրոյի Լեգէոնի փայլուն եւ լիակատար յաղթանակով. ամբողջովին ոչնչացուել էր ադրբեջանական տասնհինգհազարանոց Դիվիզիան։ …Ամբողջ Դիվիզիայից փրկուել էր միայն 300 զինուոր, այն էլ՝ իրենց արագավազութեան շնորհիւ։
«Մարտից յետոյ բզկտուած, քրքրուած զինուորական արտահագուստով այդ ողորմելիներին հաւաքել էին մարտադաշտի մերձակայ անտառներից,- այսպէ՛ս աւարտեց Նոր-Այրն իր խօսքը…»։