­­Մարտ 8ի օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­­՚ո­գե­կո­չէ մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցը իր ան­մա­հա­նուն հե­րոս­նե­րէն ԴՐՕի։
Իր կեն­դա­նու­թեան իսկ, ԴՐՕ ա­ռաս­պե­լա­կան հե­րոս մը դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Իսկ մա­հէն աս­դին, որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լի, այն­քան ա­ւե­լի կը պայ­ծա­ռա­նայ հե­րո­սա­կան դէմ­քը ­­Հա­յու քա­ղա­քա­կան ­­Յանդգ­նու­թիւնն ու մար­տա­կան ­­Խի­զա­խու­թիւ­նը անկրկ­նե­լիօ­րէն մարմ­նա­ւո­րած «մրրկա­ծին» դաշ­նակ­ցա­կա­նին ու ա­ռա­ջա­մար­տի­կին։
Իր Անձն ու ­­Գոր­ծը, իբ­րեւ սե­րունդ­նե­րու ներշնչ­ման աղ­բիւր եւ ­­Հա­յոց ­­Գա­լի­քին հա­մար ու­սա­նե­լի ու­ղե­ցոյց, տա­կաւ կը կտրեն ու կ­­՛անց­նին ժա­մա­նա­կի եւ պայ­ման­նե­րու սահ­ման­նե­րը՝ ար­մա­տա­ւո­րե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ, ­­Հա­յու Ա­զա­տու­թեան եւ ­­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան հա­մար, գե­րա­գոյն անձ­նա­զո­հու­թեան եւ անն­կուն մար­տու­նա­կու­թեան սրբա­զան դա­ւա­նան­քը։
Եւ բնաւ ալ պա­տա­հա­կան չէր, որ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի շղթա­յա­զերծ­ման ու ­­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման պայ­քա­րի ա­ռա­ջին իսկ պա­հե­րէն, ամ­բողջ 70 տա­րի ԴՐՕ ա­նու­նը խծբծել փոր­ձած խորհր­դա­յին կար­գե­րէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու իր ծա­ռա­ցու­մին մէջ, հայ­րե­նի հա­յու­թիւ­նը սրտի եր­գի վե­րա­ծեց «­­Դաշ­նակ ԴՐՕ»ն.

­­Հա­յոց երկն­քով ան­ցէք հաւ­քեր իմ սի­րուն,
­­Քաջ հայ­դու­կից բա­րեւ տա­րէք դէ­պի տուն,
­­Ծեր ար­ծո­ւի պէս մո­լոր օ­տար ա­փե­րում
Ծ­նող հո­ղին կա­րօտ մտաւ յա­ւերժ քուն։

Ա­րի դու քաջ Դ­րօ, բազ­կիդ ու­ժը բեր,
­­Հե­ծիր քո ճեր­մակ ձին, քշիր սարն ի վեր,
­­Ձայ­նիր քո քա­ջե­րին՝ քնած թէ ար­թուն,
Փր­կիր քո հայ­րե­նիք չքնաղ ­­Սուր­մա­լուն։

­­Դաշ­նակ­ցա­կա­նին վա­յել անն­կուն կամ­քով,
­­Պայ­քա­րել ես, ապ­րել ազ­գի կա­րօ­տով.
­­Կարս ու Ա­նի, ­­Սուր­մա­լու, ­­Պիթ­լիս յի­շե­լով՝
­­Փա­կո­ւել են աչ­քերդ յա­ւի­տեան քնով…

Ա­րի դու քաջ Դ­րօ, բազ­կիդ ու­ժը բեր…

ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱ­­Նի իր ու­րոյն ա­ւան­դը կեր­տած Ազ­գա­յին ­­Հե­րոս է ԴՐՕ, որ իր ա­նու­նին կա­պեց ա­րու­թեան այն­պի­սի՜ պատ­մակ­շիռ գոր­ծեր, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր անջն­ջե­լի դրոշ­մը դրած է հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան վրայ։
31 ­­Մա­յիս 1884ին Իգ­դիր ծնած Դ­րաս­տա­մատ ­­Կա­նա­յեան վե­րապ­րե­ցաւ մա­հո­ւան դէմ մղո­ւած բո­լոր ճա­կա­տում­նե­րէն։ ­­Ռազ­մի դաշ­տե­րու վրայ ան­ցան ա­նոր գի­տա­կից կեան­քի տա­րի­նե­րը։ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան մար­տի­կի եւ ռազ­մա­կան գոր­ծի­չի մը հա­մար եր­կար կեանք ու­նե­ցաւ ԴՐՕ։ ­­Մին­չեւ 72 տա­րե­կան ապ­րե­ցաւ եւ մին­չեւ վեր­ջին շունչ, հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ճա­նա­պար­հին, շա­րու­նակ պատ­նէ­շի վրայ կան­գուն մնաց ու յա­ռա­ջա­պահ դեր կա­տա­րեց։
­­Միայն թւու­մի կար­գով տրո­ւած՝ ա­հա՛ գլխա­ւոր նշա­նա­ձօ­ղե­րը ԴՐՕի կտրած փո­թոր­կա­լի կեան­քի ճա­նա­պար­հին.
— 11 ­­Մա­յիս 1905ին, ա­տե­նի հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը սադ­րած ­­Պա­քո­ւի նա­հան­գա­պետ իշ­խան ­­Նա­կա­շի­ձէի դէմ ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շած մա­հա­պա­տի­ժը գոր­ծադ­րե­լով՝ 21 տա­րե­կան հա­սա­կին ԴՐՕ ա­նօ­րի­նակ յանդգ­նու­թեամբ եւ խի­զա­խու­թեամբ ա­հա­բե­կեց Անդրկով­կա­սի հա­յու­թեան ջար­դա­րա­րը։ Այդ­պէ՛ս սկսաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի թշնա­մի­նե­րը ան­պա­տիժ չձգե­լու ար­դա­րա­հա­տոյց ԴՐՕի եր­կար ու­ղին։
— 1908ին, Օս­մա­նեան ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեան բե­րած հա­մե­մա­տա­կան ա­զա­տու­թիւն­նե­րէն օգ­տո­ւե­լով՝ ­­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շեց թուրք-ռու­սա­կան սահ­մա­նագ­լու­խին վրայ դէ­պի Եր­կիր զէն­քի փո­խադ­րու­թեան գլխա­ւոր կէտ մը հաս­տա­տել։ ­­Պա­յա­զէ­տը ընտ­րո­ւե­ցաւ իբ­րեւ յար­մա­րա­գոյն կեդ­րոն եւ, ­­Ռոս­տո­մի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, ԴՐՕ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­­Պա­յա­զէտ, իբ­րեւ ­­Սու­րէն Է­ֆեն­տի ա­նու­նով վա­ճա­ռա­կան մը, կազ­մա­կեր­պե­լու եւ ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար զին­ման ընդ­հա­նուր գոր­ծը։
— Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մին հետ ԴՐՕ փու­թաց ­­Թիֆ­լիս եւ ստանձ­նեց ­­Հայ ­­Կա­մա­ւո­րա­կան 2րդ ­­Ջո­կա­տի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը։
— 1918ի ­­Մա­յի­սեան բախ­տո­րոշ ճա­կա­տա­մարտ­նե­րուն, ԴՐՕ գլխա­ւո­րեց ­­Բաշ-Ա­պա­րա­նի հե­րո­սա­մար­տը։
— ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­յաց­ման պե­տա­կա­նա­կերտ գոր­ծին մէջ, յատ­կա­պէս ­­Հայ­կա­կան ­­Բա­նա­կի կազ­մու­թեան եւ հզօ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ, ԴՐՕ հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ։
— 1918ի ­­Դեկ­տեմ­բե­րին ԴՐՕ գլխա­ւո­րեց հայ­կա­կան զօր­քե­րը՝ հայ-վրա­ցա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ։
— ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան վեր­ջին կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ, ­­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի վար­չա­պե­տու­թեան ժա­մա­նակ, ԴՐՕ ստանձ­նեց ռազ­մա­կան նա­խա­րա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։
— 1920 թո­ւի ­­Դեկ­տեմ­բեր 2էն ետք, մին­չեւ ­­Պոլ­շե­ւի­կեան ­­Յեղ­կո­մի Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մը, խորհր­դա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան ռազ­մա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­­Սե­լի­նի հետ, ԴՐՕ ղե­կա­վա­րեց ­­Հա­յաս­տա­նը։
— ­­Յու­նո­ւար 1921ին, երբ ­­Յեղ­կո­մի կող­մէ ­­Հայ­կա­կան ­­Բա­նա­կի սպա­յա­կոյ­տը հե­տիոտն աք­սո­րո­ւե­ցաւ հիւ­սի­սա­յին ­­Կով­կաս, ԴՐՕ իր կար­գին աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­­Մոս­կո­ւա, ուր տնա­յին կա­լան­քի տակ պա­հո­ւե­ցաւ 5 տա­րի, մին­չեւ որ ար­տօ­նու­թիւն ստա­ցաւ ընդ­միշտ հե­ռա­նա­լու Խ. ­­Միու­թե­նէն։ ­­Հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­­Ռու­մա­նիա, ուր­կէ ան­ցաւ Մ. ­­Նա­հանգ­ներ՝ 1930ա­կան­նե­րուն։
— 1933ի Հ.Յ.Դ. 12րդ Ընդ­հա­նուր ­­Ժո­ղո­վին ԴՐՕ ընտրո­ւե­ցաւ ­­Բիւ­րո­յի ան­դամ։ ­­Նոյն պաշ­տօ­նին վրայ վե­րընտ­րո­ւե­ցաւ հե­տա­գայ Հ.Յ.Դ. յա­ջոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր ­­Ժո­ղով­նե­րուն։
— Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, յա­նուն տա­րա­գիր հա­յու­թեան եւ ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան յանձ­նա­րա­րու­թեամբ՝ ԴՐՕ ծայր աս­տի­ճան դժո­ւա­րին բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց ­­Նա­ցիա­կան ­­Գեր­մա­նիոյ իշ­խա­նու­թեանց հետ, փոր­ձե­լով ­­Հիթ­լե­րին հա­մո­զել, որ հա­յե­րը ա­րիա­ցի են, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լար ­­Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. հա­յու­թիւ­նը պաշտ­պա­նել թրքա­կան զօր­քե­րու հա­յաս­պան ներ­խու­ժու­մէն՝ նա­ցիա­կան հա­ւա­նա­կան յաղ­թա­նա­կի պա­րա­գա­յին։ ­­Նաեւ՝ Եւ­րո­պա­յի հա­յու­թիւ­նը փրկե­լու գոր­ծին մէջ ԴՐՕ ստանձ­նեց ա­նու­րա­նա­լիօ­րէն մեծ դեր։ Իր եւ նոյն նպա­տա­կով կազ­մո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու յա­տուկ մարմ­նին հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քե­րով՝ հնա­րա­ւոր դար­ձաւ ­­Նա­ցի ­­Գեր­մա­նիոյ վե­րա­բեր­մուն­քը բա­րե­փո­խել հա­յու­թեան նկատ­մամբ։ ­­Միեւ­նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին եւ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն յե­տոյ, ԴՐՕ նա­խախ­նա­մա­կան դեր կա­տա­րեց խորհր­դա­յին բա­նա­կէն գե­րե­վա­րո­ւած բազ­մա­հա­զար հայ զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րը ստոյգ մա­հէ փրկե­լու պատ­մա­կան գոր­ծին մէջ։
— Իր կեան­քի եւ գոր­ծու­նէու­թեան վեր­ջին տաս­նա­մեա­կը ԴՐՕ ան­ցուց ընդ­հան­րա­պէս Եւ­րո­պա­յի եւ ­­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ։ Ի վեր­ջոյ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­­Լի­բա­նան եւ հինգ տա­րի վա­ղե­մի իր ըն­կե­րոջ՝ ­­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի հետ ապ­րե­ցաւ նոյն յար­կին տակ։ ­­Դէ­պի ­­Հայ­րե­նիք ­­Ներ­գաղ­թը, խորհր­դա­յին այ­լա­սե­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով, ընդ­հա­նուր հիաս­թա­փու­թեան մատ­նած էր տա­րա­գիր հա­յու­թիւ­նը։ ­­Հե­տե­ւած էր ­­Հայ ­­Դա­տի չա­րա­շա­հու­մը խորհր­դա­յին­նե­րուն կող­մէ՝ ­­Կարսն ու Ար­տա­հա­նը նախ պա­հան­ջե­լու, ա­պա մտա­հան ը­նե­լու ստա­լի­նեան խա­ղե­րով։ ­­Տա­րա­գիր հա­յու­թեան ընդ­հա­նուր յու­սա­բեկ­ման այդ ծանր շրջա­նին, ԴՐՕ իր կա­րա­պի եր­գը դար­ձուց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու մէջ ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու պատ­մա­կան ներդ­րու­մը, ո­րուն հա­մար մեր սե­րունդ­նե­րը ամ­բող­ջա­կան պաշ­տա­մունք տա­ծե­ցին ­­Մեծ ­­Հե­րո­սին նկատ­մամբ։
ԴՐՕ հի­ւանդ էր սուր յօ­դա­ցա­ւե­րով, ո­րոնք խա­բու­սիկ ախ­տան­շան­ներն էին ա­րա­գօ­րէն տա­րա­ծո­ւող քաղց­կե­ղի։ 1955ի վեր­ջե­րուն, բուժ­ման նպա­տա­կով, ԴՐՕ այ­ցե­լեց ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­ներ։ ­­Բայց մա­հը վրայ հա­սաւ եւ տա­պա­լեց ­­Հա­յու քա­ղա­քա­կան ­­Յանդգ­նու­թեան եւ մար­տա­կան ­­Խի­զա­խու­թեան հաս­տա­բուն կաղ­նին։
ԴՐՕ առ­յա­ւէտ փա­կեց աչ­քե­րը 8 ­­Մարտ 1956ին եւ թա­ղո­ւե­ցաւ ­­Պոս­թըն։
­­Բայց իր կտակն էր յա­ւեր­ժա­կան հան­գիս­տը գտնել հայ­րե­նի հո­ղի ծո­ցին, ինչ որ ի­րա­կա­նա­ցաւ 2000 թո­ւա­կա­նին, երբ ­­Մեծ ­­Հա­յուն ա­ճիւն­նե­րը պաշ­տօ­նա­կան յա­տուկ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ տա­րո­ւե­ցան ան­կախ ­­Հա­յաս­տան եւ ­­Մա­յիս 28ի օ­րե­րուն ամ­փո­փո­ւե­ցան իր այն­քան պաշ­տած Ա­պա­րա­նի (նախ­կին ­­Բաշ-Ա­պա­րան) մէջ։
ԴՐՕ ա­ռաս­պե­լա­տիպ հե­րո­սին յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չե­լով՝ ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նենք խորհր­դա­յին դա­րաշր­ջա­նի քա­րոզ­չա­կան խե­ղա­թիւ­րում­նե­րը մաք­րաջրե­լու ծա­ռա­յող շա­հե­կան վկա­յու­թիւն մը.
«Դ­րո­յի, նրա ­­Լե­գէո­նի եւ ադր­բե­ջա­նա­կան ­­Դի­վի­զիա­յի մա­սին» խո­րագ­րին տակ, Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­թերթ «­­Հայ ­­Զի­նո­ւոր»ի 26 ­­Յու­նիս 2014ի կայ­քէ­ջով, պատ­մա­գի­տու­թեան թեկ­նա­ծու ԱՐՏՅՈՒՇ ՍԱՆՈՍԵԱՆ վե­րար­տադ­րած է խորհր­դա­հայ գրող ­­Նոր-Այ­րի պատ­մած հե­տա­գայ յու­շը ԴՐՕ զօ­րա­վա­րի մա­սին.
«1960թ. ­­Դեկ­տեմ­բերն էր։ Խ. Ա­բո­վեա­նի ա­նո­ւան ման­կա­վար­ժա­կան Ինս­տի­տու­տի պատ­մա­լե­զո­ւագ­րա­կան ­­Ֆա­կուլ­տե­տի 5րդ ­­Կուր­սի ու­սա­նող­ներս վե­րա­դառ­նում էինք ­­Մոս­կո­ւա­յից։ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Կենտ­կո­մի այն ժա­մա­նա­կո­ւայ ա­ռա­ջին քար­տու­ղար ­­Թով­մա­սեա­նին եւ երկ­րորդ քար­տու­ղար ­­Զա­րու­բեա­նին դի­մե­լով՝ յա­ջո­ղաց­րել էինք Էքս­կուր­սիա գնալ ­­Մոս­կո­ւա եւ ­­Լե­նինգ­րադ՝ մեր դա­սա­խոս ըն­կեր Վ. ­­Քո­սեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։
«­­Մոս­կո­ւա­յի կա­ռա­մա­տոյ­ցում մեր վա­գոն բարձ­րա­ցաւ մի մի­ջա­հա­սակ հայ մարդ։ ­­Շու­տով ի­մա­ցանք, որ նա ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Խորհր­դա­յին Գ­րող­նե­րի ­­Միու­թեան ­­Կի­րո­վա­կա­նի բա­ժան­մուն­քի պա­տաս­խա­նա­տու քար­տու­ղար ­­Նոր-Այրն է։
­­Մենք խցկո­ւե­ցինք նրա ­­Կու­պեն։ ­­Մեզ հա­մար ան­չափ հե­տաքր­քիր էր այդ ա­նակն­կալ հան­դի­պու­մը հայ գրո­ղի հետ։ ­­Նա շատ ան­մի­ջա­կան մարդ էր, եւ սկսո­ւեց ան­կաշ­կանդ զրոյ­ցը։ ­­Հիմ­նա­կա­նում խօ­սում էր ին­քը, իսկ մենք կլա­նո­ւած լսում էինք նրա հե­տաքր­քիր պատ­մու­թիւն­նե­րը պա­տե­րազ­մա­կան տա­րի­նե­րից… ­­Մեզ ա­ռանձ­նա­պէս հե­տաքրք­րեց Դ­րո­յի (Դ­րաս­տա­մատ ­­Կա­նա­յեան) մա­սին նրա պատ­մա­ծը…
«Դ­րո­յի մա­սին շատ քիչ բան գի­տէինք… ­­Գի­տէինք, որ եղ­բայ­րը հա­մալ­սա­րա­նում է դա­սա­խօ­սում, եւ զար­մա­ցած էինք, որ նրան Դ­րո­յի պատ­ճա­ռով չեն ձեր­բա­կա­լել…
«Խ­րուշ­չո­վեան ձնհա­լի հո­վե­րը, ի­հար­կէ, հա­սել էին նաեւ մեզ՝ ու­սա­նող­նե­րիս, սա­կայն դե­ռեւս Դ­րո­յի, ինչ­պէս եւ մեր ազ­գի միւս նո­ւի­րեալ­նե­րի մա­սին ի­րար հետ խօ­սում էինք կի­սա­ձայն… Իսկ ­­Նոր-Այ­րը, ի զար­մանս մեզ, Դ­րո­յին ներ­կա­յաց­նում էր բո­լոր բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րով՝ այն­պէս, ինչ­պես ե­ղել էր։ Դ­րոն նրա գնա­հատ­մամբ իս­կա­կան ազ­գա­յին հե­րոս էր՝ իր գոր­ծու­նէու­թեան բո­լոր շրջան­նե­րում։
«Ա­հա թէ ի՛նչ պատ­մեց ­­Նոր-Այ­րը.
«Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ժա­մա­նակ ծա­ռա­յում էի ­­Հիւ­սի­սա­յին ­­Կով­կա­սում՝ ազ­գա­յին խա­ռը անձ­նա­կազմ ու­նե­ցող ­­Դի­վի­զիա­յի կազ­մում…
«­­Մի օր վաղ ա­ռա­ւօ­տեան մեր ­­Դի­վի­զիան տագ­նա­պով հա­նե­ցին ոտ­քի եւ սկսե­ցին նա­խա­պատ­րաս­տել մար­տի։ Հ­րա­մա­նա­տար­նե­րը բա­ցատ­րե­ցին, որ այս ան­գամ մեր ­­Դի­վի­զիա­յի հա­կա­ռա­կոր­դը գեր­մա­նա­ցի­նե­րի կող­մից կռո­ւող Դ­րո­յի հայ­կա­կան ­­Լե­գէոնն է, ո­րը, ինչ­պէս յայտ­նի է, շատ ա­մուր ըն­կոյզ է…
«­­Բո­լորս սար­սա­փի մէջ էինք…
«­­Պա­տե­րազ­մի սկզբին ոչ ոք, ինչ­պէս եւ Դ­րոն, չէր կաս­կա­ծում գեր­մա­նա­կան բա­նա­կի յաղ­թա­նա­կին։ Դ­րոն հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րից ստեղ­ծել էր մի ­­Լե­գէոն եւ գեր­մա­նա­ցի­նե­րի հետ միա­սին շարժ­ւում էր ­­Կով­կաս ու ձգտում որ­քան հնա­րա­ւոր է շուտ մտնել Անդր­կով­կաս՝ ­­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թեա­նը ­­Թուր­քիա­յի սպա­սո­ւե­լիք կոր­ծա­նիչ ար­շա­ւան­քից պաշտ­պա­նե­լու հա­մար…
«­­Կար­միր ­­Բա­նա­կի կով­կա­սեան ռազ­մա­ճա­կա­տի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ­­Կով­կա­սի նա­խա­լեռ­նե­րում Դ­րո­յի ­­Լե­գէո­նի դէմ էր հա­նել ադր­բե­ջա­նա­կան մէկ ­­Դի­վի­զիա։ ­­Դա, ի­հար­կէ, ա­րո­ւել էր գի­տակ­ցա­բար։
Ն­կա­տի էին ու­նե­ցել, որ հայ լե­գէո­նա­կան­նե­րի դէմ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ջա­նադ­րու­թեամբ կը կռո­ւէին ադր­բե­ջան­ցի­նե­րը (կով­կա­սեան թուր­քե­րը), ո­րոնք գոր­ծի կը դնէին ի­րենց ցե­ղին յա­տուկ ա­տե­լու­թիւ­նը հա­յե­րի նկատ­մամբ, որ այն­քան բա­ցա­յայտ դրսե­ւո­րո­ւել էր դեռևս 1917-1920 թո­ւա­կան­նե­րին…
«Ի՜նչ խօսք, Դ­րո­յի հայ լե­գէո­նա­կան­նե­րը նոյն­պէս գի­տէին, թէ ո՛ւմ դէմ են կռւում… Չ­նա­յած ադր­բե­ջան­ցի­նե­րի թո­ւա­կան գե­րակշ­ռու­թեա­նը, ճա­կա­տա­մարտն ա­ւար­տուել էր Դ­րո­յի ­­Լե­գէո­նի փայ­լուն եւ լիա­կա­տար յաղ­թա­նա­կով. ամ­բող­ջո­վին ոչն­չա­ցո­ւել էր ադր­բե­ջա­նա­կան տասն­հինգ­հա­զա­րա­նոց ­­Դի­վի­զիան։ …Ամ­բողջ ­­Դի­վի­զիա­յից փրկո­ւել էր միայն 300 զի­նո­ւոր, այն էլ՝ ի­րենց ա­րա­գա­վա­զու­թեան շնոր­հիւ։
«­­Մար­տից յե­տոյ բզկտո­ւած, քրքրո­ւած զի­նո­ւո­րա­կան ար­տա­հա­գուս­տով այդ ո­ղոր­մե­լի­նե­րին հա­ւա­քել էին մար­տա­դաշ­տի մեր­ձա­կայ ան­տառ­նե­րից,- այս­պէ՛ս ա­ւար­տեց ­­Նոր-Այրն իր խօս­քը…»։