Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան պանծալի 100ամեակի կարեւորագոյն միջոցառումներէն մէկը կը հանդիսանայ 11րդ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումը, որ տեղի կ՚ունենայ 19էն 28 Յուլիս երկարող ժամանակամիջոցի ընթացքին՝ Հայաստանի մէջ։
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 20 հոգինոց պատուիրակութիւն մը կը մասնակցի բանակումին, մօտ երկու շաբթուան տեւողութեամբ՝ միասնաբար ըլլալու համար Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր գաղութներէն հարիւրաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական հայորդիներու հետ եւ տոգորուելու միութեան 100ամեայ ոգիով եւ կենսունակութեամբ։
Այս առիթով, Յունատանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնը կազմակերպեց յատուկ երեկոյ մը, որու ընթացքին եղաւ դրօշակներու յանձնումը պատուիրակութեան՝ նախքան մեկնումը դէպի Հայաստան։ Այսպէ՛ս, Երեքշաբթի՝ 17 Յուլիս 2018ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ, ներկայ եղան պատուիրակութեան քոյրերն ու եղբայրները՝ իրենց տարազներով եւ դրօշակներով։ Ելոյթը կը վայելէր յունահայոց առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի բարձր ներկայութիւնը՝ իր կողքին ունենալով յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեանը եւ Հրայր Աւագ Քահանայ Նիկոլեանը։ Անակնկալ կերպով ներկայ եղաւ նաեւ Յունաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ երկարամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտ-խմբապետ եղբ. Արշամ Օհաննէս, որ հիւրաբար կը գտնուէր Աթէնք։
Ելոյթին մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի անդամները, Աթէնքի եւ Գոքինիոյ Սկաուտական Խորհուրդներու անդամները, ինչպէս նաեւ Աթէնքի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը։
Բացումը կատարեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Եդիմեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ վարչութեան անունով իր գնահատանքը փոխանցեց բանակումին մասնակցող բոլոր անդամներուն։ Ան յայտնեց, թէ Շրջանային Վարչութիւնը նեցուկ կը կանգնի սկաուտական գործունէութեան եւ իր յոյսը յայտնեց, թէ սոյն բանակումի յունահայ պատուիրակութեան մասնակցութիւնը խթան պիտի ըլլայ՝ սկաուտական աւելի ծաւալուն գործունէութեան համար գաղութէն ներս։
Այնուհետեւ իր խօսքը ուղղեց Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, որ որպէս անցեալի սկաուտապետ, իր խանդավառութիւնը արտայայտեց բանակումին մեր տղոց մասնակցութեան համար։ Ան շեշտեց, թէ երկու Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներ տեղի ունեցան Յունաստանի մէջ, իսկ կարեւորութեամբ շեշտեց Ա. բանակումի կազմակերպման նախաձեռնութեան պատմականը՝ 1978ին Աթէնքի մէջ։ Իր կարգին բարի յաջողութիւն մաղթեց պատուիրակութեան եւ գնահատեց սկաուտները եւ անոնց աստիճանաւորները։ Գնահատանքի խօսք եւ իր խանդավառութիւնը փոխանցեց նաեւ եղբ. Արշամ Օհաննէս։
Իր հայրական պատգամը հրաւիրուեցաւ փոխանցելու Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ կուռ խօսքով մը վեր առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100րդ տարեդարձը եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց այս տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած համագաղութային բանակումը՝ հայրենիքի մէջ։ Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով նշեց միութեան առաքելութիւնը, որ իր գոյութեան տասնամեակներուն ընդմէջէն կոչուած է հայ մարդը եւ տիպար հայորդին կազմաւորելու՝ ընդգծելով, թէ այս բանակումները եւս կու գան իրենց կարեւոր ներդրումը ունենալու։ Ան անդրադարձաւ անդարձ մեկնած միութեան բոլոր այն անդամներուն, որոնք ամէն բանէ վեր դասեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծաղկումը եւ անոր վսեմ նպատակները եւ որոնց ջանքերով այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.ը կենսունակ կը շարունակէ մնալ յունահայ գաղութէն ներս։ Ան շեշտեց մասնակցող բոլոր սկաուտներուն, թէ իրենց աչքերով հանգուցեալ անդամները կը դիտեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերելքը եւ պատուաբեր գործունէութիւնը։
Ապա տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը, որու ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց պատուիրակութեան դրօշակները եւ անդամները՝ իրենց խմբապետներով, ապա բարի երթ մաղթեց մեր սկաուտներուն։ Նաեւ, ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդներուն։
Ելոյթի աւարտին տեղի ունեցան հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ զրոյց։
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը այժմ արդէն կը գտնուի Հայաստան եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 11րդ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումին։
Թղթակից