­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպրե­վան­քը սփիւռ­քի այն իւ­րա­յա­տուկ կա­ռոյց­նե­րէն մին է, որ իր ու­սե­րուն վրայ բար­ձած է մար­դուժ մա­տա­կա­րա­րե­լու նո­ւի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւնն ու սրբա­զան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։
Անց­նող 87 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, Դպ­րե­վան­քը մնաց հա­ւա­տա­րիմ իր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին ըն­ծա­յա­բե­րե­լով հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ազ­գա­յին գոր­ծիչ­ներ եւ ու­սու­ցիչ­ներ։ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին վան­քին մէջ գոր­ծող Դպ­րե­վան­քը, այս տա­րի եւս, ա­ռա­ւել յանձ­նա­ռու­թեամբ եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բարձր գի­տակ­ցու­թեամբ, բո­լո­րեց իր կրթա­կան-ու­սում­նա­կան 87րդ ­տա­րեշր­ջա­նը։
Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս տա­րի 65ա­մեակն է Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին մատ­րան, Դպ­րե­վան­քի ա­մա­վեր­ջի հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի՝ 18 ­Յու­նիս 2017ի ե­րե­կո­յեան, Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին վան­քի շրջա­փա­կին մէջ գտնո­ւող հա­մա­նուն մատ­րան հո­վա­նիին ներ­քեւ, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ միա­բան հայ­րե­րուն, ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ Դպ­րե­վան­քի բա­րե­րար­նե­րուն, բա­րե­կամ­նե­րուն, ծա­նօթ­նե­րուն եւ Դպ­րե­վան­քի ա­ռա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­ցող ու սա­տա­րող հա­յոր­դի­նե­րուն։
Ա­մա­վեր­ջի հան­դէ­սը սկիզբ ա­ռաւ Դպ­րե­վան­քի քայ­լեր­գով, որ­մէ ետք բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Դպրե­վան­քի փոխ-տե­սու­չը՝ ­Գա­րե­գին Վրդ. Շխրտ­մեան։ ­Հայր ­Սուր­բը իր խօս­քին մէջ, բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք ներ­կա­նե­րուն, հեր­թա­բար ներ­կա­յա­ցուց յայ­տա­գի­րին ըն­թաց­քը։ Ա­ռա­ջին հեր­թին, խումբ մը դպրե­վա­նե­ցի­ներ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թիւն մա­տա­կա­րա­րե­ցին ներ­կա­նե­րուն՝ կի­թա­ռի կա­տա­րու­մով. որ­մէ ետք բեմ բարձ­րա­ցան այլ տա­ղան­դա­ւոր դպրե­վա­նե­ցի­ներ եւ ի­րենց տա­ղան­դը ար­տա­յայ­տե­ցին հայ բարձ­րո­րակ ե­րաժշ­տու­թիւն հրամց­նե­լով ներ­կա­նե­րուն՝ դաշ­նա­մու­րի ճամ­բով։ Ա­պա, Ա­ւե­տիս Սրկ. Ա­սա­յեան, յա­նուն ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան, եւ առ ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն ի­րենց ու­թա­մեայ խնամ­քին եւ հո­գա­ծու­թեան Դպ­րե­վան­քէն ներս, ըն­թեր­ցեց ու­ղերձ։ Ու­ղեր­ձի ըն­թեր­ցու­մէն ետք, դպրե­վա­նե­ցի­ներ հայ­կա­կան տու­տու­կին կա­տա­րո­ղու­թեամբ, ­Կո­մի­տա­սի հրա­շա­գործ յօ­րի­նում­նե­րով, դիւ­թե­ցին ներ­կա­նե­րը։ Ա­պա՝ Դպ­րե­վան­քի «Ար­մաշ» երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Դպրե­վան­քի հսկիչ ­Զա­ւէն Աբղ. ­Նա­ճա­րեա­նի, հայ մշա­կոյ­թի գո­հար­նե­րով եւ կրօ­նա­կան ու ազ­գա­յին եր­գե­րու շուն­չով ներշն­չեց հան­դի­սա­տես­նե­րը։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րէն ետք, բեմ բարձ­րա­ցաւ Դպ­րե­վան­քի տե­սուչ ­Պօ­ղոս Վրդ. ­Թինք­ճեան, որ­պէս­զի ներ­կա­յաց­նէ Դպ­րե­վան­քի տա­րե­կան տես­չա­կան տե­ղե­կա­գի­րը։ ­Հայր ­Սուր­բը իր խօս­քին մէջ ը­սաւ.- «Աս­տո­ւա­ծա­յին օգ­նա­կա­նու­թեամբ եւ երկ­նա­յին բա­րեխ­նամ տնօ­րի­նու­մով՝ մենք այ­սօր ա­կա­նա­տես կը դառ­նանք Դպ­րե­վան­քի 86 հա­տոր­նե­րէ բաղ­կա­ցած պատ­մու­թեան մա­տե­նա­շա­րին վրայ 87րդ ­հա­տո­րի մը յա­ւե­լու­մին։ ­Պարզ դպրո­ցա­կան հան­դէս մը չէ այս­տեղ կա­տա­րո­ւա­ծը, այլ՝ մար­դա­կերտ­ման ա­ռա­քե­լու­թեան հսկա­յա­ծա­ւալ պատ­մու­թեան վրայ իր տա­րե­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով ու ի­րա­գոր­ծում­նե­րով է­ջեր է, որ կ­՚ա­ւելց­նէ Դպ­րե­վան­քը»։
Ա­պա՝ տե­սուչ ­Հայր ­Սուր­բը բեմ հրա­ւի­րեց ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, որ­պէս­զի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին ձե­ռամբ ստա­նան ի­րենց դպրե­վան­քեան հո­գեմ­տա­ւոր կազ­մա­ւոր­ման ութ տա­րի­նե­րու ար­գա­սի­քը հան­դի­սա­ցող վկա­յա­կան­նե­րը։
Վ­կա­յա­կա­նաց բաշ­խու­մէն ետք, ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս վեր ա­ռաւ Դպ­րե­վան­քի լոյ­սի աղ­բիւր ըլ­լա­լու եւ լոյս ջամ­բող՝ հա­յա­կեր­տու­մի ու մար­դա­կեր­տու­մի կեդ­րոն ըլ­լա­լու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը յատ­կա­պէս շեշ­տեց.- «­Մար­դա­կեր­տու­մը եւ հա­յա­կեր­տու­մը սո­վո­րա­կան բա­ռեր չեն մե­զի հա­մար։ Ու­սում ջամ­բե­լը դիւ­րին է, սա­կայն մար­դուն մէջ մա՛ր­դը կեր­տե­լը, նկա­րա­գի՛ր կազ­մե­լը շատ դժո­ւար է, եւ ա­հա այս ա­ռա­քե­լու­թեան է լծո­ւած մեր Դպ­րե­վան­քը։ Այս օ­րե­րուն մա­նա­ւանդ, սփիւռ­քեան մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, մեր բո­լոր գա­ղութ­նե­րը, մար­դո՛ւ կա­րի­քը ու­նին։ Ո՛ւր ալ նա­յինք, ի՛նչ մա­կար­դա­կի վրայ ալ գտնո­ւինք, մար­դու­ժի պա­կա­սը միշտ ալ զգա­լի է։ Դպ­րե­վան­քը իր սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թեամբ այս բացն է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ կը փոր­ձէ լեց­նել, եւ այս ի­մաս­տով ­Հայ Ս­փիւռ­քը շատ բան կը պար­տի ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան»։
Օ­րո­ւան հան­դի­սու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ «Ի վեհ բար­ձանց» մաղ­թեր­գի եւ «­Կի­լի­կիա» քայ­լեր­գի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։ ­Յայտ­նենք, որ ներ­կա­նե­րը ստա­ցան Դպ­րե­վան­քի «Գ­լա­ձոր» տա­րե­գիր­քը, որ ար­տա­ցո­լա­ցումն է ու­սա­նող­նե­րու հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խա­տան­քին։