Կիրակի 2 Յուլիս 2023-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. պատարագին տեղի ունեցաւ դպիրի ձեռնադրութիւն, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի ձեռամբ։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, գնահատելով Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ նուիրեալ դպրապետ պրն. Քերոբ Էքիզեանի զաւկին՝ Կարէն Էքիզեանի եկեղեցւոյ մէջ հետեւողական ներկայութիւնը, առաւել եւս ծառայելու ոգին, որոշած էր զինք ձեռնադրել դպիր։
Ս. պատարագը մատուցեց հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հօր։ Երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, խմբավարութեամբ պրն. Քերոբ Էքիզեանի։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան եւ գնահատելի թիւով հաւատացեալներ։
Ս. պատարագի ընթացքին, քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը յատուկ զգեստաւորումով ատեանին մէջ բազմեցաւ իր գահին վրայ։ Իսկ Կարէն Էքիզեան Սրբազան հօր դիմաց ծունկի եկաւ, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն դպիրի աստիճան ստանալու։ Սրբազան հօր տնօրինումով, խարտաւիլակութիւնը ստանձնեց դպրապետ պրն. Քերոբ Էքիզեան։ Արարողակարգին համաձայն, ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը յատուկ աղօթքներով օգտագործեց մկրատը, Սաղմոսագիրքը, աւելը, բանալին, Ճաշոց գիրքը, Մաշտոցը, մոմակալը եւ բաժակամանը։ Այսպիսով ան արտօնութիւն տուաւ նոր ձեռնադրուող դպիրին, եկեղեցիէն ներս վերոնշեալ սպասները օգտագործելով իր ծառայութիւնը շարունակելու։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը ապա հանդէս եկաւ իր քարոզով։
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, թէ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ձեռնադրութեան իւրաքանչիւր առիթ, Ս. Հոգիի ներգործութեան եւ շնորհներու բաշխման առինքնող առիթ է։ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգերու համաձայն, եկեղեցական ծառայութեան նուիրեալները, պատահական անձեր չեն, անոնք եկեղեցւոյ իշխանութեան կողմէ ծանօթ, ընդունուած եւ օրհնութիւնը ստացած անձեր են։
Դպիրի ձեռնադրութիւնը, փոքր աստիճան ըլլալով հանդերձ, եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրեալներուն շարքին նոր շունչ եւ նոր սերունդի շարունակութեան ուրախութեան զգացումը կու տայ։ Կարէն Էքիզեանի դպիրի ձեռնադրութիւնը քանի մը ուրախալի երեւոյթներ կը պարզէ։
Եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրեալներու մէջ, պատանի Կարէնին մուտքը երէց սերունդին կողքին, նոր սերունդին պատրաստութեան եւ յաջորդութեան յուսալի երեւոյթ է։
Դպիր Կարէնին հայր ու եկեղեցւոյ դպրապետ Քերոբ սրկ. Էքիզեանի խարտաւիլակ ըլլալը, հօր դերակատարութեան խորհրդանշական գեղեցիկ պատկեր է, անձնական օրինակով քաջալերելու եւ առաջնորդելու իր զաւակը դէպի գաղութի կեանքի մասնակցութիւն։
Այսուհետեւ, դպիր Կարէնին յանձնառութեամբ պիտի լրանայ սուրբ պատարագի ընթացքին ճաշու ընթերցուածներուն բացթողումը, ընթերցողի պակասի պատճառով։ Եւ որուն իբրեւ տեսանելի արտայայտութիւն, ահաւասիկ ձեր բոլոր ներկայութեան, դպիր Կարէնին կը նուիրենք, մեր եկեղեցւոյ Կիրակի օրերու ճաշու ընթերցուածներու յատուկ գիրքը, որպէսզի ամէն Կիրակի պատրաստուած եւ վայելչօրէն կարդայ ընթերցուածները։
Այստեղ նաեւ տեսանելի կը դառնայ հայ դպրոցին դերակատարութիւնը մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Դպիր Կարէն շրջանաւարտ է Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային նախակրթարանէն։ Հայ դպրոցէն շրջանաւարտները պէտք է քաջալերել որ իրենց ստացած հայեցի դաստիարակութիւնը արդիւնաւորեն ազգային կեանքէն ներս։
Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցին իր ժողովուրդով, եկեղեցական, կրթական ու ազգային կառոյցներով ծանօթ է որպէս ազգային աւանդները եւ սկզբունքները պահպանող շրջան։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց եւ շնորհաւորեց Կարէնին՝ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ ընտանիքին միանալու ուրախալի երեւոյթը։ Ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց եւ գնահատեց Կարէնին ծնողքը՝ Քերոբ եւ Լուսի էքիզեանները, որոնք իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան աչալուրջ հետեւող մեր ծնողներուն մաս կը կազմեն։
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Կիրակի, 2 Յուլիսը մեր բոլորին համար յատուկ օր մըն է։ Այդ օր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձի օրն է։ Այդ ուրախ առիթով, Յունաստանի Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովի որոշումով, Թեմի մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս պիտի կատարուի «Հայրապետական մաղթանք»։ Ապա ան անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետի բեղուն ծառայութեան ու բացառիկ արժանիքներուն մասին։ Ան յատուկ կերպով արժեւորեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի հոգեւորականի, մտաւորականի, ուսուցիչի, աստուածաբանի, ազգային գործիչի, եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն ներս կարող համադրողի եւ միջազգային ամպիոններու վրայ ճարտար դասախօսի իւրայատկութիւնները։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, յանուն Յունաստանի Հայոց թեմին, քաջառողջութիւն եւ բեղուն ծառայութիւն մաղթեց Վեհափառ հայրապետին։ Ետքը, ան Ս. խորան բարձրացաւ եւ պատարագիչ քահանայ հօր հետ կատարեց «Հայրապետական մաղթանք»ի արարողութիւնը։
Ս. պատարագի աւարտին, ներկայ հաւատացեալները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Կարէն Էքիզեանը, մաղթելով բեղուն ծառայութիւն։ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդն ու Տիկնանց մարմինը եւս, իրենց կարգին շնորհաւորեցին Կարէնը եւ յանձնեցին անոր գեղեցիկ նուէր մը։
ԹՂԹԱԿԻՑ