Շաբաթ՝ 10 եւ Կիրակի՝ 11 Նոյեմբեր 2018ն, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար, եղան պատմական եւ աննախընթաց օրեր, յատկապէս ու մասնաւորաբար հոգեւոր սպասաւորման առաքելութեան նպատակով։ Այդպէ՛ս, Շաբաթ՝ 10 Նոյեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 6ին, հանդիսապետութեամբ թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն եւ ներկայութեամբ Թեսաղոնիկէի հայերու հոծ բազմութեան, տեղի ունեցաւ Կիրակնամուտքի Ժամերգութիւն։
Ժամերգութեան աւարտին, առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ զգեստաւորուած, խարտաւիլակութեամբ շըր-ջանի Հոգեւոր Հովիւին եւ նուիրեալներուն, թափօրով դուրս եկան եկեղեցւոյ աջակողմեան աւանդատունէն՝ մինչեւ Ատեան եւ Դաս, կատարելու դպրաց ձեռնադրութիւնը եկեղեցւոյ սպասաւորներէն Վահրատ Թէքօղլուի, Էտվին Զամպաքճեանի, Պատրիկ Մարուքեանի, Կարապետ Նատեանի եւ Պետրոս Հալաճեանի։ Սրբազան Հայրը յաջորդաբար վերոյիշեալ անձնաւորութիւններուն յանձնեց սկզբնական աստիճանները՝ Սաղմոսերգուներ եւ աւելածուներ, սաղմոսներու ընթերցանութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ եւ յորդորական աղօթքներով նուիրեալներու մազերէն խաչաձեւ կտրելով՝ երկրաւոր աշխարհիկ ցանկութիւնները հեռանալու նպատակով, ապա՝ յանձնեց Սաղմոսագիրքը եւ յորդորեց գիտակցօրէն հաւատալ ձեր երգածներուն եւ ձեր հաւատացածները գործով ցոյց տալու։ Ապա՝ յանձնեց յաջորդաբար դռնապանութեան, ընթերցողութեան, երդմնեցուցչութեան եւ ջահընկալութեան 4 աստիճանները՝ բանալիով եկեղեցւոյ դուռը աղօթքով բանալու եւ գոցելու, առաքելական գիրքերով տեղեկանալու Աստուծոյ խօսքին ու պատմելու զայն, Մաշտոցին մէջ գրուածները գոց սորվելու, մոմի աշտանակով՝ եկեղեցւոյ մէջ ջահերն ու կանթեղները վառելու եւ գինիի դատարկ բաժակամանով՝ Ս. Պատարագի գինին անոր մէջ լեցնելու։
Ապա՝ Պատրիկ Մարուքեանին յանձնեց ուրարակրութեան պաշտօնը՝ իր ուսին անցընելով եւ օրհնելով սուրբ ուրարը։ Վերջապէս, Էտվին Զամպաքճեանին եւ Կարապետ Նատեանին յանձնեց նաեւ կիսասարկաւագութեան պաշտօնը՝ անոնց ձախ բազուկին դնելով բազկուրարները, տալով դատարկ սկիհն ու մաղզման, Պատարագի լման զգեստ մը, շուշփայ մը եւ խորհրդատետրը՝ արթուն կերպով եւ զգուշութեամբ կատարելու զանոնք։
Աւարտին, թեմակալ առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր Հայրական Պատգամը փոխանցեց ներկաներուն ու յատկապէս նուիրեալներուն, որ այս փոքր աստիճաններով պիտի շարունակէք ձեր ծառայութիւնը մատուցել այս եկեղեցւոյ ու մանաւանդ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի Տիրոջ փառքը ձեր միջոցաւ հիւսուի։ Իւրաքանչիւր աստիճանի յանձնման պահուն՝ Սրբազան Հայրը մանրամասնօրէն լուսաբանեց, թէ ի՛նչ պէտք է ընել՝ պարտաւորութեանց գիտակցութիւնը առաւել եւս իրենց մէջ դրոշմելու։
Ապա՝ «Հայաստան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ օրուան նուիրեալներուն կողմէ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
***
Իսկ Կիրակի՝ 11 Նոյեմբեր 2018ի առաւօտեան ժամը 9։30ի Ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, ընթացք առաւ Առաջնորդական եւ Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագը։ Ս. Պատարագը մատուցեց թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը Էտվին Կիս. Սրկ. Զամպաքճեանի։
«Զի ողորմած…»էն անմիջապէս ետք, պատարագիչ Սրբազան Հայրը, «Ուրախ լեր…» երգեցողութեամբ, խնկարկեց հոծ բազմութեան եւ եկեղեցւոյ սպասաւորներու սաղմոսասածութեամբ եւ խարտաւիլակ Հայր Սուրբի օգնութեամբ, նուիրեալ Էտվին Կիս.Սրկ.ը ձախակողմեան աստիճաններէն ծնկաչոք մօտեցաւ ու բարձրացաւ Ս. Խորան՝ ստանալու սարկաւագութեան պաշտօնը։ Խարտաւիլակ Հայր Սուրբի եւ ձեռնադրող Սրբազան Հօր հարց ու պատասխանով, Էտվին Կիս.Սրկ.ը սարկաւագութեան պաշտօնին կանչուեցաւ եւ առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Աջով եւ աղօթասացութեամբ մօտեցաւ Ս. Սեղանին։ Յուզիչ պահը արդէն հասած էր, երբ նուիրեալը դէպի արեւմուտք դառնալով՝ դէպի ժողովուրդ, ձեռքերը վեր վերցնելով, ափերը բաց եւ ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ երեք անգամ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ…»ը երգելով դպրութենէ սարկաւագութեան կանչեց նուիրեալը՝ իր անձին եւ ամբողջ ժողովուրդին տուած վկայութեան համաձայն։ Ներկաներուն կողմէ երգուեցաւ «Արժանի է»։ Ապա՝ ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը իր ձեռքը դրաւ նուիրեալին վրայ եւ բոլորին յորդորեց աղօթել անոր համար, որպէսզի արժանի ըլլայ սարկաւագութեան իր պաշտօնը անարատ կերպով կատարելու Աստուծոյ Ս. Սեղանին առջեւ։
Շարունակուեցաւ Ս. Պատարագը՝ հասնելով մինչեւ «Ողջոյն…»։ «Ողջոյն…»ի ժամանակ, նուիրեալը դարձեալ ծունկի եկաւ առաջնորդ Սրբազան Հօր առջեւ, ստացաւ Տիրոջ ձեռքէն մաքուր եւ սուրբ ուրարը։ Ապա՝ թեմակալ առաջնորդ Սրբազան Հայրը յանձնեց Ս. Աւետարանը՝ զայն կարդալու, ինչպէս նաեւ բուրվառը՝ Ս. Պատարագի խորհուրդին ժամանակ խնկարկելու եւ անոյշ հոտ բուրելու։
Աւարտին՝ առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր Հայրական Պատգամը փոխանցեց, շնորհաւորելով բոլորը Շաբաթ օրուան դպրաց, ուրարի, կիսասարկաւագութեան եւ սարկաւագութեան պաշտօն ստացողներն ու անոնց հարազատները, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ նուիրեալներուն յորդորեց նո՛յն նախանձախնդրութեամբ ու բծախնդրութեամբ շարունակելու իրենց ծառայութիւնը հանդէպ Ս. եկեղեցւոյ, հայ ազգին ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն պայծառացման ի խնդիր։
Ս. Պատարագի աւարտին, Էտվին Սրկ. յանուն իր եւ Շաբաթ օրուան դպրաց եւ կիսասարկաւագաց պաշտօնները ստացող եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, իր սրտի խօսքը ունեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ Սրբազան Հօր, եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որ արժանի տեսան իրենց այս պաշտօնները յանձնելու եւ խոստացան առաւել եւս, նոր թափով ու եռանդով շարունակելու իրենց ծառայութիւնը։ Աւարտին՝ առաջնորդ Սրբազան Հայրը նուիրեալներուն յանձնեց մէկական գեղեցիկ խաչեր։
Ապա՝ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան, ինչպէս նաեւ օրուան նուիրեալին եւ կարգ մը անհատ կամաւորներու կողմէ, «Հայաստան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Այս ուրախ առիթով՝ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Թաղական Խորհուրդը, ինչպէս նաեւ շրջանի ազգային կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին բոլոր նուիրեալները, որոնք ստացան դպրաց, ուրարի, կիսասարկաւագաց եւ սարկաւագաց պաշտօնները՝ մաղթելով յաջողութիւն եւ բարի առաքելութիւն անոնց ծառայութեանց մէջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ