— «­Մեր եր­կի­րը, մեր հո­ղը մեր մայրն է, եւ աշ­խար­հում նրա­նից ա­ւե­լի քաղցր բան չկայ։ ­Սի­րէք նրան, ինչ­պէս սի­րում էք ձեր հօրն ու մօ­րը, ո­րով­հե­տեւ մեր հո­ղը մեր բո­լո­րիս ծնողն է»:

— «­Հայ­րե­նի­քի ա­նու­նից սխրանք­ներ գոր­ծել եւ հա­ւա­տալ յաղ­թա­նա­կին — ա­հա սա՛ է մեր ու­ժի աղ­բիւ­րը»։
— «Ես պա­տե­րազ­մին շատ եմ պէտք, ինձ գնդակ չի կպչի, իսկ ե­թէ զո­հո­ւեմ, միայն դա­ւա­դիր ա­կա­նից կը լի­նի»։

— «Ե­թէ զո­հո­ւեմ` զի­նո­ւած, մա­քուր հագ­նո­ւած կը գաք թաղ­մանս ու գլխիս տակ դա­շոյն կը դնէք, որ էն աշ­խար­հում էլ պայ­քա­րեմ»։

— «Ինչ­քան մենք ենք մեր ազ­գը սի­րում, գո­նէ մի փոքր էլ ազ­գը մեզ սի­րի»։
ԴՈՒՇՄԱՆ

Այ­սօ­րի­նակ գա­ղա­փար­նե­րով եւ ջեր­մե­ռանդ հա­ւատ­քով տո­գո­րո­ւած հե­րո­սա­կան հա­յոր­դի­նե­րու թան­կա­գին ա­րեամբ եւ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեամբ հայ ժո­ղո­վուր­դը նո­ւա­ճեց Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­մը։ Ա­նոնց ա­նե­րեր կամ­քին եւ ան­սա­կարկ անձ­նա­զո­հու­թեան ան­պար­տե­լի ու­ժով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը կեան­քի կո­չեց եւ կռա­նեց ի­րո­ղա­պէս ա­զատ ու ան­կախ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։
Ա­հա ա­զա­տա­մար­տիկ այդ հե­րո­սա­կան սե­րուն­դին ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քե­րէն է կրա­կի մկրտու­թեամբ ­Դուշ­ման ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւած ­Վար­դան Ս­տե­փա­նեա­նը, ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Մարտ 9ի այս օ­րը։
­Դուշ­ման ծնած է 1966ին, Ե­րե­ւան: ­Հիմ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է Ե­րե­ւա­նի ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի ա­նո­ւան թիւ 32 միջ­նա­կարգ դպրո­ցին մէջ, ուր ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւած է իր գե­րա­զանց յա­ռա­ջա­դի­մու­թեամբ, ինչ­պէս որ կը վկա­յեն կեն­սա­գիր­նե­րը:
­Ման­կու­թեան տա­րի­նե­րուն շատ ժա­մա­նակ ան­ցու­ցած է գրա­դա­րա­նի մէջ, ուր կ­’աշ­խա­տէր մայ­րը՝ տի­կին ­Զա­րու­հին: ­Վար­դա­նի ըն­թեր­ցում­նե­րուն ծան­րու­թեան կեդ­րո­նը ե­ղած են ­Չա­րենց, ­Թու­մա­նեան եւ ­Շի­րազ:
1983ին, ա­ւար­տե­լով դպրո­ցը՝ աշ­խա­տան­քի ան­ցած է Ե­րե­ւա­նի բուր­դէ գոր­ծո­ւածք­նե­րու գոր­ծա­րա­նին մէջ: 1984ին կա­մա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան ան­ցած է Աֆ­ղանս­տան տե­ղա­կա­յո­ւած խորհր­դա­յին բա­նա­կի կազ­մին մէջ: Ինչ­պէս ինք խոս­տո­վա­նած է հե­տա­գա­յին, ­Վար­դան իր բա­նա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան ժա­մա­նակ ե­րա­զած է տի­րա­պե­տել ռազ­մա­կան ա­րո­ւես­տի հմտու­թիւն­նե­րուն: ­Կար­ծէք կը նա­խազ­գար, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կը սպա­սո­ւէր պա­տե­րազմ մը, որ պի­տի ըլ­լար աֆ­ղա­նա­կա­նին չափ եւ ա­ւե­լիով դա­ժան ու ա­րիւ­նա­լի.
— «Աֆ­ղանս­տան ծա­ռա­յե­լու գնա­ցի կա­մա­ւոր, ու­զում էի լաւ կռո­ւել սո­վո­րել եւ կռո­ւե­ցի: ­Վատ զի­նո­ւոր չեմ ե­ղել եւ միշտ հա­ւա­տա­ցել եմ, որ մի օր ­Հա­յոց ­Բա­նա­կի զի­նո­ւոր եմ լի­նե­լու»…
­Զօ­րաց­րո­ւե­լէ ետք, ­Վար­դան ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­բա­նա­կան բա­ժի­նը: Ուս­ման նո­ւի­րո­ւած այդ ժա­մա­նա­կը շատ կարճ տե­ւեց սա­կայն։
1988ին բռնկե­ցաւ Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան շար­ժու­մը եւ 22ա­մեայ հա­մալ­սա­րա­նա­կա­նը, իր սե­րուն­դի «լա­ւա­գոյն տղերք»ի օ­րի­նա­կով, ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խեան պայ­քա­րին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման մե­րօ­րեայ շղթա­յա­զեր­ծու­մին յա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րէն դառ­նա­լով։
­Շարժ­ման ա­ռա­ջին իսկ փու­լե­րէն՝ ­Վար­դան ճա­նա­չում ու յար­գանք նո­ւա­ճեց ոչ միայն ա­զա­տա­մար­տիկ իր ըն­կեր­նե­րուն, այ­լեւ ժո­ղովր­դա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ։ Իր կեն­դա­նու­թեան իսկ դար­ձաւ բա­ռին բուն ի­մաս­տով ա­ռաս­պե­լա­տիպ հե­րոս։
­Նոյ­նինքն ա­զե­րի նա­խա­յար­ձակ­նե­րուն կող­մէ ան­մի­ջա­պէս «­Դուշ­ման» մակ­դի­րը ստա­ցաւ ­Վար­դան Ս­տե­փա­նեան՝ ռազ­մի ճա­կատ­նե­րուն վրայ իր քա­ջա­գոր­ծու­թեանց եւ մար­տու­նա­կու­թեան հա­մար։
Ար­ցա­խեան իր գոր­ծու­նէու­թեան սկզբնա­կան քայ­լե­րէն իսկ ­Վար­դան միա­ցած էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քին եւ գա­ղա­փա­րա­կան այդ պոր­տա­կա­պը մղում տո­ւաւ ­Դուշ­մա­նի հե­րո­սա­կան եր­թին։ Ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի դաշ­նակ­ցա­կա­նի ֆե­տա­յա­կան խո­յան­քը՝ ­Նի­կոլ ­Դու­ման­նե­րու եւ Հ­րայր Դ­ժոխք­նե­րու հա­րա­զատ ժա­ռան­գորդն ու մե­րօ­րեայ կեն­դա­նի ճա­ռա­գայ­թու­մը դառ­նա­լով։ ­Ֆե­տա­յա­կան այդ ներշն­չու­մով ալ ­Դուշ­ման չէր ծամծ­մեր բա­ռե­րը՝ երբ ընդվ­զու­մով կը խա­րա­նէր պար­տո­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը իր սերն­դա­կից­նե­րուն.
— «Ա­մօթ է այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րի հա­մար, ով­քեր գնում են ­Ռու­սաս­տան եւ դառ­նում այն­տեղ հնո­ցա­պան կամ մե­խա­նիկ: ­Թուր­քիան մեր դա­րա­ւոր թշնա­մին է, ո՞վ պէտք է դառ­նայ զի­նո­ւոր կամ սպայ, ո՞վ պէտք է կռո­ւի»:
­Դուշ­ման միայն 26 տա­րի ապ­րե­լու բախտ ու­նե­ցաւ. ե­րի­տա­սար­դա­կան իր լա­ւա­գոյն չորս տա­րի­նե­րը՝ 1988էն 1992, ան նո­ւի­րա­բե­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­թեան։
­Քա­ռա­մեայ այդ հե­րո­սա­պա­տու­մը ար­ձա­նագ­րուած ու ան­մա­հա­ցած է հա­մա­պա­տաս­խան գրա­կա­նու­թեամբ։ ­Դուշ­ման այն ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րէն է, ո­րուն մար­տա­կան կեն­սագ­րու­թիւնն ու մտա­ծո­ղու­թիւ­նը բաց եւ յա­ւերժ ու­սա­նե­լի գիրք են հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։ ­Նաեւ՝ մար­տա­կան իր ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ յղա­ցո­ւած եր­գե­րով եւ տե­սա­նիւ­թե­րով ան­մա­հա­ցան գործն ու կեր­պա­րը ­Վար­դան ­Դուշ­մա­նի, ո­րուն մօտ հայ­րե­նի հո­ղին պաշ­տա­մուն­քը ան­հուն եւ ան­սահ­ման է։
Ա­կա­նա­տես կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, թէ ձեռ­քով կը վերց­նէր բուռ մը հող եւ կ­’ու­տէր զայն՝ պա­հան­ջե­լով, որ նոյ­նը ը­նեն նաեւ իր մար­տիկ տղա­նե­րը: ­Յե­տոյ կը սկսէր խօ­սիլ՝ պատ­գա­մե­լով, որ «մեր եր­կի­րը, մեր հո­ղը մեր մայրն է, եւ աշ­խար­հում նրա­նից ա­ւե­լի քաղցր բան չկայ: ­Սի­րէք նրան, ինչ­պէս սի­րում էք ձեր հօրն ու մօ­րը, ո­րով­հե­տեւ մեր հո­ղը մեր բո­լո­րիս ծնողն է»:
­Դուշ­մա­նի քա­ռա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան եւ մղած հե­րո­սա­կան կռիւ­նե­րուն ա­ռաս­պե­լա­կան եր­կար շար­քէն կ­’ար­ժէ յի­շա­տա­կել ա­նոր վեր­ջին ա­միս­նե­րու քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան Ար­ցա­խեան պայ­քա­րի յաղ­թա­նա­կով պսա­կու­մին մէջ։
­Կը պատ­մեն, որ «1991ի ­Հոկ­տեմ­բե­րի 30ին, «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» ջո­կա­տի կազ­մում, ո­րի հրա­մա­նա­տարն էր Ա­շոտ ­Ղու­լեա­նը (­Բե­կոր), ­Դուշ­ման մաս­նակ­ցում է Լ.Ղ.Հ. ­Հադ­րու­թի շրջա­նի ­Տող գիւ­ղի ա­զա­տագր­ման մար­տե­րին: Այ­նու­հե­տեւ ­Վար­դա­նի ջո­կա­տը մտնում է ­Քա­րագ­լուխ գիւղ, ո­րը ադր­բե­ջան­ցի­նե­րի կող­մից ի­րա­կա­նա­ցո­ւած «Օ­ղակ» օ­պե­րա­ցիա­յի ար­դիւն­քում ա­ւե­րակ էր դար­ձել:
«­Վար­դա­նի տղեր­քի յա­ջորդ յաղ­թա­նա­կը Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ա­րո­ւար­ձան Կրկ­ժա­նի` ադր­բե­ջա­նա­կան ա­մուր յե­նա­կէ­տի ոչն­չաց­ման ուղ­ղո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւնն էր` 1992 թո­ւա­կա­նի ­Յուն­վա­րի 22ին: Կրկ­ժանն ու­ղիղ կապ ու­նէր ­Շու­շիի հետ, որ­տե­ղից թուր­քերն ա­նընդ­հատ մարդ­կա­յին ու ռազ­մա­կան հա­մալ­րում էին ստա­նում:
Կրկ­ժա­նի հա­մար մղո­ւող դիր­քա­յին մար­տե­րը տե­ւե­ցին ա­ւե­լի քան մէկ ա­միս եւ ա­հա ե­կել էր վճռա­կան յար­ձակ­ման անց­նե­լու պա­հը: ­Հայ­կա­կան գրո­հը սկսո­ւեց գի­շե­րը՝ եր­կու ուղ­ղու­թեամբ:
­Քա­րին ­Տա­կի յաղ­թա­նա­կը դար­ձաւ հայ­կա­կան ու­ժե­րի ա­ռա­ջին խո­շոր յաղ­թա­նա­կը Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մում: ­Սա դրեց հա­յե­րի ի­րար յա­ջոր­դող յաղ­թա­նակ­նե­րի սկիզ­բը:
«­Յա­ջորդ կա­րե­ւո­րա­գոյն յաղ­թա­նակ­նե­րից էին ­Խո­ջա­լո­ւի կրա­կա­կէտ­նե­րի ոչն­չա­ցու­մը ­Փետ­րո­ւա­րի 25-26ի գի­շե­րը եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նի ու Ս­տե­փա­նա­կերտ-Աս­կե­րան աւ­տօ-ճա­նա­պարհ­նե­րի բա­ցումն ու ա­զա­տագ­րու­մը ա­զե­րի­նե­րից: ­Գոր­ծո­ղու­թիւնն ի­րա­կա­նա­ցո­ւեց փայ­լուն կեր­պով եւ դար­ձաւ անգ­նա­հա­տե­լի յաղ­թա­նակ Լ.Ղ.Հ. մայ­րա­քա­ղա­քի ու շրջա­փակ­ման մէջ գտնո­ւող բնա­կա­վայ­րե­րի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մար:
«­Դուշ­մա­նը վստա­հու­թիւն էր ներշն­չում իր տղա­նե­րին: Ն­րա հա­մո­զո­ւա­ծու­թիւ­նը, որ հա­յե­րը ան­պայ­ման կ­’ա­զա­տագ­րեն Ար­ցախ աշ­խար­հի պատ­մա­կան ­Շու­շի մայ­րա­քա­ղա­քը, ո­գեպն­դում էր տղեր­քին: …­Հայ զէն­քի, հայ զի­նո­ւո­րի իս­կա­կան սխրան­քը դար­ձաւ հնա­մե­նի ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մը ադրբե­ջա­նա­թուր­քա­կան 72ա­մեայ գրա­ւու­մից:
Ա­նա­ռիկ բերդ յի­շեց­նող ­Շու­շի մտած ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րի մէջ ա­ռա­ջին­նե­րից էր Ա­շոտ ­Բե­կո­րի գլխա­ւո­րած ա­ռա­ջին՝ դաշ­նակ­ցա­կան վաշ­տը, ո­րի մէջ մտնում էր նաեւ ­Դուշ­ման ­Վար­դա­նի գլխա­ւո­րած խում­բը»:
­Մա­յիս 1992ի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ­Վար­դան ­Դուշ­ման գրո­հի մէջ ե­ղաւ՝ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու հայ­րե­նա­կեր­տու­մի մեծ խո­յան­քին յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րէն։ ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մէն ետք հա­լա­ծեց ա­նարգ թշնա­միի տա­կա­ւին դի­մադ­րող ու­ժե­րը եւ միշտ յաղ­թա­նա­կով պսա­կեց իր ձեռ­նար­կած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։
Այդ մթնո­լոր­տին մէջ ը­սո­ւած խօսք է ­Դուշ­մա­նի այն կան­խա­տե­սու­մը, թէ՝ «Ես պա­տե­րազ­մին շատ եմ պէտք, ինձ գնդակ չի կպչի, իսկ ե­թէ զո­հո­ւեմ, միայն դա­ւա­դիր ա­կա­նից կը լի­նի»։
Ինչ­պէս կ­’ը­սեն՝ մե­ծե­րը կը նա­խազ­գան գա­լի­քը…
Այդ­պէս ալ ե­ղաւ. ­Դուշ­ման զո­հո­ւե­ցաւ 1992 թո­ւա­կա­նի ­Յու­լիս 3ին, Ար­ցա­խի ­Միւ­րի­շէն գիւ­ղի մեր­ձա­կայ­քը, դա­ւա­դիր ա­կա­նի պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով… երբ իր ըն­կեր­նե­րուն՝ Ե­րո­յի (Ար­մէն Ե­րի­ցեան) եւ Ա­րա­յի­կի (Ա­րա Ա­ւա­գեան) հետ մար­տա­կան ա­ռա­ջադ­րանք կը կա­տա­րէին Լ.Ղ.Հ. ­Մար­տու­նի շրջա­նին մէջ։
­Դու­մա­նի կտակն էր.- «Ե­թէ զո­հո­ւեմ` զի­նո­ւած, մա­քուր հագ­նո­ւած կը գաք թաղ­մանս ու գլխիս տակ դա­շոյն կը դնէք, որ էն աշ­խար­հում էլ պայ­քա­րեմ»։
­Վար­դան ­Դուշ­մա­նի մար­մի­նը յանձ­նո­ւե­ցաւ իր այդ­քա՜ն սի­րե­լի հո­ղին` Ե­ռաբ­լու­րի մէջ։
­Դուշ­մա­նի օ­րի­նա­կով հա­յոց քա­ջոր­դի­նե­րը ի­րենց ա­րեամբ նո­ւա­ճե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին ար­դար ի­րա­ւուն­քը, որ­պէս­զի ազ­գո­վին մենք 21րդ ­դար եւ նոր ժա­մա­նակ­ներ մուտք գոր­ծենք յաղ­թա­հա­սակ՝ ամ­րա­պինդ մէջ­քով եւ բաց ու պայ­ծառ ճա­կա­տով։
Երբ ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ ­Շու­շին՝ ­Դուշ­ման ձայն տո­ւաւ հե­րո­սա­կան իր ու­ղին հար­թած ան­մահ ֆե­տա­յի­նե­րուն.
— ­Մեր պա­պեր, հա­յոց ­Շու­շին ա­զա­տագ­րո­ւեց, լոյս ի­ջաւ ձեր տա­ռա­պած հո­գուն, հան­գիստ ննջէք…
­Տար­բեր ա­ւանդ չէր կրնար կտա­կել ԴՈՒՇՄԱՆ մկրտո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յին, որ ա­ռի­թով մը ը­սած էր մօ­րը.
— ­Լաւ է քսան­հինգ տա­րի ապ­րել տղա­մար­դու պէս, քան տաս­նեակ տա­րի­ներ գո­յու­թիւն քարշ տալ…: ­Մար­մինս մի օր հո­ղը պի­տի մա­շի. թող որ ազ­գիս հա­մար մա­շեմ այն: